Լիբանանահայ ընկերներ կը ծրագրեն Հայաստան հաստատուիլ

Իւրայատուկ եւ անբացատրելի զգացում մը կ’ունենամ ամէն անգամ երբ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կը հանդիպիմ ծանօթներու, բարեկամներու կամ ընկերներու, որոնց վարժութիւնը ունեցած եմ տեսնել Լիբանանի մէջ. հին օրերու առթած յուշերու քաղցրութեան հետ, տարօրինակ ջերմութեամբ մը կը լեցուիմ:

Ահա այսպիսի զգացումներով հանդիպեցայ վաղեմի ընկերներ՝ Խաժակին եւ Գէորգին, որոնք պտոյտի համար եկած են Հայաստան:

Խաժակին եւ Գէորգին հետ ծանօթութիւնս կը սկսի 1990ականներէն: Կարելի չէ ըսել որ մտերիմ ընկերներ ենք, բայց իւրայատուկ կապ մը կայ մեր միջեւ, հաւանաբար կուգայ մեր միեւնոյն գաղափարական դպրոցէն, եւ ամէն անգամ երբ Այնճար այցելէի, անպայման կը հանդիպէի մէկուն կամ միւսին եւ յաճախ երկուքին միասնաբար:

Խաժակը հանրաճանաչ անուն է մասնաւորաբար ֆէյսպուքահայութեան: Իրեն ծանօթ թէ անծանօթ մարդիկ կիրակի օրերը անհամբեր կը սպասեն անոր սրամտութեամբ լեցուն գրութիւն-յօդուածներուն: Անոր գրութիւնները կը շօշափեն հայ կեանքէն ներս գոյութիւն ունեցող բազմապիսի երեւոյթներ, եւ ինքնաքննադատական ոճով եւ իրեն յատուկ հիւմըրով ան կը ձաղկէ մեր կեանքի յոռի բարքերը, սովորութիւնները:

Գէորգը հասարակութեան ծանօթ անուն չէ, բայց Խաժակին նման ըմբոստացող հոգի ունի եւ իրար լաւապէս հասկցած են:

Անոնց առաջին այցելութիւնը չէ Հայաստան: Խաժակը կարելի է համարել տեղացի: Ան իր մասնագիտական ուսումը ստացած է այստեղ; Իսկ Գէորգը յաճախ կուգայ Հայաստան:

Բայց այս անգամ պտոյտի կամ սոսկական ժամանցի համար չեն եկած:

Մեր հանդիպումը կայացաւ հին հարազատներ վերագտած ըլլալու մթնոլորտի մէջ: Ցաւով իրենց յիշեցուցի թէ մեր վերջին հանդիպումը Լիբանանի մէջ եղած էր Շուշիի անկման եւ Նոյեմբեր 9ի պարտուողական համաձայնագիրի ստորագրման օրը:

Առաջին վայրկեաններու ողջագուրման եւ ընկերական հարց ու պատասխաններէ ետք, մեր խօսակցութիւնը առաջին հերթին տեղափոխուեցաւ մեր ծննդավայրը՝ Լիբանան: Հակառակ որ լաւապէս տեղեակ եմ լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ անոր իբրեւ հետեւանք ընկերային ծանր իրավիճակին, որուն մատնուած է առհասարակ լիբանանցի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ մեր գաղութը, բայց եւ այնպէս ցաւով մտիկ կ’ընեմ անոնց «զեկուցում»ին: Այնճարի բնակիչներ ըլլալով, անոնց մեծագոյն մտահոգութիւնը իրենց համագիւղացիներուն խնդիրներն են: Այդ խնդիրներէն գլխաւորը ձմրան եղանակին տուներու տաքացումն է, որուն ծախսը հասարակ լիբանանցի քաղաքացիին կարողութենէն շատ բարձր է, գրեթէ` անմատչելի: Իրաւացիօրէն լաւատես չեն երկիրին ոչ ներկայ իրավիճակէն, ոչ ալ ապագայէն:

Եկած են ուսումնասիրելու գործի կարելիութիւններ: Երկուքն ալ որոշած են անպայման տեղափոխուիլ հայրենիք եւ ինչպէս իրենք ըսին, որքան շուտ այնքան լաւ, բայց ոչ հապճեպ:

Հայրենիք հաստատուելու մասին խօսելով, երեքս ալ համամիտ գտնուեցանք այն միտքին, որ դժբախտաբար վերջին երեսուն տարիներուն դէպի հայրենիք վերադառնալու յստակ քաղաքականութիւն չէ եղած, ոչ ալ ուղղորդում, ցուցմունք կամ քաջալերանք եղած է այդ մասին մտածողներուն: Բոլոր անոնք, որոնք եկած եւ հաստատուած են Հայաստան, ինքնագլուխ, անհատական նախաձեռնութեամբ եղած է: Եւ այս ցաւալի փաստը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, հակառակ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի անկայուն իրավիճակին եւ մշուշոտ ապագային:

Վստահաբար կարելի է ըսել որ Գէորգն ու Խաժակը բացառութիւններ չեն: Իրենց նման հայրենիք վերադառնալու եւ հաստատուելու ցանկութիւն ունեցողներու մեծ թիւ մը կայ, որուն հաւանաբար կը պակսի հիմնականը՝ աշխատանք ապահովելու խնդիրը: Եւ հակառակ այս անորոշութեան եւ դժուարութեան, վերջին ամիսներուն Լիբանանի տնտեսական ահագնացող տագնապին առընթեր, հայրենիք վերադաձողներու մեծ հոսք մը կայ: Շաբաթական դրութեամբ կը լսեմ կամ պառահաբար կը տեսնեմ տարբեր տարիքի եւ տարբեր շրջանակներէ անձեր, որոնք հաստատուած են այստեղ, որոշ ապահովութիւն մը ստեղծած են եւ գոհ են այստեղի կեանքէն:

Հայաստանը դժուար երկիր է եւ չի նմանիր մանաւանդ արեւմտեան երկւրներու, ուր բարձր աշխատավարձքով աշխատանք գտնելը աւելի հեշտ է եւ ուր կենցաղային պայմանները աւելի բարենպաստ են: Բայց եւ այնպէս, հողի կանչը եւ հայրենիքի մէջ ապրելու եւ ստեղծագործելու ազգային գիտակցութիւնը շատ-շատերուն կը բերէ այս ափերը:

Վստահ եմ որ Գէորգը եւ Խաժակը, ինչպէս իրենք ըսին, ուշ կամ կանուխ պիտի հաստատուին Հայաստան: Այն ինչ, թէ հայրենի եւ թէ սփիւռքի մեր ղեկավարութիւնը թերացաւ անցնող երեսնամեակին, կը սրբագրուի այսօր: Հայրենիքի վերաբնակեցումը պէտք է անջատել քաղաքական տարակարծութիւններէ եւ բոլորով լծուիլ երկիրին մէջ ստեղծել պայմաններ որոնք կը նպաստեն հայրենադարձութեան: Հայրենադարձուողներուն հիմնական երկու դժուարութիւններն են կեցութեան վայրի ապահովումը եւ աշխատանք գտնել: Սփիւռքեան կառոյցները համագործակցելով Հայաստանի կառավարութեան եւ մասնաւորաբար սփիւռքի նախարարութեան հետ, կարելիութիւն կ’ըլլայ առնուազն կեցութեան խնդրի լուծման միջոցները գտնել:

Մեկնաբանել