Հայ Դատը Մեծարեց Դոկտ. Արման Թաթոյեանը

21 Նոյեմբերին առաւել քան 300 գործիչներ, համայնքային ղեկավարներ, պետական պաշտօնատարներ եւ նուիրատուներ իրենց մասնակութիւնը բերին «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի յատուկ ձեռնարկին, որուն ընթացքին կազմակերպութեան «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» մրցանակը շնորհուեցաւ Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանին, հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով անոր տարած աշխատանքին համար։

Հայ Դատը Թաթոյեանը Քալիֆորնիա հրաւիրած էր երկու շաբաթեայ շրջապտոյտի մը համար, որուն ընթացքին ան հանդիպումեր ունեցաւ համայնքային կազմակերպութիւններու, պետական պաշտօնատարներու, մտաւորականներու, տեղական եւ ազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ, տեղեկութիւններ փոխանցելով Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին, կեդրոնանալով յատկապէս Հայաստանի սահամններէն ներս ատրպէյճանական նորագոյն ոտնձգութիւններուն եւ հայ գերիներու դիմագրաւած չարչարանքներուն վրայ։

Քալիֆորնիոյ մէջ Հայ Դատի յանձնախումբին սկսած համայնքային խորհրդաժողովներուն տասնամեակին առիթով տեղի ունեցած նշեալ ճաշկերոյթէն անմիջապէս առաջ, Թաթոյեան մասնակցեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը, տեղական եւ համայնքային լրատուամիջոցներուն վերջին տեղեկութիւնները փոխանցելով 16 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ատրպէյճանական յարձակումին մասին, որուն պատճառով առնուազն 8 հայ զինուորներ զոհուեցան եւ քանի մը տասնեակ ուրիշներ գերի բռնուեցան։ Ան նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ պատերազմի գերիներու իրավիճակին եւ անոնց ազատ արձակումը ապահովելու ջանքերուն մասին, որոնք կը տարուին յատկապէս Արդարադատութեան միջազգային ատեանին միջոցաւ։

Այնուհետեւ, ճաշկերոյթը սկսաւ պանդոկին պարտէզին մէջ, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմէն Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի բացման աղօթքով։ Բացման խօսքը արտասանեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Լինա Դաւիթեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ պատուոյ հիւրերուն։

Ապա ցուցադրուեցաւ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան նուիրուած տեսանիւթ մը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ համաճարակին ընթացքին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումին հակադարձելու քաղաքական եւ համայնքային ջանքերը եւ Հայկական Հարցը յառաջ մղելու աշխատանքը։

Տեսանիւթը նաեւ տեղեկութիւններ կը պարունակէր համաճարակէն տուժած համայնքին աջակցութիւն ապահովելու, ինչպէս նաեւ հայութիւնը քուէարկելու մղելու, հայութեան իսկա-կան թիւը արձանագրել տալու՝ Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերուն մասին։ Հոն նաեւ կը պատմուէր Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին յաջող աւարտին մասին։

Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան բեմ բարձրանալով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպութեան նեցուկ կանգնող բոլոր նուիրատուներուն եւ յատկապէս՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, որոնք անվերապահօրէն կը շարունակեն քաջալերել Հայ Դատի գործունէութիւնը։

Իր պատգամին մէջ, Յովսէփեան շեշտեց, թէ համայնքը իր ջանքերը պէտք է կտրուկ կերպով կեդրոնացնէ հայութեան ապահովութիւնը երաշխաւորելու առաքելութեան վրայ։

