Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Կալուածոց տեսուչ Պարետ վարդապետի հակականոնական ընթացքը

Երուսաղեմի Հայոց Պատրիարքարանի կողմից «Կովերի պարտեզ» կալվածքը վարձակալության հանձնելու խնդիրը լայն արձագանք է ստացել սոցիալական հարթակներում և լրատվամիջոցներում։ Երուսաղեմի Սրբոց Հակոբյանց Միաբանության անդամները հայտարարություն են տարածել՝ մտահոգություն հայտնելով «Կովերի պարտեզ» տարածքի վարձակալության առնչությամբ։ Մեկ այլ հայտարարությամբ նրանք պահանջել են պատրիարքից չեղյալ հայտարարել «Կովերի պարտեզի» համաձայնագիրը։ ՍիվիլՆեթը թեմայի շուրջ զրուցել է Երուսաղեմի Պատրիարքության միաբանության ավագ անդամներից Արիս արք. Շիրվանեանի հետ, որը վստահ է՝ դեռ հնարավոր է անվավեր հայտարարել «Կովերի պարտեզի» գործարքը։ Թեմայի կարևորությունը հաշվի առնելով՝ ՍիվիլՆեթը հրապարակում է Երուսաղեմի Սրբոց Հակոբյանց Միաբանության նախկին անդամներից մեկի հոդվածաշարը՝ կատարված գործարքի, դրա իրավական կողմի ու հետևանքների վերաբերյալ։ Ստորև՝ առաջին հոդվածը։

Ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ վերջին շրջանին շատ կը հանդիպինք Երուսաղէմի Հայոց կալուածներուն եւ անոնց վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրներուն մասին լուրերու եւ մեկնաբանութիւններու: Աւելի կը խօսուի քանի մը ամիս առաջ ստորագրուած «Կովերու պարտէզ» կալուածի մասին: Այս առթիւ նաեւ երկու յայտարարութիւններ հարապարակած են միաբան հայրերը: Առաջին յայտարարութեամբ անոնք իրենց անհամաձայնութիւնը կը յայտնէին ստորագրուած համաձայնագրի մասին եւ կը խնդրէին Հայոց պատրիարքէն չեղեալ յայտարարել զայն, իսկ երկրորդ յայտարարութեամբ կը կրկնէին իրենց խնդրանքը, բայց նաեւ կը պահանջէին Կալուածական գրասենեակի տեսուչ Պարետ վարդապետի հրաժարականը՝ անոր հակականոնական ընթացքի համար:

Ի՞նչ հակականոնական ընթացքի մասին կը խօսին միաբան հայրերը եւ մասնաւորապէս ի՞նչ հակականոնականութիւն եղած է «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնութիւնը ստորագրելու ատեն:

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կանոնադրութեան Յօդ. 67-ը, Տնօրէն Ժողովի իրաւասութեան ներքոյ կը դնէ կալուածներու տնօրինութեան հետ կապուած որեւէ որոշում: Այս յօդուածը կը պահանջէ, որ կալուածական որեւէ համաձայնութիւն նախ քննարկուի Տնօրէն Ժողովի մէջ, վաւերացուի հոն եւ անկէ վերջ համաձայնագրին ընթացք տրուի: (Տնօրէն Ժողովը Պատրիարքութեան որոշում առնող մարմինն է, որ ունի ութ անդամներ. երկուքը՝ պատրիարքը եւ լուսարարապետը մնայուն անդամներ են, իսկ վեցը կ՝ընտրուին միաբանութեան կողմէ): Իսկ եթէ համաձայնագիրը կը վերաբերի 25 տարիէ աւելի վարձակալութեան, ապա Տնօրէն Ժողովի կողմէ վաւերացումէն վերջ, ան պէտք է քննարկուի եւ վաւերացուի նաեւ Միաբանական Ժողովի կողմէ. «Մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող որեւէ համաձայնագիր կը վաւերացուի Տնօրէն Ժողովի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներու ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը, Տնօրէն Ժողովը պարտի ներկայացնել Միաբանական Ընդհանուր ժողովին՝ վաւերացման համար»:

Պարետ վարդապետի հակականոնական ընթացքը՝ «Կովերու պարտէզ» կալուածի վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագրի վերաբերեալ այն է, որ ան համաձայնագիրը չէ բերած Տնօրէն Ժողովի քննարկման եւ վաւերացման: Անկէ զատ, քանի որ ան 99 տարուոյ վարձակալութեան համաձայնագիր էր, ան նաեւ Միաբանական Ժողովի քննարկման եւ վաւերացման չէ բերած: Ան պարզապէս անտեսած է թէ Տնօրէն Ժողովը եւ թէ Միաբանական Ժողովը եւ առանց անոնց քննարկման եւ վաւերացման ստորագրել տուած է վարձակալութեան համաձայնագիրը:

Այս համաձայնագրի միւս հակականոնական ընթացը այն է, որ չէ յարգուած կանոնադրութեան այն կէտը, որ կը պահանջէ 25 տարիէ աւելի վարձակալութեան տրուելիք համաձայնագիրները պէտք է ստորագրուին Միաբանական Ժողովի ատենապետին կողմէ. «Մէկէն մինչեւ քսանհինգ տարի ժամանակաշրջան ընդգրկող համաձայնագրերը պիտի ստորագրուին նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ պատրիարք սրբազան հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, Տնօրէն Ժողովի ատենապետի եւ Կալուածոց տեսուչի կողմէ, իսկ քսանհինգէն առաւելագոյնը քառասունինը տարիներունը՝ նուազագոյնը երեք անձերու կողմէ՝ պատրիարք սրբազան հօր (Ս. Աթոռը թափուր ըլլալու պարագային, տեղապահի կամ պատրիարքական փոխանորդի), լուսարարապետի, Միաբանական Ժողովի ատենապետի եւ Տնօրէն Ժողովի ատենապետի կողմէ: Ասոնցմէ պատրիարք սրբազան հօր (կամ տեղապահի), Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ատենապետի ստորագրութիւնները պարտաւորիչ են»:

Արդէօ՞ք պատահական է, որ «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնագիրը չէ ստորագրուած Միաբանական Ժողովի ատենապետի կողմէ, այլ անոր փոխարէն ստորագրած է Պարետ վարդապետը: Անշուշտ պատահական չէ, քանի որ եթէ պահանջուէր Միաբանական Ժողովի ատենապետէն ստորագրել համաձայնագիրը, անիկա պիտի պահանջէր համաձայնագիրը քննարկել եւ վաւերացնել Միաբանական Ժողովին մէջ:

Դժուար չէ կռահել, որ հայր Պարետ ամէն բան ըրած է, որ համաձայնագիրը ստորագրուի գաղտնի, առանց Տնօրէն եւ Միաբանական Ժողովներու քննարկման եւ վաւերացման, եւ առանց Միաբանական Ժողովի ատենապետի ստորագրութեամբ: Ուրիշ խօսքով, ան եղած է մութ գործարք մը, ամբողջապէս հակառակ Պատրիարքութեան կանոնադրութեան պահանջներուն: Ահա թէ ինչ նկատի ունին յայտարարութիւնը ստորագրած միաբան հայրերը, երբ կը գրեն թէ Պարետ վարդապետ հակականոնական ընթացք ունեցած է «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնագիրը ստրոագրած ատեն:

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան նախկին անդամ

Մեկնաբանել