Տակաւին հնարաւոր է անվաւեր յայտարարել «Կովերու պարտէզ»ի գործարքը. Արիս Սրբազան

Գիւմրիի մօտակայ Շիրակաւան գիւղ հաստատուած Երուսաղէմի Պատրիարքութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Արիս արք. Շիրվանեան Սիվիլնեթի «Տրոփ»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադարձաւ «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութեան յառաջացուցած տագնապին։

Երուսաղէմի Պատրիարքարանի ներքին իրադարձութիւններէն ընդհանրապէս հեռու հայ հանրութիւնը այս տագնապի մասին իմացաւ միաբաններէն 12ի ստորագրութիւնը կրող յայտարարաութենէ մը, որուն իրենց անունը աւելցուցին հինգ այլ միաբաններ, որոնց շարքին յայտնի դէմքեր, ինչպէս Արեւելեան Ամերիկայի նախկին առաջնորդ Խաժակ սրբազան Պարսամեան եւ Թորգոմ սրբազան Մանուկեանի մահէն ետք պատրիարքական տեղապահի պաշտօնը կատարած Արիս արք. Շիրվանեան։

Սրբազանը նաեւ տեղեկութիւններ փոխանցեց Երուսաղէմի պատրիարքութեան կառոյցի եւ գործելակերպի մասին։

Արիս սրբազան յոյս յայտնեց, որ Պատրիարք Նուրհան սրբազան Մանուկեանը ընդառաջելով իր եւ յայտարարութիւնը ստորագրող միւս միաբաններու կոչին, յետս կը կանչէ վարձակալութեան գործարքի տակ դրած իր ստորագրութիւնը եւ կը վերականգնէ օրինականութիւնը։

Մեկնաբանել