«Իսկապէս մութ օրերու մէջ է 4000ամեայ պատմութիւն ունեցող հայ ժողովուրդը, բայց պատմութիւնը մեզի ցոյց տուած է, թէ լոյսը դարձեալ պիտի փայլի, մինչ մենք պէտք է մնանք զգօն, գործունեայ եւ նախաձեռնող։ Այս լոյսը կրնայ հեռու թուիլ, բայց գիտենք, որ հոն է։ Այդ լոյսն է, որ մեզ կը մղէ պայքարելու ի սպաս մեր Դատին, որովհետեւ տեղի տալու ընտրանքը չունինք եւ որովհետեւ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի մեր զօրակցութեան, որեւէ մէկ ժամանակէ աւելի», յայատարարեց Յովսէփեան՝ աւելցնելով. «Ցնցուած ենք պատերազմէն եւ անոր ողբերգական հետեւանքներէն, իսկ մեր ազգային պատիւը վիրաւոր է ու շատերս անդամալուծուած կը զգանք։ Սակայն պէտք է վեր բարձրանանք այս մոխիրէն, ինչպէս, որ մեր նախահայրերը յաջողեցան ընել Ցեղասպանութենէն ետք։ Պայքարը պէտք է շարունակենք, մինչեւ հասնինք յաղթանակին, որքան ալ երկար տեւէ այդ պայքարը, որովհետեւ մեր ամէնամութ օրերուն է, որ պէտք է կեդրոնանանք, տեսնելու համար այդ լոյսը»։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատգամէն ետք ցուցադրուեցաւ օրուան մեծարեալին՝ դոկտ. Թաթոյեանի կարեւոր իրագործումները ամփոփող տեսանիւթ մը, որուն մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան 2016ի քառօրեայ պատերազմէն ի վեր Ատրպէյճանի ի գործ դրած բռնարարքները, պատերազմական ոճիրները, սահմանային գիւղերուն բնակիչներուն վրայ յարձակումները, սահմանային խախտումները եւ հայ գերիներու խոշտանգումները վաւերագելու աշխատանքը, որ հիմնաքարը կը դառնայ միջազգային արդարադատութենէն հաշուետուութիւն պահանջելու ջանքերուն։

Ապա, կազմակերպութեան «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» մրցանակը յանձնեց դոկտ. Թաթոյեանին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան փոխատենապետ իրաւաբան Ռաֆֆի Գասապեան, որ նաեւ արտայայտուեցաւ արդարութիւնը հետապնդելու Թաթոյեանի աննկուն ջանքերուն մասին, հակառակ անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն։ «Դոկտ. Թաթոյեան դարձած է քաջութիւնը մարմնացնող անձնաւորութիւն մը, որովհետեւ մինչ կառավարութեան անդամները կը նախընտրէին աչք փակել իրաւանց ոտնահարումներուն առջեւ, դոկտ. Թաթոյեան շարունակաբար հաշուետուութիւն կը պահանջէ յարձակումները իրականացնող վարչակազմէն։ Նաեւ, մինչ ուրիշներ կ՛ընդունէին 44օրեայ պատերազմի պարտութիւնը, դոկտ. Թաթոյեան միջազգային համայնքին մօտ ահազանգ կը հնչեցնէր, արդարութիւն պահանջելով։ Իսկ երբ Ատրպէյճան փորձեց իր ցեղասպանական արշաւը ծածկել, դոկտ. Թաթոյեան փաստերով բացայայտեց իրականութիւնը եւ Ատրպէյճանի ցեղասպան վարչակարգին իսկական ինքնութիւնը», յայտարարեց Գասապեան։

Իր կարգին, Թաթոյեան Հայաստանի վրայ նորագոյն յարձակումին մասին արտայայտուելէ ետք, շեշտեց, թէ հայատեացութիւնը մղիչ ուժը դարձած է հայութեան դէմ Պաքուի վարչակազմին շարունակուող արշաւին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքին՝ Հայաստանի իրաւունքները պաշտպանելուն համար եւ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ դէմ միացեալ պայքարը սաստկացնելու կոչ ըրաւ՝ շեշտելով, որ պէտք չէ իյնալ հայութեան մէջ բաժանումներ հրահրող՝ Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ լարուող ծուղակին մէջ։

Այնուհետեւ, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քալիֆորնիա իր այցելութիւնը համակարգած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ յատուկ շնորհաւորագիրներ յանձնեց անոր ատենապետին, ինչպէս նաեւ իրաւագէտներ Կարօ Ղազարեանին եւ Գառնիկ Քերքոնեանին, որոնք կարեւոր նպաստ կը բերեն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու Հայաստանի մարդկային իրաւանց պաշտպանին ջանքերուն։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ զեկուցեց Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր այցելութեան մասին, ապա հռչակագիր մը յանձնեց Թաթոյեանին, որ նման հռչակագիր մը ստացաւ նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրէն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդին անունով, ձեռամբ՝ Ռաֆֆի Գասապեանի։

Ձեռնարկը աւարտեցաւ Արցախի նախկին առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեան աղօթքով, որ մատուցուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդարանին անունով։

Asbarez

Մեկնաբանել