Երբ Խաղաղութիւնը Բարեհաճի Գալ… Ի՞նչ Ընենք

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցաւ մէկ տարի:

Պատերազմը աւարտեցաւ. նահատակներ, հողային կորուստ, քաղաքական ձախողութիւն, դիւանագիտական բոպիկութիւն, գերիներ, անզօր, տկար, գաղթական, վիրաւոր, հիասթափած ու յուսալքած:

Անցաւ մէկ տարի:

Նոր ընտրութիւններ, նոր Ազգային ժողով, նոր կառավարութիւն, նոր հրամանատարութիւն, նոր մարտահրաւէրներ, նոր զիջումներու մասին խօսք:

Անցաւ մէկ տարի:

Հայաստան-սփիւռք կապի թուլացում, միասնականութեան ոչ մէկ ճիգ, տարբեր որակումներ, արտագաղթ, վիրաւորներու հանդէպ անտարբերութիւն, գերիներու հանդէպ անորոշութիւն, արտաքին քաղաքականութեան ամայութիւն:

Անցաւ մէկ տարի:

Ղարաբաղի ճակատագիրը` անորոշ, Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձը` մինակ, ջուրի, հացի եւ կենցաղային լուրջ տագնապներ, մնալու եւ յարատեւելու անհորիզոն վիճակ:

Ի՞նչ ընենք:

Օր մը եթէ խաղաղութիւնը բարեհաճի գալ, ժամանակ անցնի եւ դիտենք ու դատենք, որ ո՛վ ինչ ըրաւ, կամ բոլորս միասին ի՞նչ ըրինք:

Ուզեցինք իրավիճակ փոխել եւ վերջ տալ պարտուողականութեան:

Միւս կողմէ շարունակուեցան բաժանարարութիւններն ու անհանդուրժողականութիւնը:

Պատմութիւնը անպայման ըսելիք պիտի ունենայ այս բոլորին պատճառ եղողներուն մասին:

Ո՞ւշ ենք:

Ո՛չ, ուշ չենք: Ուշ չենք, մանաւանդ երբ կասեցնենք հինը երազելէ եւ միեւնոյն ատեն կասեցնենք նորով գինովնալու սկզբունքը:

Հինին վերադարձ չկայ, բայց այսօրուան նորն ալ պէտք է գիտնայ, որ հաւաքական աշխատանքով միայն կրնանք ձեռքբերումներ ունենալ:

Իւրաքանչիւր խրամատի մէջ ինքզինք արտադրելու, վստահելիներով աշխատելու այս սկզբունքը պէտք է վերցուի:

Ուշ չենք:

Նոր անակնկալներ եւ նոր մարտահրաւէրներ ազգովին չենք կրնար դիմագրաւել այսպէս անմիաբան:

Ուշ չենք:

Մանաւանդ` մեր ազգային արժէքներու վերարժեւորումով, եկեղեցիով, դպրոցով, լեզուով, մշակոյթով մեր ինքնուրոյնութիւնը պահելով:Այսպէս կարելի է յարգել ինկած հերոսներուն յիշատակը: Միասնականութեան եւ ազգային արժէքներու արմատաւորումով: Այլապէս օրը պիտի գայ, եւ պիտի հարցնեն ձեզի, թէ ի՞նչ ըրիք:____________

«Ազդակ»

Մեկնաբանել