Հալէպի «Ադամեան» Թատերախումբը

Հալէպի «Ադամեան» 1961-էն 2021 բեմ հանած է 96 ներկայացում, 20-ը մանկա-պատանեկան, 13-ը «Ծիծաղի երեկոյ»: Ելոյթներուն թիւը հասած է 621-ի, որոնց մասնակցած են 355 դերակատար- դերակատարուհիներ:

Այս դերակատարներէն ոմանք աւելի քան 25 տարիներ թատերախումբին իրենց անձնուէր ծառայութեան համար արժանացած են արծաթեայ պատուանշանի, ուրիշներ իրենց 40 տարիներու նուիրեալ աշխատանքով պարգեւատրուած են ոսկեայ շքանշաններով, կան նաեւ թատերախումբին աւելի քան 50 տարի անդամակցողներ: Այս անխոնջ նուիրեալներէն է Յովհաննէս Սամուէլեանը որուն անունով կը կոչուի նուիրական անկիւն դարձած թատերախումբին սենեակը, ուր սրբութեամբ կը պահպանուին անոր պատմութեան վերաբերող նկարները, թատերական ազդերը, ներկայացումներու տեսաերիզները, խումբին ստացած վկայագրերն ու գնահատագրերը, թատերական արուեստին վերաբերող գիրքեր: Պետրոս Ադամեանի կիսանդրին:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի «Նազարեան» սրահը

Հ.Բ.Ը. Միութեան Հ.Ե.Ընկերակցութեան թատերախումբը սկսած է գործել գրեթէ ընկերակցութեան հիմնադրութենէն սկսեալ՝ 1930ականներու սկիզբներուն, այդ մասին կը վկայեն թատերախումբի դերակատարներ եւ բեմադիչներ. այս առընչութեամբ ամենավաւերականը 1934 թուականէն մեզի հասած Շէյքսփիրի «Եուլիոս Կեսար»ի ներկայացումը ծանուցող ազդ-յայտարարութիւնն է: Ընկերակցութեան թատերախումբը տասնամեակներ շարունակ ներկայացուցած է կարճ եւ երկար զաւեշտներ, զանազան ժանրերու թատերգութիւններ, հանդէս գալով Հալէպի զանազան սրահներու բեմերու վրայ: 1958-ին, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը ի բարեբախտութիւն թատերախումբին կ’ունենայ իր սեփական սրահը:

Թատերախումբը հայ Բեմի մեծ վարպետին անունով կոչուած է 1961ին: Խումբին այդ շրջանի ղեկավարն էր Պետրոս Քելէշեան, որ կը բեմադրէ եւ Հալէպահայութեան կը հրամցնէ «Երեւակայական հիւանդը», «Քորրատօ»ն, «Ագահը»: Վահէ Սամուէլեան բեմ կը բարձրացնէ աշակերտական ներկայացումներ՝ « Շողոքորթը»ն ու «Մենք հայերէն չենք գիտեր»ը:

1970-ին, «Ադամեան»ին կը միանայ Երեւանի Գեղարուեստա-Թատերական ինսթիթիւթի շրջանաւարտ սուրիահայ առաջին արհեստավարժ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Պետրոս Քելէշեան, որ «Ադամեան»ին հետ իր 15 տարիներու անխոնջ աշխատանքով, նոր որակի կը բարձրացնէ հալէպահայ թատերարուեստը: Քելէշեանի բեմադրութիւններէն են. «Ստախօս կ’ուզուի»ն, «Եզովբոս»ը, «Թոփազ»ը, «Ապակեայ գազանանոց»ը, , «Շոքոլա զինուորը»ը- «Նորա»ն եւ այլ ամենատարբեր ժանրերու ներկայացումներ: Քելէշեանի բեմադրած «Մեծ անտառի զաւակները», արաբական մամուլի վկայութեամբ, կը հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ ներկայացուած առաջին մանկա-պատանեկան թատերգութիւնը: , «Վարժապետին աղջիկը» ներկայացման, առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ մէջ գործի կը դրուի դարձող բեմ՝ իրագործմամբ Ներսէս եւ Վազգէն Տաղլեան եղբայրներու:

Պ. Ադամեանի շիրիմին մօտ, 1999, Պոլիս

Քելէշեանով «Ադամեան» Հալէպի մէջ կը սկսի թատերական նոր ժամանակաշրջան, աւելի բարձրարուեստ, աւելի որակաւոր: Տակաւ խումբը մնայուն կերպով կ’ունենայ իր բեմավարը, բեմայարդարը, ծպտողը, լուսաւորման եւ ձայնի պատասխանատուները, եւայլն:

Հալէպահայութիւնը կը տեսնէ նորութիւնները, կը սիրէ եւ կը սկսի պահանջկոտ դառնալ:

1985-ին հայրենի ժողովրդական դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանի մասնակցութեամբ, «Ադամեան» կը ներկայացնէ «Տարօրինակ Միսիզ Սէվիճ»ը բեմադրութեամբ Դամասկահայ բեմադրիչ Մանուէլ Ճիճիի, որ նոյն տարին թատերախումբին հետ բեմ կը բարձրացնէ «Հայկական Էսքիզներ»ը:

«Ադամեան»ին հետ 1987 թուականէն սկսեալ մինչեւ 1992 վեց բիեսներ կը բեմադրէ Յարութիւն Ճննոզեանը, որոնցմէ Սարոյեանի «Իմ Սիրտը Լեռներում է»ին սեղանի փորձերուն կը մասնակցի հայրենի մեծ դերասան Սոս Սարգսեան, որ սակայն ներկայացման բեմ բարձրանալէն առաջ, խորհրդային օրերուն, պատասխանատու մարմիններու պահանջով կը ստիպուի վերադառնալ Հայաստան:

1987-ին, խումբին հետ կը գործեն բեմադրիչներ Վաչէ եւ Լանա Ատրունիները: «Ադամեան» թատերախումբին հետ աշխատած են տասներկու արհեստավարժ եւ չորս սիրող բեմադրիչներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունեցած է թատերախումբի ներկայացումներու որակի բարձրացման, դերասաններու խաղարկութեան մեծապէս բարելաւման եւ արհեստավարժ մակարդակի մօտեցման մէջ:

1993ին կը հրաւիրուի հայրենի բեմադրիչ Նիկոլայ Ծատուրեանը, որուն առաջին բեմադրութիւնը կ’ըլլայ «Լուսինէն իջած մարդը»: Աննախընթաց ընդունելութիւն կը գտնէ Ծատուրեանի բեմադրած «Շաշաստանը«, որուն ներկայ կը գտնուին 6500 հանդիսատեսներ: Ծատուրեան «Ադամեան»ին հետ կ’աշխատի 18 տարի, բեմադրելով 20 բիէս: Ծատուրեանի տարիները կը դառնան դերասանի վարպետութեան իւրայատուկ շրջան. դերասանները կը կատարելագործեն իրենց խաղարկութիւնը, անոնք բեմին վրայ կ’երգեն, կը պարեն եւ իրենց շնորհքներով կը մաքնիսացնեն հանդիսատեսը: Այս ընթացքին կը գործէ նաեւ թատերական դպրոցը, որուն սաները կը դառնան «Ադամեան» թատերախումբի գոյատեւման առհաւատչեան. նշելի է, որ «Ադամեան»ի մէջ սերնդափոխութիւնը միշտ ալ կատարուած է հեզասահ ընթացքով, որովհետեւ հին դերասաններու կողքին բեմի վրայ անընդհատ ներկայ գտնուած են նորերը:

Նիքոլայ Ծատուրեանի շրջանին, մէջընդմէջ խումբին հետ կը գործեն Ռուբէն Ծատուրեանը, կրկին Վաչէ Ատրունին, Արտաշէս Հովհաննիսեանը, Սամսոն Ստեփանեանը, դարձեալ Գրիգոր Քելէշեանը, Յակոբ Միքայէլեանը, Սմբատ Երէցեանը, Արա Երնջակեանը, որուն «Էդիւտ կանանց մասին» ներկայացման ընթացքին Ադամեանականները կը յաջողին քանի մը մեթրի վրայ բեմին կապուած պահել հանդիսատեսը:

Ինչպէս կը նկատենք 90ականներուն եւ 21-րդ դարի առաջին տասնամեակին, մինչեւ Սուրիոյ տագնապի սկիզբը, մեծ թիւով հայրենի բեմադրիչներ կը համագործակցին «Ադամեան»ին հետ, մեծապէս սատարելով անոր գեղարուեստական եւ դերասանի վարպետութեան մակարդակի բարձրացման: առարկայնօրէն մօտենալով այս պարագային, նշելի է, որ Հայաստանի իննսունականներու անլոյս տարիներուն, հայրենի բեմադրիչներուն, երաժիշտներուն, պարուսոյցներուն համար ձեռնտու էր այդ ատենուան հարուստ Հալէպի մէջ աշխատիլ. այս պարագան երբեք չի նսեմացներ անոնց մատուցած հսկայ ծառայութիւնը հալէպահայ բեմին եւ գաղութի մշակութային կեանքին ընդհանրապէս: «Ադամեան»ի արհեստավարժ բոլոր բեմադրիչներն ալ շրջանաւարտ են Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական Ինսթիթիւթէն: Այս երեոյթը անգամ մը եւս կը շեշտէ, որ դեռ Խորհրդային շրջանէն, ուսման բոլոր ճիւղերուն մէջ անուրանալի է Հայաստանի մեծ սատարը Սփիւռքին:

