Արիս արք. Շիրվանեան կը դիմէ Երուսաղէմի Պատրիարքին Յետս կոչելու իր ստորագրութիւնը

Չորս տարիէ ի վեր Հայաստան հաստատուած Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Արիս արք. Շիրվանեան, անդրադառնալով Պատրիարքարանի կողմէ «Կովերու պարտէզ» անունով յայտնի կալուածի վարձակալութեան ստեղծած տագնապին, Սիվիլնեթի «Տրոփ» ծրագրրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ «ըստ կանոնի տնօրէն ժողովը պէտք է նախ հարցը քննարկեր, ուսումնասիրեր, եւ որոշ եզրակացութեան հասնելէ յետոյ, հրաւիրեր Ընդհանուր միաբանական ժողովը, որուն ներկայացներ առաջարկը, կալուածը վարձու տալու տեսակէտէ եւ այդ քայլը չէ առնուած, դժբախտաբար, Պատրիարքի եւ կալուածոց տեսուչի կողմէ»։

Հարցազրոյցը, որ շուտով կը հրապարակուի, տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբերին, սրբազանի բնակարանին մէջ՝ Շիրակաւան։

Ըստ սրբազանին, մինչեւ 2015 թուական, երկարաժամկէտ, մինչեւ 99 տարուան վարձակալութեան գործարքներ եղած են։ 2015ին, այսօրինակ գործարքներ կանխելու համար, Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը կանոնական որոշում առած է, առաւելագոյնը 49 տարուան ժամկէտով սահմանափակել վարձու տրուող կալուածներու պարագան։ Այս կանոնական որոշումն է, որ անտեսուած է Պատրիարքին եւ կալուածոց տեսուչին կողմէ։

Այս գործարքը կասեցնելու համար, Արիս սրբազան կը խնդրէ պատրիարքէն եւ կը յորդորէ պայմանագիրը ստորագրող միաբաններուն յետս կոչել իրենց ստորագրութիւնը եւ անհրաժեշտութեան պարագային դատարանի միջոցաւ լուծել խնդրոյ առարկայ պայմանագիրը։

Նշենք որ Պատրիարքութեան տարեկան պիւտճէն շուրջ հինգ միլիոն տոլար է, որ կը գոյանայ կալուածներու վարձակալութիւններէ, բարերարներու նուիրատուութիւններէ եւ եկեղեցիներու այլ եկամուտներէ։ Միաբանութեան ընդհանուր թիւը շուրջ 80 է։