Յոյսը Սարդարապատի զանգակներն են

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

44 օրեայ պատերազմի մասնակից կամաւոր մը, որ անցեալին նոյնպէս կամաւոր մասնակցած էր Արցախեան առաջին պատերազմին, կը մեկնաբանէր երկու կռիւներու տարբերութիւնը: «Այն ժամանակ համարեա իրարու հաւասար զէնքով պատերազմեցանք: Մեր եւ իրենց ձեռքին նոյն Քալաշնիքովն էր: Մենք ունէինք հայրենիքը օտարի լուծեն պաշտպանելու կամքը, ինչ որ իրենք չունէին: Իսկ այս անգամ, լման 30 տարի հայրենի երկիրը ազատագրելու քարոզչութեան ազդեցութեան տակ յաղթանակի կամքով եկողը թշնամին էր: Աւելին՝ ունէր զէնքի գերակշռութիւն: Անզօր մնացինք, նոյնիսկ սարսափի մատնուեցանք ԱԹՍ-ներու դիմաց: Եւ մանաւանդ՝ հակարակորդը ռազմափորձերով պատրաստուած էր յարձակման ու մենք յանկարծակիի եկած»:

Անհատական այս վկայութիւնը լաւագոյնս կը բացատրէ պատահածը եւ հետեւանքները: Խօսակիցս չուզեր քաղաքական մեկնաբանութիւններ տալ: Համոզուած է թէ մարտնչող բանակի ամենավատ սպառնալիքն է քաղաքականութիւնը: «Զինուորը պիտի հնազանդի հրամանատարի հրամաններուն եւ արհեստավարժ կերպով պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը, նոյնիսկ կեանքը զոհելու գնով»: Բայց նաեւ գիտենք թէ թաւշեայ յեղափոխութիւնով գահընկեց եղածներու ենթակայ սպաներ այս պատերազմը վրիժառութեան առիթ համարեցին եւ զինուորին հրամայեցին դիրքերը լքել ու մաշկը ազատել:

Պարտութենէ ետք ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամը արգելք եղաւ նման դաւաճանութեան հեղինակներուն արժանի կերպով հարցաքնման:

Այս պայմաններու տակ շատ հասկնալի է Իլհամ Ալիեւի ամբարտաւան ելոյթները: Ան հիմա ունի շփանալու բազմաթիւ պատճառներ: Անոնց կարեւորագոյնն է համաշխարհային դիւանագիտութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը: Նաւթատոլարներու շնորհիւ Ալիեւ հագած է անպատժելիութեան պատմուճանը, որ Թուրքիոյ նախագահին հագածին հետ նոյն դերձակին ձեռքէն ելած է:

Հարիւրամեայ դաժան փորձերով տեսած ենք թէ հայը, աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն նման չէ ունեցած, չունի, եւ պիտի չունենայ բարեկամ պետութիւններ: Պետութիւնները իրարու մերձեցնողը միայն ու միայն անոնց շահերուն համընկնումն է: Երբ երկու պետութիւններու միջեւ կան փոխադարձ շահարկման եղանակներ, անոնք կը ներկայանան իբրեւ բարեկամ, կամ աւելի դիւանագիտական եզրով՝ դաշնակից:

Ազերպայճան ունենալով շահութաբեր լծակներ, դիւրաւ դաշնակից կ’ըլլայ Իսրաէլի, Թուրքիոյ կամ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ: Բացի Ռուսիոյ Դաշնութենէն, Պաքուին մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք տրամադրող այս երկիրները իրենց արտադրութիւնը կ’ապահովեն ԱՄՆ եւ Եւրոպական երկիրներէ ստացած գիտելիքով ու թեխնիկական սարքերով:

Մեզի համար աւելի կարեւոր է այս ժխտական պայմաններու դիմաց հայուն պատասխանը: Նախ նշենք որ այս հարցադրումի պատասխանը հաւանականութիւններէն մէկը ճշդելով չենք կրնար գտնել: Այո, կարելի է ընտրել տարբերակ մը, ըստ որու անհատը պիտի ըսեր «Կարճատեւ կեանք մըն է ինծի պարգեւուածը եւ չեմ ուզեր այդ պարգեւը ապագայ չունեցող երկրի մը համար սպառել»: Նոյնիսկ անհատը յանուն իր զաւակներուն բարօրութեան կրնայ լքել երկիրը: Այդ ալ հասկնալի է: Բայց երբ կան մարդիկ, որոնք ի գին բոլոր խոչընդոտներու չեն լքեր հայրենի երկիրը ու կը ջանան համակերպիլ բոլոր տեսակի զրկանքներուն, որպէսզի յարմար բոլոր առիթներով յաղթահարեն զանոնք: Պարտինք հաստատել թէ նման կամք ունեցողներուն դիմաց, առաջին խմբակին պատկանողները լքած են ոչ միայն հայրենի երկիրը, այլ հայ կոչումին սահմանած բոլոր արժանիքները:

Ալիեւի անպատկառ սպառնալիքներուն իբր պատասխան մեր ժողովուրդը կրկին անգամ կը հնչեցնէ Սարդարապատի զանգակները, որոնք շատ աւելի դժուար օրերուն սանձեցին ազգը ոչնչացնել ուխտած թշնամին:

Մեկնաբանել