ԱՀԱԸ-ն 425,000 Տոլարի Նուէրներ Կը Ստանայ Արցախի Եւ Հայաստանի Մէջ Իր Ծրագիրներուն Համար

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) կը տեղեկացնէ, թէ 23 Հոկտեմբերին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի ունեցած ընկերակցութեան տարեկան ժողովի ճաշկերոյթին ընթացքին կատարուեցան երկու յատկանշական նուիրատուութեան մասին յայտարարութիւններ։

Արդարեւ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց, թէ Վըրճինիայէն Մանկիկեան ընտանիքը 300,000 տոլար տրամադրած է՝ փակելու համար Ստեփանակերտի մէջ ընկերակցութեան մանկապարտէզը հիմնովին նորոգելու եւ ընդարձակելու ծախսերը։ Պետրոս Մանկիկեանի անունով եւ 200 մանուկներ ընդունելու յարմարութիւններ ունեցող մանկապարտէզին բացումը տեղի պիտի ունենայ 2022ի աշնան։

Խանճեան նաեւ յայտարարեց, թէ Թորոնթոյէն Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեանները 125,000 տոլար նուիրեցին Վանաձորի մէջ գործող ընկերակցութեան «Շող» կեդրոնին, որ այսուհետեւ պիտի կոչուի Սարգիս եւ Հայկուհի Մարանճեաններու անունով։ Կեդրոնը արտադպրոցական կրթական սպասարկութիւններ կը մատուցէ կարիքաւոր ընտանիքներու զաւակներուն։

Ներկայիս, Հայաստանի մէջ, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հովանիին տակ կը գործեն չորս մանկապարտէզներ եւ 5 «Շող» կեդրոններ:

Մեսեչուսեցի մէջ, 1919ին հաստատուած Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ՝ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ 24 երկիրներու մէջ։

Մեկնաբանել