Երուսաղէմի Սրբոց Հակոբեանց միաբանութիւնը իր անհամաձայնութիւնն է յայտնում «Կովերի պարտէզի» վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագրի առթիւ

Այսու գրով Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց ներքոստորագրեալ միաբաններս կը յայտնենք մեր անհամաձայնութիւնը «Կովերու պարտէզ»-ի տարածքին վրայ «եօթ աստղանի» հիւրանոց կառուցելու համաձայնագրի առնչութեամբ, որ ստորագրուած է 8 Յուլիս, 2021-ին, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի, Սուրբ Աթոռոյ Լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեանի, եւ Կալուածոց Տեսուչ Տ. Պա-րետ Ծ. Վրդ. Երէցեանի կողմէ:

«Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը ստորագրուած է առանց Տնօրէն եւ Միա-բանական ժողովներու քննարկման եւ վաւերացման, որը հակականոնական է, քանի որ այդպիսով անտեսուած է «Կանոն Միաբանական ուխտի» Յօդ. 67-ը, որը Տնօրէն Ժողովի իրաւասութեան ներքոյ կը դնէ կալուածներու տնօրինութեան հետ կապուած որեւէ որոշում, ինչպէս նաեւ անտեսուած է 2002, 2006 եւ 2015 թուականներուն Միա-բանական Ընդհանուր ժողովի կողմէ երիցս քուէարկութեամբ վաւերացուած եւ կանոն դարձած՝ «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համա-ձայնագիր կը վաւերացուի Տնօրէն Ժողովի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն Ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական Ընդհանուր ժողովին՝ վաւերացման հա-մար» որոշումը:

Աւելին՝ ըստ 2015 թ.-ին երիցս քուէարկութեամբ հաստատուած կանոնի «…մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստո-րագրուին նուազագույնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապահի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լու-սարարապետի, Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի եւ Կալուածոց Տեսչի կողմէ, իսկ քսան-հինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներունը՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, Տեղապա-հի կամ Պատրիարքական Փոխանորդի), Լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի Ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի Ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ Պատրիարք Սրբա-զան Հօր (կամ Տեղապահի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենապետի ստո-րագրութիւնները պարտաւորիչ են»:

«Կովերու պարտէզ»-ի համաձայնագիրը Պատրիարք եւ Լուսարարապետ Սրբա-զան Հայրերէն զատ ստորագրած է նաեւ Կալուածոց տեսուչը, որը հակառակ է վերը բերուած կանոնին. Կալուածոց տեսուչը երբեք իրաւունք չունի ստորագրելու 26-49 տարուայ որեւէ համաձայնագիր, առաւել եւս 99 տարուայ համաձայնագիր:

Վերոյիշեալ համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, Կալուածոց Տեսուչ Տ. Պարետ Ծ. Վրդ. Երէցեան, առանց Պատրիարք Սրբազան Հօր գիտութեան քանի մը յայատարա-րութիւններ հրապարակեց Պատրիարքութեանս ֆէյսպուքեան էջին վրայ, որոնց մէջ կը պնդէ որ՝ թէ՛ Տնօրէն Ժողովը եւ թէ՛ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը տուած են իրենց համաձայնութիւնը եւ օրհնութիւնը:

Այսու գրով կը յայտնենք, թէ այդ յայտարարութիւնները իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունին: Ո՛չ Տնօրէն եւ ո՛չ ալ Միաբանական ժողովները լուր ունեցած են այս գործարքէն: Սուրբ Աթոռոյս երկու գերագոյն մարմինները՝ Տնօրէն եւ Միաբանական ժողովները չեն քննարկած եւ ոչ ալ իրենց համաձայնութիւնն ու օրհնութիւնը տուած են վերոնշեալ համաձայնագրի ստորագրման համար:

Վանքին, Պատրիարքարանին եւ Ժառանգաւորաց Վարաժարանին ու Ընծայարա-նին կից հիւրանոցի կառուցումը պիտի մեծ անյարմարութիւններ ստեղծէ եւ խաթարէ Պատրիարքութեան եւ հոգեւոր կրթօջախի բնականոն կեանքը, գործունէութիւնն ու անդորրը՝ մեծապէս վտանգելով ապագայ մեր առաքելութեան իրականացումը:

Ամփոփելով կ’ուզենք յատուկ ընդգծել, որ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը համահայ-կական արժէք է եւ այն բոլոր դարերու ընթացքին եղած է համայն հայութեան ուշա-դրութեան եւ հոգածութեան ներքոյ: Անոր գոյութեան եւ պահպանման մէջ ներդրում ունեն ինչպէս Սուրբ Աթոռի անձնազոհ միաբաները՝ իրենց նուիրեալ ծառայութեամբ, այնպէս ալ ողջ հայ ժողովուրդը՝ իր բարոյական եւ նիւթական աջակցութեամբ: Հետե-ւաբար, այս սրբազան ժառանգութեան հետ պէտք է վարուիլ խիստ զգուշօրէն եւ բար-ձըր պատասխանատուութեամբ՝ միշտ պահելով Սուրբ Աթոռոյս Կանոնադրութիւնը, որպէսզի չվտանգուի անոր դարաւոր երթը եւ յաջորդ սերունդներուն ժառանգելը:

27 Հոկտեմբեր, 2021

Մեկնաբանել