Անկախ Հայաստանը եւ Սփիւռքահայերը

Հիմա Հալէպի մէջ նստած կը յիշեմ եւ կ’արձանագրեմ, որ Ղարաբաղեան շարժումը սփիւռքահայերուն կողմէ թէեւ ուրախութեամբ ընդունուեցաւ, բայց նաեւ տարակուսանքով դիմաւորուեցաւ, մանաւանդ պաշտօնական Սփիւռքին կողմէ: Մեր դասական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները շտապեցին միասնաբար երթալ Երեւան եւ հեռատեսիլի կայանէն յորդորել ժողովուրդը դադրեցնել գործադուլն ու ցոյցերը: Անշո՛ւշտ, այս քայլին միակ պատճառը զգուշութիւնն էր եւ ոչ թէ Ղարաբաղի անկախութեան անցանկալի ըլլալը. Սփիւռքին համար անհասկնալի էին փէրէսթրօյքա եւ կլասնըսթ բառերը, մեզի համար Խորհրդային Միութիւնը տակաւին Սթալինեան բռնատիրութիւն կը բուրեր, մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ էին 1956-ի Պուտափէշթի արիւնայեղութիւնն ու Բրակայի 1968-ի ամրան շոգ ամիսները: Մենք մեզի կը մտորէինք.

-Եթէ Վարշաւայի Ուխտի երկիրներու գլխուն սուր ճօճեց խորհրդային բանակը, ապա ինչպիսի վայրագութեամբ կրնայ վարուիլ իրեն մաս կազմող եւ խժդժութիւններ յառաջացնող փոքր երկիր Հայաստանին հետ:

Այս մօտեցումը ճիշդ չընկալուեցաւ Հայաստանաբնակներուն կողմէ, որոնք նոյնիսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ յայտնի մտաւորականներուն գործադուլերն ու ցոյցերը դադրեցնելու յորդորներուն ականջ չէին տուած: Սփիւռքահայերը Հայաստանցիներուն կողմէ որակուեցան «Նարինջ ուտողներ», որոնց հանդէպ նախկին համակրանքը վերածուեցաւ … պիտի չըսեմ ատելութեան, բայց վիհ մը գոյացաւ հայութեան երկու մասերուն միջեւ, մանաւանդ, որ Ղարաբաղեան շարժման ղեկավարներէն ոմանք, բազմահազարանոց միթինկներու ընթացքին սկսան քամահրանքով խօսիլ սփիւռքահայերուն մասին:

Փաստօրէն Սփիւռքը գործօն մասնակցութիւն չունեցաւ Ղարաբաղեան ազատագրական շարժման մէջ, թէեւ հաւանաբար գաղտնօրէն կամ բացէ ի բաց նիւթապէս օգնեց: Երեւանի մէջ գտնուող շարժման մասնակից սփիւռքահայ ուսանողներուն թիւն ալ մատներու վրայ կարելի է հաշուել, անոնք դրականօրէն տրամադրուած դիտողներու դիրք մը գրաւած էին:

Շուտով եկաւ Մեծ երկրաշարժը: Սփիւռքը իր ամբողջ կարելին ըրաւ օգնելու հայաստանցիներուն: Սփիւռքահայը երեւանցիի մը չափ ցաւեցաւ Կիւմրեցիին եւ Սպիտակցիին հետ, բայց շուտով կրկին տարակուսանքը սողոսկեց անոր մտքին եւ սրտին մէջ. Հայաստանէն, Օգնութիւններու անարդար բաշխումի լուրերը խոշորացոյով կը դիտուէին Սփիւռքի մէջ եւ անվստահութիւն կը յառաջացնէին հայաստանցիին հանդէպ, սակայն անկախութեան յառաջացուցած ոգեւորութիւնը սփիւռքահայուն քով ժամանակաւորապէս ցրեց ամէն ժխտական մօտեցում Հայաստանի եւ հայաստանցիին հանդէպ, իշխեց հպարտութեան եւ նուիրուածութեան զգացումը: Սփիւռքահայը ամէն տեղ նիւթապէս սատարեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու բացման. տեղ-տեղ փողերախումբերու նուագակցութեամբ եւ պատշգամներէն տեղացող շաքարներու ընկերակցութեամբ ծիսակատարութիւն յիշեցնող բացման արարողութիւններուն մարդիկ կը շշնջային.

-Հայր, երանի ողջ ըլլայիր եւ տեսնէիր երազներուդ իրականացումը…:

Անվստահութիւնը վերադարձաւ երբ աւելի ուշ քանի մը սփիւռքահայեր փորձեցին գործ ձեռնարկել Հայաստանի մէջ եւ հանդիպեցան պետական մարդոց կաշառակեռութեան կամ գործընկերներու խաբէութեան, այս անհատական դէպքերուն գումարուեցան Գըրգ Գրիգորեանի յատկացումներու կորուստին մասին լուրերը: Միշտ ամէն ինչ խոշորացոյցով դիտուած:

Տեղի ունեցաւ նաեւ տհաճ միջադէպ մը, Լեւոն Տէր Պետրոսեան Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձը արտօնելու համար պահանջեց անոր անունէն «Յեղափոխական» բառին ջնջումը, որմէ ետք հեռատեսիլէն շապիկին թեւերը սոթթելով Հրայր Մարուխեանը արտաքսեց Հայաստանէն: Սփիւռքի մէջ կրկին սուր բնոյթ ստացաւ խորհրդային տարիներու Հայաստանի հանդէպ դիրքորոշման երկուութիւնը՝ հնչակեաններն ու ռամկավարները միշտ Հայաստանին հետ էին, դաշնակցականները՝ դէմ, նոյնիսկ, Քոչարեանի շրջանին, Հայաստանի դաշնակցութեան իշխանութեան մաս կազմելը գրեթէ չփոխեց դաշնակցականներուն դիրքորոշումը, հաւանաբար տարակարծութիւններ կային նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի դաշնակցական ղեկավարներուն միջեւ:

