Համբիկ Սասունեան կը գտնուի Հայաստան

Հայ ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ, Համբիկ Սասունեան յայտարարեց, որ ինք կը գտնուի Հայաստան: Կարդալ՝ ստորեւ.

Սիրելի հայրենակիցներ,

Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ ձեզի` Հայաստանէն։

Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողի վրայ, խմել հայրենի ջուրը, շնչել օդը եւ, զգալ ընտանեկան ջերմութիւնը։

Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մշտական քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում է ունեցած իմ դժուարագոյն օրերուս։

Խորին շնորհակալութիւններս կ’ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց որոնք նամակցած են, այցելած են եւ, ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ։

Վերջապէս հասած եմ տուն։

Սիրով`
Համբիկ Սասունեան

Մեկնաբանել