Ամերիկայէն Հայաստան փոխադրուիլը մէկ գիշերուան որոշում չէր. Վազգէն Բրուտեան

Եգիպտոսէն Հայաստան, Հայաստանէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուրկէ ահա դարձեալ Հայաստան փոխադրուած է ճարտարապետ, Ardēan Design կեդրոնի ղեկավար Վազգէն Բրուտեան։

Կեդրոնի ստեղծագործական արտադրանքը, արուեստի գործերը, ինչպէս նաեւ ճարտարապետութեան մէջ Վազգէնի կառոյցները իրենց ներշնչումը կը ստանան հայկական մշակութային ձեռակերտերէն։ Ան հայրենի աշխարհի գեղեցկութիւնները յայտնաբերելն ու զանոնք ըմբոշխնելը դարձուցած է իրկեանքի, իր առօրեայի անբաժանելի մասը։

Միացեալ Նահանգներու մէջ բարեկեցիկ կեանքի բոլոր յատկանիշներով ապրող Վազգէն Հայաստանի մէջ հոգեպէս ամբողջ կը զգայ, կեանքը՝ լրիւ իմաստաւորուած։

Մեկնաբանել