արդ եւս. Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր

արդ եւս. «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը` քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը: Այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը. արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը:

Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին, յատկապէս` սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը, կը հիմնուի նախորդ իրագործումներու եւ փորձառութիւններու վրայ: Հիմնարկութիւնը կը փափաքի խթանել զարգացումի, նորոգումի եւ ինքնութեան (վերա)կերտումի այս հոսանքները` առիթ ընծայելով, որ հայ ստեղծագործ միտքեր արտայայտուին որեւէ ձեւով, իրենց իսկ իրականութիւններուն համապատասխան առնչելի նիւթերով:

Կայ արեւմտահայերէնով ներգործուն եւ ժամանակակից մշակոյթ մը զարգացնելու անյետաձգելի պահանջը: Վտանգուած լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու առաջին նախադրեալը անով մշակոյթ ստեղծելն է. մշակոյթ, որ երիտասարդներուն կապուած է եւ անո՛նց կողմէ կը ստեղծուի: Հայ լեզուն եւ մշակոյթը չեն կրնար զերծ մնալ միջազգային հոսանքներէն, մանաւանդ երբ ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք համաշխարհային ուժականութեան յարացոյցերու փոփոխութիւններուն, թեքնաբանական սրընթաց նորութիւններուն, կենսոլորտային աղէտներուն եւ ինքնութիւններու զարգացման: Լեզուն ու մշակոյթը աշխարհին հետ շաղկապելու հրամայականը պիտի մղէ, որ անոնք մնան կենսունակ եւ առնչելի:

արդ եւս ծրագիրը պիտի խթանէ ստեղծագործ միտքերը` մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու:

արդ եւս ծրագիրը կը քաջալերէ որեւէ ստեղծագործ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն, կամ ներկայացում, ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է: Ծրագիրները կրնան ըլլալ միջգիտակարգային եւ դիմել արտայայտութեան զանազան միջոցներու, ներառեալ` գրականութիւն, երաժշտութիւն, տեսողական արուեստներ, նորարար հեռարձակումներ, ինչպէս եւ որեւէ այլ արտայայտութեան միջոց:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը:

Aztagdaily.com

Մեկնաբանել