41 Քոնկրեսականներ Կը Միանան Թուրքիոյ «Էֆ.16» Օդանաւերու Վաճառքը Խափանելու Ջանքին

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ 40 «Էֆ․16» ռազմական օդանաւեր ծախելու առաջարկին ընդդիմանալու համար Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Քրիս Փափասի, Քերոլայն Մըլոնիի եւ Կաս Պիլիրաքիսի առաջնորդութեամբ գրուած եւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին յղուած նամակին տակ ստորագրած են 41 քոնկրեսականներ, լուրջ մտահոգութիւն յայտնելով վաճառքին նկատմամբ։

Յունական, հայկական, հնդկական, քրտական եւ միջին արեւելեան կազմակերպութիւններ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին նշեալ նամակին, որուն մէջ կը շեշտուի, որ Անգարայի ներկայ վարչակազմը ոչ միայն հաւատարիմ դաշնակից չէ, այլ վտանգ կը սպառնայ՝ առնելով ՆԱԹՕի սկզբունքներուն հակադրող քայլեր։

Մեկնաբանել