Հաւաքել բանաւոր պատմութիւններ արեւմտահայ աշխարհէն. զրոյց Նարօտ Ավճըի հետ

Խոհագիրներ, յիշողութիւններ, օրօրներ, բարբառներ,…«Բանաւոր պատմութիւն»-ի համահիմնադիր Նարօտ Ավճը «Զարկերակ»-ի հաղորդավար Արէն Քերթեշեանի հետ կը զրուցէ իր ու գործընկերոջ՝ Ռուտի Սայաթ Բուլաթեանի նախաձեռնած ծրագրին մասին։