Հայաստանի լրատուական դաշտը կը գտնուի ահաւոր դրութեան մէջ

Լրատուութեան նախահայրը լրագրութիւնն է, որ սկիզբ առած է 17րդ դարու սկիզբներուն: Ժամանակի ընթացքին այս մարզը եւս սկսաւ զարգանալ եւ վերածուիլ քարոզչական միջոցի: 20րդ դարու սկիզբի գիւտերը՝ ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ, ներառուեցան լրագրողական դաշտին մէջ եւ դարձան ազդու գործիքներ ժողովրդային խաւերուն տեղեկութիւններ փոխանցելու, հասարակական կարծիք ձեւաւորելու եւ ուղղորդելու քաղաքական, ընկերային-հասարակական եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

20րդ դարու երկրորդ կէսին, ստեղծուած լրատուական դաշտը արդէն վերահսկելի դարձած էր կառավարութիւններու եւ քաղաքական ուժերու կողմէ: Արդէն իսկ երկիրներու մէջ կը գործէին օրէնքներ այդ դաշտը կարգաւորելու եւ թէ պետութիւններու միջեւ եւ թէ երկիրներու ներսը ան կը ծառայէր քարոզչական պատերազմի: Լաւապէս հասկնալով անոր կատարած դերն ու նշանակութիւնը հասարակութեան վրայ, լրատուութեան տրուած էր Չորրորղ Իշխանութիւն անունը:

Շատ կարեւոր է մանաւանդ լուրին վերնագիրը կամ անոր ներկայացման ձեւը: Յաճախ լաւագոյն օրինակը կը բերուի ԹԻԹԱՆԻՔ նաւի ընկղման մասին սկովտիական թերթի մը վերնագիրը: Երբ աշխարհի բոլոր թերթերը մեծ վերնագիրերով կը գուժէին ԹԻԹԱՆԻՔԻ ընկղմիլը, այդ թերթը փոքր տառերով գրած էր ԹԻԹԱՆԻՔԸ ընկղմած, իսկ մեծ տառերով՝ 13 սկովտիացիներ մահացած:

Սակայն ամէն ինչ սկսաւ գլխիվայր շրջուիլ 20րդ դարու վերջերուն համացանցի գիւտին եւ անոր տարածման հետ: Ժամանակի ընթացքին տպագիր մամուլը սկսաւ թուայնացուած տարբերակով ալ «լոյս տեսնել», իսկ հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայանները նոյնպէս սկսան ունենալ համացանցային իրենց ալիքները:

Համացանցը նուազ ծախսալից եւ աշխատատար ըլլալով, սկսան յայտնուիլ անհատներու կամ փոքր խմբակ-խմբակցութիւններու պատկանող լրատուական կայքէջեր, որոնք արդէն վերահսկելի չէին դասական հասկացողութեամբ քաղաքական ուժերու կամ հոսանքներու կողմէ:

Շուրջ տասնամեակ մը առաջ համացանցի վրայ ստեղծուած ընկերային ցանցերը (ֆէյսպուք, թուիթըր եւայլն), առաջին հերթին դարձան լրատուական աղբիւրներու տարածման ծառայող միջոց, իսկ միաժամանակ այս էջերը ծառայեցին նաեւ ՊԼՈԿներու բազմացման եւ տարածման: Իսկ ներկայիս նոյնիսկ հաղորդակցութեան համար նախատեսուած ծրագիրները կը ծառայեն լուրերու կամ վերլուծական յօդուածներու տարածման:

Բջջային հեռախօսներու համացանցի տարածման հետ, լուրերու առատութիւնը աննախընթաց աստիճանի հասած է: Ամէն վայրկեան եւ ամէն տեղ լուր կայ:

Այստեղ ակնարկութիւնը միմիայն քաղաքական լուրերու մասին չէ:

Ի՞նչ պատկեր կամ վիճակ կը ներկայացնէ լրատուական դաշտը այսօր:

Այլեւս չկան լրատուութեան մենաշնորհ եւ վերահսկում: Մասնաւորաբար ընկերային ցանցերու տարածումով, դասական լրատուամիջոցներու դերը ոչ թէ նուազած է, այլեւ այլափոխուած է: Ընկերային ցանցի իւրաքանչիւր բաժանորդ ինք արդէն լրատուութեան միջքոցի մը վերածուած է եւ որքան շատ են անոր ընկերակիցներու (friend) քանակը, տուեալ անհատը այդքան հնարաւորութիւն ունի լուր մը տարածելու: Բնականաբար լրատուութեան համար ճշդուած օրէնքները այդքան ալ էական չեն այդ դաշտին մէջ: Այս իմաստով ընկերային ցանցերը դրական եւ ժխտական դերակատարութիւն ունին հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մէջ: Փաստ է անոնց գոյութիւնը, եւ անհրաժեշտութիւնը այստեղ ոչ թէ անոնց դէմ ուղղակի պայքարիլն է, ինչպէս կը փորձեն դասական լրատուուական աղբիւրներու վերահսկիչներ, այլ անուղղակի եւ կազմակերպուած աշխատանք տանիլ անոնց գործած աւերներուն դէմ:

Դժբախտութիւն է նաեւ այն իրողութիւնը, որ վերահսկուող լրատուամիջոցներու մէջ մեծ է թիւը անոնց որոնք ոչ միայն ճշգրիտ լուրեր չեն հաղորդեր, այլեւ շատ յաճախ լուրերը կը ներկայացուին աղաւաղուած կերպով, անոնք ըլլան գրաւոր տեղեկութիւն թէ ձայնագրութիւն կամ տեսագրութիւն: Մասնաւորաբար ձայնագրութեան կամ տեսագրութեան պարագային, արհեստագիտութեան բարիքներէն օգտուելով, անոնք յաճախ ընտրուած հատուածներ կը ներկայացնեն եւ իրականութիւնը ամբողջութեամբ կը շրջուի: Անոնց համակիրները ընկերային ցանցերով կը տարածեն այդ աղաւաղուած լուրը եւ աւերներ կը գործուի հասարակութեան մէջ:

Այստեղ ամէնամեծ դերը վերապահուած է լրագրողներուն: Անոնք որոնք սոսկական լրագրողներ են (հետազօտող), որոնք անմիջական կապն են լուրի աղբիւրին եւ ընթերցողին, պէտք է ունենան բարոյական բարձր յատկանիշ, որ իրենք լուրը փոխանցեն այնպէս ինչպէս կայ, առանց անհատական մեկնաբանութիւններու կամ լուրը շրջուած ձեւով ներկայացնելու փորձին:

Երկրորդ կարգը հետաքննող լրագրողներն են, որոնք կրնան մեկնաբանել լուրը եւ ընթերցողը կամ դիտողը կրնայ համոզուիլ-չհամոզուիլ կամ բաժնել-չբաժնել այդ մեկնաբանութիւնը: Այս կարգի լրագրողները պարտաւոր են լաւ տիրապետել իրենց մեկնաբանած նիւթին բոլոր ծալքերուն եւ բազմակողմանի զարգացում ունենալը նոյնպէս յաջողութեան գրաւական է:

Այսօր, Հայաստանի մէջ, լրատուական դաշտը կը գտնուի ահաւոր դրութեան մէջ: Իւրաքանչիւր լուր, քաղաքական կամ ընկերային, մարզական կամ այլ, կը ներկայացուի աղաւաղուած, առանց փաստարկումներու, զուտ ենթակայական եւ հատուածական տրամաբանութեամբ: Մէկ ձեռքի մատներու վրայ կը համրուին այն լրատուամիջոցները, որոնք կը փորձեն առաւելագոյն առարկայականութեամբ եւ անաչառութեամբ ներկայացնել որեւէ լուր:

Եւ այս ապառողջ իրավիճակը ծանր ազդած է հասարակութեան վրայ: Ամէն հարցի շուրջ հասարակութիւնը բեւեռացած է, անգիտանալով ճշմարտութիւնը:

Այս ախտագին վիճակէն դուրս գալու համար լրատուամիջոցները պէտք է վերադառնան իրենց իսկական առաքելութեան՝ փոխանցել լուրը առանց զգայացունց մեկնաբանութիւններու եւ առանց իրողութիւնները շրջելու:

Թող մեկնաբանները կատարեն իրենց գործը եւ հասարակութիւնը ըստ այնմ կողմնորոշուի:

Ճշգրիտ լրատուութիւնը կը բացառէ հասարակութեան բեւեռացումը, աւելին կը նպաստէ անոր զարգացման եւ ինքնակրթութեան:

Գէորգ Թորոյեան

Մեկնաբանել