Երեւանի Ադամեանականները բեմադրիչ Նիքոլայ Ծատուրեանի հետ

2017-ին, Մանուէլ Քէշիշեանի «Է՜հ Հալէպ, Հալէպ», հեղինակի բեմադրութեամբ մօտիկ անցեալի մասին թատերգութիւնը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ պատերազմէն նոր ելած քաղաքին մէջ. Բերիոյ Թեմի օրուան Առաջնորդը «Կարծես թէ կողմի մը դէմ ուղղուած ըլլայ» կ’որակէ ներկայացումը, սրելով գաղութին մէջ յառաջ եկած տարակարծութիւնը, մինչ աւելի քան 30 տարիներ առաջ, նոյն բեմադրիչին «Թաղականին կնիկը» վիճայարոյց ներկայացման առիթով, այդ օրերու Առաջնորդ Սրբազան հայրը կիրքերը հանդարտեցուցած էր բեմէն յայտարարելով. «Թատրոնը մեր կեանքի հայելին է, հոգ չէ թէ երբեմն հոն իրականութիւնները չափազանցուած կերպով կը տեսնենք»:

«Ադամեան» հիւրախաղերով հանդէս եկած է Սուրիոյ զանազան քաղաքներու մէջ, Լիբանանի, Պուլկարիոյ եւ երեք անգամ Հայաստանի մէջ՝ 1991-ին՝ Սփիւռքահայ Թատերախումբերու եւ 2006-ին՝ «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» փառատօներուն մասնակցելու, իսկ 2019-ին «Ծերունին եւ Լեռը» ներկայացման հիւրախաղերով: Ցաւալի է, որ Երեւանի մէջ շատ քիչ թիւով հանդիսատեսներու առիթ կը տրուի դիտել այս վերջին ներկայացումը, մինչ Կիւմրիի հանդիսատեսը յոտնկայս ծափողջոյններով կը գնահատէ Ադամեանականները:

«Ադամեան»ի խաղացանկին յատուկ համեմ կ’աւելցնեն հալէպահայութեան շատ սիրելի «Ծիծաղի երեկոյ«ները, որոնց թիւը հասած է 13-ի: «Ադամեան» թատերախումբին հետ գործակցած են արհեստավարժ բեմայարդարներ, ինչպէս Նազարէթ Գրաճեանը Գէորգ Երամեանն ու Հրազդան Թոքմաճեանը: Արհեստավարժ երաժիշտներ նման Խաչիկ Խաչատուրեանին ու Կարօ Քէքլիքեանին: Տասնամեակներ անվհատ նուիրումով գործած են քուլիսային աշխատողներ՝ բեմավար Անի Մորաք Պասմաճեանը, Սոնա Պարոնեանը եւ ուրիշներ:

Այսօր «Ադամեան» թատերախումբը գլխաւորութեամբ վաստակաշատ դերասան, բեմայարդար, խումբին հնագոյն անդամներէն Ներսէս Տաղլեանի, շնորհիւ իր անդամներուն նուիրեալ աշխատանքին, աննկուն կամքին եւ պատասխանատուներու հոգատարութեան կը շարունակէ մնալ սփիւռքի ամենակայուն թատերախումբը: «Ադամեան«ը ոչ միայն կը ծառայէ ազգապահպանման սուրբ գործին այլ նաեւ սփիւռքահայ թատերարուեստի որակի բարձրացման:

Տագնապի պատճառաւ Երեւան հաստատուած են խումբ մը ադամեանականներ, որոնք քով քովի գալով Յակոբ ՄԻքայէլեանի գլխաւորութեամբ ներկայացուցած են երկու «Ծիծաղի երեկոներ»: Հայրենի մշակոյթի պատասխանատուները եթէ կ’ուզեն արեւմտահայ թատերախումբ ունենալ, որպէս կորիզ կրնան նկատի ունենալ այս խումբին տղաքն ու աղջիկները:

Հալէպի մէջ կը գործեն նաեւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ», Նոր Սերունդի «Անդրանիկ», Կրթասիրացի «Վարդան Աճեմեան» ե մարաշցիներու «Վասպուրական» թատերախումբերը, որոնք սիրով կը ծառայեն հայ բեմին, սակայն ցաւ ի սիրտ «Ադամեան»ի հետեւողական աշխատանքը չունին: Այս խումբերը «Հալէպի Հայ Թատերախումբեր» անուան տակ միասնաբար կը նշեն թատրոնի Միջազգային Օրը:

Ներկայիս, անչափելի սղութեան պատճառաւ շատ դժուար դարձած է թատերգութիւններ բեմ հանելը, պատասխանատու մարմինները սակայն, նկատի առնելով թատրոնին կարեւորութիւնը մեր կեանքին մէջ, ի գին ամէն զոհողութեան, պէտք է կենդանի պահեն հալէպահայ թատերական արուեստը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ, 27 Նոյեմբեր 2021

Մեկնաբանել