Վանօ Սիրադեղեանը արժանի՞ է Կոմիտասի անուան պանթէոն թաղուելու

վանո սիրադեղյան

Երեւանի Արշակունեաց փողոցին վրայ կը գտնուի Կոմիտասի անուան պանթէոնը: 1936ին, Կոմիտասի մահէն ետք, անոր աճիւնները տեղափոխուած են Հայաստան եւ թաղուած այս պանթէոնին մէջ, որ նախապէս ալ եղած էր գերեզմանոց, բայց արդէն վերանուանուած է Կոմիտասի անունով:

Այդ թուականէն սկսեալ այս պանթէոնը յատուկ նշանակութիւն ստացած է հայ կեանքին մէջ: Տարբեր ժամանակներ մշակոյթի, գիտութեան, արուեստի բազմաթիւ հռչակաւոր դէմքերու վերջին կայարանը հանդիսացած է: Իւրաքանչիւր հայու միտքին եւ ենթագիտակցութեան մէջ այս պանթէոնը դրոշմուած է ոչ իբրեւ սոսկական գերեզմանոց, այլ սրբավայր մը, ուխտավայրի համազօր սրբարան մը: Այս խորհուրդը պատահականօրէն չէ որ ձեւաւորուած է, այլ այնտեղ հանգչող մեծութիւններուն հանդէպ ժողովրդային սիրով, յարգանքի գիտակցութեամբ եւ մեծարումով: Այնտեղ կը հանգչին հայութեան ընտիր զաւակներէն հոյլ մը, Աւետիք Իսահակեան, Սերգէյ Փարաճանով, Հրաչեայ Ներսէսեան, Մհեր Մկրտչեան, Մարտիրոս Սարեան, Լէօ, Գոհար Գասպարեան, Սիլվա Կապուտիկեան եւ նման բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք անսակարկելիօրէն իրենց արուեստով եւ գիտութեամբ ծառայեցին Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին: Նմանօրինակ անձնաւորութիւններու ներկայութիւնն է որ այս պանթէոնին կուտայ յատուկ խորհրդաւորութիւն:

Անցնող քանի մը օրերուն համացանցին վրայ լուրեր տարածուեցան թէ մահացած է գրող եւ քաղաքական գործիչ Վանօ Սիրադեղեան: Այս լուրը հաստատուեցաւ անոր ընտանիքին կողմէ: Վանօ Սիրադեղեանը մահացած էր հոկտեմբեր 15ին:

Անոր մահը բաւական քննարկումի նիւթի վերածուեցաւ ընկերային ցանցերուն վրայ: Մասնաւորաբար շատ խօսուեցաւ ու գրուեցաւ անոր թաղման վայրին շուրջ: Անոր ջերմ համակիրները պաշտպանեցին այն թեզը թէ Վանօն արժանի է յուղարկաւորուելու Կոմիտասի անուան պանթէոնը: Այս թեզը առաջ տանողները կը վկայակոչեն Վանոյի գրական վաստակը, եւ իբրեւ լաւ արձակագիր պէտք է հանգչի իր գրչեղբայրներուն կողքը:

Ո՞վ է Վանօ Սիրադեղեանը:

Ծնած է 1946ին: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը, զբաղած է գրական գործունէութեամբ եւ հեղինակ է շարք մը գիրքերու: Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ եղած է: Հայկական Ժամանակ թերթին մէջ ստորագրած է նաեւ հրապարակախօսական յօդուածներ:

Սակայն Վանոյի անունը կը սկսի հանրաճանաչ դառնալ 1988էն յետոյ: Ան Ղարաբաղ Կոմիտէի անդամ է, աւելի ուշ` ՀՀՇի հիմնադիրներէն եւ մինչեւ անհետանալը անոր հիմնական պարագլուխներէն: 1991ին, Հայաստանի անկախութենէն ետք, Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն վարած է բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, եղած է երեսփոխան, 1992-1997 տարիներուն ներքին գործերու նախարար, նախագահի խորհրդական եւայլն: Տէր Պետրոսեանի հրաժարականէն ետք, անոր դէմ կը յարուցուի քրէական գործ, եւ անբացատրելի պայմաններու տակ ան կ’անհետահայ 2000 թուականի ապրիլ ամսուն եւ մինչեւ իր մահը մնաց հետախուզման մէջ:

