Աւոն վստահ է հայրենիքի մէջ իր յաջողութեան

Հայաստան վերադարձէս ետք, ընտանիքի անդամներու եւ հարազատներու հանդիպումի ջերմ մթնոլորտէն անմիջապէս վերջ, բնական մտածումս եղաւ ծանօթներու, բարեկամներու եւ ընկերներու հետ հանդիպումը: Եւ այսպէս երկրորդ օրն իսկ տեսնուեցայ Աւոյին հետ:

Աւոյի հետ իմ ծանօթութիւնը կը սկսի ֆէյսպուքով: Քանի մը տարի առաջ էր ընկերացանք վերոնշեալ ցանցին վրայ եւ հակառակ այն իրողութեան որ ան տարիքով ինձմէ շուրջ տասը տարի մեծ է, տարբեր հարցերու շուրջ մեր հայեացքներու նոյնութիւնը մտերմութիւն մը ստեղծեց մեր միջեւ: Ընկերոջ մը խանութիւն առջեւ հանդիպեցանք իրար եւ այդ օրուընէ ետք մեր տեսակցութիւնները դարձան յաճախակի: 2020 մարտ ամսուն ան եկած էր Հայաստան եւ շուրջ մէկ տարի մեր ծանօթութիւնը շարունակուեցաւ ընկերային ցանցին եւ հեռաձայնի միջոցով:

Աւոն համոզուած է որ Հայաստանը իր վերջին հանգրուանն է:

«Լաւ կամ գէշ, այս է մեր երկիրը», կ’ըսէ ան: Մէկուկէս տարի է անդադար փնտռտուքներու մէջ է, կ’ուսամնասիրէ, կը հարցնէ, կը պրպտէ, որպէսզի կարենայ գործ մը ստեղծել, նախ ապահովելու իր ընտանիքին կեցութիւնը եւ ապա իր նուազագոյն լուման բերելու հայրենիքի զարգացման: Յաճախակի այցելութիւններ կուտայ տարբեր գիւղեր եւ քաղաքներ, կը տեսակցի զանազան ոլորտի մասնագէտներու հնարաւորինս հասկնալու թէ ինչ գործ կարելի է ձեռնարկել: Ժամանակը յուսահատութեան չէ մատնած զինք, այլեւ կը հաւատայ որ անպայման պիտի յաջողի: Այս իմաստով վարակիչ է անոր անկոտրում կամքի ուժը եւ հաւատքը դէպի իր հայրենիքը:

Լաւապէս կը տիրապետէ ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն եւ ընթերցասէր ըլլալով կը հետեւի արդիականութեան հետ կապուած նորարարութիւններուն: Ծանօթ դէմք է ֆէյսպուքի վրայ եւ իր գրառումները յաճախ մտածելու տեղիք տուող միտքեր են: Յանդուգն է իր մատնանշումներուն մէջ, եւ կը մեկնի իր համոզումներէն, որոնք խարսխուած են իր մէջ տարիներու փորձառութիւններէն: Էութեամբ ազատական մարդ է եւ այդ շունչը կ’արտայայտուի անոր գրառումներուն մէջ, ուր ոչ մէկ կաշկանդում կամ կաղապարում կարելի է տեսնել; Իր այս ազատականութիւնը շատերու համար դուրեկան է, իսկ ոմանք կը քննադատեն զինք: Ըլլալով լայնախոհ եւ ազատ կարծիքի հաւատացող, ան հասկացողութեամբ կը մօտենայ այդ քննադատութիւններուն եւ եթէ սխալած է, ապա կ’ընդունի իր սխալը:

Բնականաբար նմանօրինակ յատկանիշներով օժտուած անհատ մը, ինչպիսին ինքն է, հաճելի զրուցակից է: Իր ընդհանուր զարգացածութեան շնորհիւ կարելի է հետը զրուցել ամէնատարբեր նիւթերու շուրջ, քաղաքական, ընկերային, կենցաղային եւ այլն:

Աւոն հաւատացողն է գիտութեան ուժին եւ կը հաւատայ որ Հայաստանի փրկութիւնը եւ յարատեւումը երկիրի գիտական ներուժը զարգացնելուն եւ բարձր մակարդակի հասցնելուն մէջ կը կայանայ: Այդ պատճառով ալ կը կարեւորէ կրթութիւնը եւ կ’ափսոսայ մեր երկիրի կրթական ասպարէզին պարզած վիճակին վրայ:

Աւոն նաեւ արուեստի եւ մշակոյթի սիրահար է: Մնայուն այցելու է թատրոնի, նկարչական կամ գիրքերու ցուցահանդէսներու, տարբեր տեսակի համերգներու եւ հիացմունքով կը խօսի արժանաւորներուն մասին: Կը գնահատէ մշակոյթի կամ արուեստի մէջ իւրաքանչիւր՝ թէկուզ փոքր նուաճում մը:

Իր քաղաքական համոզումներուն մէջ, ան իրատեսական մօտեցում ունի: Ամբոխավարական լոզունգները չեն համոզեր զինք: Կը հաւատայ գործին եւ անոր արդիւնքին: Չի հաւատար մեծամտական խօսքերու, հայկականութիւնը գերագնահատելու (հայերը խելացի են, հայերը ամէնէն հին ազգն են եւայլն) ոմանց ճիգը կը նկատէ անհեթեթութիւն

Իսկ հայրենադարձութիւնը կը համարէ Հայաստանի փրկօղակներէն մէկը: Քանի մը օր առաջ միասին կ’անցնէինք օփերայի կողքով, ան հիացմունքող ըսաւ. «Տես որքան գեղեցիկ է մեր երկիրը» , ապա աւելցուց. «այս է մերը, ոչ Պուրճ Համուտը, ոչ Լոս Անճելոսը, ոչ ալ Մոնթրէալը մերն են. Սա է մերը, պիտի պահենք եւ զարգացնենք»:

Հաւանաբար հարց ծագի թէ Աւոն ժխտական կողմեր չունի՞: Բնականաբար իբրեւ մարդ անպայման որ ունի, սակայն ինծի համար իբրեւ երէց ընկեր, ես զանոնք չեմ ուզեր տեսնել: Որովհետեւ ան ինծի համար հայրենասիրութեան օրինակ մըն է: Յաճախ կը տեսնուիմ եւ տարբեր նիւթերու շուրջ կը զրուցենք եւ ամէն անգամ որ դիմեմ իր խորհուրդին, կը հասկնամ որ անկեղծութեամբ կը պատասխանէ։ Ան շատ հեշտութեամբ կրնար երթալ արեւմուտք եւ հանդարտ ու անտարտ ապրիլ: Ան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք, ապրիլ հայրենիքի հոգսերով, տագնապներով եւ դժուարութիւններով եւ իր համոզումը անձնական օրինակով կու տայ. Հայաստանին սատարելու ամէնէն կարեւոր քայլը այս հողին վրայ ապրիլ եւ ստեղծագործելն է:

Մեկնաբանել