Ժամանակի ընթացքին Սփիւռքը փոխեց իր աշխարհագրական ներկայութիւնը ինչպէս նաեւ դիմագիծը: Նախ ըսենք, որ Ռուսիոյ գաղութը տակաւին որպէս «ներքին» գաղութ նկատուելով բացառութիւն կը կազմէ եւ որուն մասին շատ բան չենք գիտեր: Տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ապահովական անկայունութեան պատճառաւ դէպի արեւմուտք գաղթի հետեւանքով տկարացան Միջին Արեւելեան հայկական գաղութները, Եւրոպական երկիրներու մէջ յառաջացան նոր գաղութներ, Գանատայի գաղութը ստուարացաւ, ամենազօրաւորը դարձաւ Ամերիկայի գաղութը, որ սակայն չմնաց արեւմտահայ գաղութ, հոն մեծ թիւ կազմեցին Խորհրդային եւ ապա անկախ Հայաստանէն գաղթողները. Այս վերջինները տակաւին ինքզինքնին մինչեւ հիմա Հայաստանցի կը սեպեն եւ մօտէն կը հետաքրքրուին Հայաստանին կապուած բոլոր խնդիրներով, կը խառնուին նաեւ Հայաստանի ներքին հարցերուն, անոնց մէջ միշտ ալ կան իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր տարրեր, այսօրուան դրութեամբ փաշինեանականներ եւ հակայ փաշինեանականներ:

Անկախութեան տարիներուն Խորհրդային Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապերու Կոմիտէին փոխարինեց Սփիւռքի նախարարութիւնը, որուն գործունէութիւնը շատ նման էր սփիւռքեան մեր մշակութային կազմակերպութիւններու գործունէութեան, գումարած բազմաթիւ գնահատագրերու, մետալներու տեղի եւ անտեղի շնորհման: Ամենայն դէպս Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծապէս նպաստեց Սփիւռք-Հայաստան միակողմանի մօտեցման, որովհետեւ այս նախարարութիւնը աշխատեցաւ սփիւռքահայերը մերձեցնել հայրենիքին, իսկ հայաստանցիներուն մօտ ոչ մէկ աշխատանք տարաւ անոնց ծանօթացնելու Սփիւռքը: Ընդհանրապէս այդպէս եղած է, Հայաստանի իշխանութիւնները միշտ ճգնած են Սփիւռքը կապել Հայաստանին, անոնք երբեք հաշուի չեն առած հայաստանցիին տրամադրութիւնները սփիռքահայուն հանդէպ, այդ պատճառաւ ալ սփիւռքահայը անծանօթ, ուստի եւ օտար մնացած է հայաստանցիներուն համար:

Նշելի, ցաւալի կէտն այն է, որ հայաստանցի եւ սփիւռքահայ սովորական մարդիկ երբեք չեն ճանչցած զիրար, երբեք իրար հետ սերտ կապեր չեն ունեցած, բացառեալ այն ուսանողներէն, որոնք ամուսնացած են հայաստանցի աղջիկներու հետ, բայց նոյնիսկ այս պարագային, խնամի ընտանիքները իրար չեն մօտեցած, իրր հետ հայկական իմաստով խնամիական կապեր չեն հաստատած, աղջիկը դարձած է հարս, իսկ իր ընտանիքը հարսանեկան օրէն ետք օտար մնացած է փեսայի ընտանիքին:

Անկախութեան առաջին օրէն ալ, մեզ Հայաստանեան ներքին հարցերը շատ չեն հետաքրքրած. անշուշտ, մեզի համար կարեոր եղած է եւ է, ամէն մէկ ընտանիքի վիճակը, բայց Հայաստանը մեզ աւելի շատ հետաքրքրած է ընդհանուր առումով, այսինքն մեզի համար կարեւոր չեն եղած ընտրութիւններու օրինախատումները, շատ կարեւոր չեն եղած կաշառակերութիւնն ու աղքատութիւնը: Մեզի համար կարեւոր եղած է Անկախութիւնը, Արցախի ճակատագիրը, բոլոր ասպարէզներու մէջ աշխարհի հայ ախոյեաններ ունենալը, խաղաղութեան պահպանումը եւ եթէ տնտեսապէս լաւ ըլլալը՝ ապա.

-Հայաստանը շատ լաւ, շատ գեղեցիկ երկիր է, միայն թէ պէտք է գործ ունենաս հոն ապրելու համար…

Այսպէս էր մանաւանդ «Թաւշեայ Յեղափոխութիւն»էն ետք: Ոգեւորութիւնն ու լաւատեսութիւնը ինչպէս Հայաստանի, այդպէս ալ կը տիրէր Սփիւռքի մէջ, մինչեւ որ հասաւ Արցախեան չարաղէտ պատերազմը, որ քանդեց ամէն ինչ…

Հիմա, Արցախեան պատերազմէն ետք, դարձեալ Հալէպէն, կ’արձանագրեմ, որ Հայաստանցին ինքզինք այնքան ալ մօտիկ չզգար սփիւռքահայուն, Սփիւռքն ալ ինքզինք Հայաստանի՛ն մօտիկ կը զգայ եւ ոչ թէ Հայաստանցիին…

Ահա այս մասին պէտք է մտածեն մեր պատասխանատու այրերը…

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 30 Հոկտեմբեր 2021