Թէ իր գիրքերը որքան ճանաչում գտած են եւ իբրեւ գրող ո՞ւր կւ դասուի ան, եւ իր գրականութիւնը հայ գրականութեան գրադարանին մէջ ի՞նչ դիրք կրնայ գրաւել, այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները օր մը պիտի տան գրականագէտները: Ու եթէ ան մնար այս ծիրէն ներս, ապա անոր թաղման խնդիրը այդքան մելան պիտի չհոսեցնէր: Իբրեւ լաւ կամ վատ գրող պիտի թաղուէր պանթէոնին մէջ եւ ժամանակը մոռացութեան պիտի մատնէր ամէն ինչ:

Սակայն իբրեւ քաղաքական գործիչ, Վանոն ժխտական եւ հակասական կերպար է ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: Անկախ այն փաստէն թէ իր դէմ քրէական գործ յարուցուած է եւ տասը մեղադրանքներ կան անոր անձին վրայ, եւ եթէ պահ մը համարենք թէ այդ մեղադրանքները կը միտէին քաղաքականօրէն չէզոքացնել զայն, ապա նոյնիսկ կենդանութեան օրով ժողովուրդի որոշ հատուածի մը համար իբրեւ մարդ Վանօ Սիրադեղեանը բարոյազուրկ անհատականութիւն էր: Անոր մահուան լուրին տարածման հետ, այս մասին ալ շատ գրուեցաւ ընկերային ցանցերուն վրայ: Անհատներ սկսան պատմել իրենց տխուր յիշողութիւնները եւ յուշերը, որոնք միմիայն Վանոյի բացասական կերպարը կ’ուրուագծէին եւ կը մերժէին Վանօն յուղարկաւորել Կոմիտասի անուան պանթէոն:

Կոմիտասի անուան պանթէոնը պէտք է մնայ հայ ազգի արժանաւոր զաւակներու վերջին հանգրուանը: Վանոյի բացասական կերպարը եւ անոր ձգած տխուր յիշողութիւնները դեռ տասնամեակներ պիտի մնան ժողովուրդի հաւաքական գիտակցութեան մէջ եւ միայն այս փաստը բաւարար է որ Վանոն չհանգրուանէ այնտեղ: Անհատի բարոյական կերպարը կը ձեւաւորուի իր ապրած կեանքով որքան ալ ան տաղանդաւոր ըլլայ: Վանոն պէտք է գիտնար որ իբրեւ գրող-արձակագիր եթէ կը մտնէր քաղաքական դաշտ, ապա այնտեղ եւս պարտաւոր էր մնալ բարոյական այն բարձրութեան վրայ, որ թէ իբրեւ գրող ինքզինք չարժեզրկէր, եւ իբրեւ քաղաքական գործիչ դառնար բարոյականութեան կերպար եւ օրինակ ծառայէր ուրիշներու ալ բարձրանալու այդ պատուանդանին:

Ափսոս Վանոն գնաց երկրորդ ճանապարհով: Ան քաղաքական դաշտին մէջ դարձաւ վատահամբաւ, որով արժեզրկեց նոյնիսկ իր գրական վաստակը եւ նոյնիսկ եթէ իր դէմ հնչած բոլոր մեղադրանքները անհիմն են, ապա ան անջնջելի սեւ բիծ մը բերաւ իր անուան, որուն համար ան հեռու պէտք է մնայ Հայ Մեծերէն:

Մեծերու կողքին դասուելու առաջին նախապայմանը բարոյական մեծութիւն ունենալն է:

Մեկնաբանել