Հայաստանի Մէջ Վեթերաններու Հիւանդանոց Կառուցելու Ծրագիրին Ի Նպաստ Հաւաքուեցաւ 425,000 Տոլար

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Ընտանիքի Օգնութեան հիմնադրամի տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Վեթերաններու օրը՝ 11 Նոյեմբերին, Grand Venue սրահին մէջ. անիկա նուիրուած էր հայրենիքի պահապաններուն եւ յատկապէս՝ Հայաստանի մէջ վեթերաններու հիւանդանոց մը կառուցելու ծրագիրին։

Վեթերաններու հիւանդանոցը կառուցելու ծրագիրը իրականացնելու համար, Ընտանիքի Օգնութեան հիմնադրամը կը համագործակցի «Զինուորի Տուն» վերականգնողական կեդրոնին հետ։

11 Նոյեմբերի ձեռնարկը ի մի բերաւ հարիւրաւոր համակիրներ, որոնք կը զօրակցին այս ծրագիրին։ Անոնք վայելեցին կատարումները շարք մը յայտնի արուեստագէտներու, ինչպէս՝ Արմէնչիք, Արթուր Խաչենց, Ալինա Արուստամեան, Լիլու, Արամ Այրումեան, Կարօ Այրումեան եւ Թաթա Սիմոնեան։

Նաեւ տեղի ունեցաւ շարք մը արուեստի գործերու, ներառեալ 44օրեայ պատերազմի վեթերաններու ստեղծագործութիւններու եւ Շուշիի մէջ արտադրուած գորգի մը աճուրդը։

Asbarez.com

Մեկնաբանել