Պարտութիւնը պէտք է ժողովուրդը մղէ ընդվզումի այլ ոչ ընկճուածութեան.Վահան Զանոյեան

Համաշխարհային մրցունակութեան եւ անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Վահան Զանոյեան Սիվիլնեթի «#Տրոփ» հաղորդումէն անդրադարձաւ մեր ներկայ իրականութեան մէջ անկախ ու բարոյական վարկ ու հեղինակութիւն ունեցող մտաւորականութեան բացակայութեան մասին։ Ան խօսեցաւ նաեւ քաղաքական առաջնորդութեան պակասի մասին՝ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ ընդդիմութեան։ Ես ինքս մեղաւոր կը զգամ մեր կրած պարտութեան համար։ Մեղքի բաժին ունինք բոլորս, իսկ պաշտօնի բերումով գլխաւոր պատասխանատուութիւն ունեցող անձը կը մերժէ ընդունիլ իր մեղքը, ցաւով կը նշէ Զանոյեան։

Մեկնաբանել