Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարք կը սպառնայ եւ կը հալածէ հոգեւորականները

«Կովերու պարտէզի» համաձայնագրի վերաբերեալ ահազանգ հնչեցնելէն ետք, Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարք եւ իր հանցակից Պարետ Վարդապետ սկսած են սպառնալ եւ հալածել Հոկտեմբեր 27-ի եւ Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնները ստորագրած հոգեւորականները:

Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութիւնը հրապարակալէն ետք, անոնք սկսան ստորագրած քանի մը հոգեւորականներուն կանչել իրենց գրասենեակները եւ ահաբեկել՝ սպառնալով անոնց կարգալոյծ ընել, պաշտօններէն հանել, Միաբանութենէն հեռացնել, ամսեկանները կտրել եւ այլն: Այս ահաբեկումներու պատճառով երեք Վարդապետներ (երկուքը Երուսաղէմէն, մին արտասահմանէն) իրենց ստորագրութիւնները քաշեցին յայտարարութենէն եւ Պարետ Վարդապետի պատրաստած Նոյեմբեր 12-ի հրապարակած յայտարարութիւնը ստորագրեցին, որու բովանդակութիւնը միայն սուտեր էին եւ կեղծիքներ: Ի պատիւ քանի մը հոգեւորականներու, պէտք է ըսել, որ անոնք տեղի չտուին անոնց ահաբեկումններուն ու սպառնալիքներուն եւ իրենց ստորագրութիւնները չքաշեցին:

Ատկէ ետք անոնք սկսան ստորագրած հոգեւորակաները իրենց պաշտօններէն հանել: Մեզի հասած հաւաստի տեղեկութիւններու համաձայն՝ պաշտօնէ հանած են ձեռագրատան տեսուչին: 4000 ձեռագիրներու հաւաքածուին տեսուչը հեռացուած է պաշտօնէն առանց յանձնում-ստանձնում ընելու: Պարզապէս Նուրհան Պատրիարք իր կատարածուն ղրկած է եւ տեսուչէն բանալին պահանջած է:

Պաշտօնէ հեռացուած է նաեւ Ս. Փրկիչի տեսուչը: Հոս կարեւոր է որ մեր հայրենակիցները գիտնան, որ երկու պարագաներուն ալ պաշտօններէ հեռացուած վարդապետներու փոխարէն նշանակուած են Հոկտեմբեր 27-ի եւ Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնները չստորագրած իրենց մանկլավիկ եւ կամակատար հոգեւորականները: Պաշտօնով կը վարձատրուին իրենց դաւաճանութեան համար:

Յայտարարութիւնները հրապարակելէ ետք Նուրհան Պատրիարք իր կատարածուին միջոցաւ լուր կը ղրկէ յայտարարութիւնները ստորագրած բոլոր եկեղեցականներուն, որ արգիլուած է իրենց Պատրիարքարան մտնալ եւ Պատրիարքը տեսնալ: Անոնց նոյնիսկ արգելած են պատարագէն վերջ նշխար տանիլ Պատրիարքին:

Ստորագրած եկեղեցականներէն մէկուն ամսեկանը յանիրաւի կտրուած է եւ դրամը փոխանցուած է երկու վարտապետներէն մէկուն, որ իր ստորագրութիւնը քաշած էր Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութենէն: Ասոր ալ 30 արծաթով կը կաշառեն:

Նուրհան Պատրիարք-Պարետ Վարդապետ տխրահռչակ զոյգը, որ հայութեան կողմէ արդէն արժանացած են հողատու եւ դաւաճան «տիտղոսներուն», մեծ ճնշում կը բանենցնեն Միաբանական Ժողովի ատենապետին վրայ, որպէսզի ան իր ստրոագրութիւնը դնէ «Կովերու պարտէզի» համաձայնագրին վրայ:

Բոլոր ստորագրած եկեղեցականներուն արգիլուած է հայցազրոյց տալ կամ յօդուած տպել: Անոնցմէ մէկուն ստիպած են փակել այն Ֆեյսբուկեան էջը, ուր ան հրապարակած էր Հիկտեմբեր 27-ի յայտարարութիւնը: Մինչդէռ Պարետ Վարդապետ իրաւունք ունի ուզած յօդուածը տպել ու ուզած հարցազրոյցը տալ եւ Հայ ազգին մէջ սուտեր եւ ապատեղեկութիւններ տարածել:

Նուրհան Պատրիարք այնքան առաջ գացած է իր վրէժխնդրութեան եւ ոխակալութեան մէջ, որ որոշած է նոյնիսկ քանի մը եկեղեցականներ, որ ստորագրած են յայտարարութիւնները հեռացնել Միաբանութենէն: Մեզի հասած հաւաստի տեղեկութիւններով ան Միաբանութենէ հեռացուցած է երիցագոյն անդամը՝ Ժարայր Ծ. Վրդ. Թաշճեանը: Հայր Ժիրայր 85 տարեկան է եւ Միաբանութեան անդամ է աւելի քան 60 տարի եւ այսօր, անիկա կը հեռացուի Միաբանութենէ միայն անոր համար, որ համարձակած է ստորագրել զոյգ յայտարարութիւնները: Ինչպիսի՜ ուղղամտութիւն եւ արդարամտութիւն: Նուրհան Պատրիարքէն պէտք չէ սպասել ուղղամտութիւն եւ արդարամտութիւն, քանի որ անիկա փոքրոգի եւ ոխակալ անձ մըն է: Միաբանութենէ կը հեռացուի նաեւ Գիսակ Արք. Մուրադեան, դարձեալ անոր համար, որ ան եւս համարձակած է ստորագրել Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնը: Հոս տեղին է յիշել եւ յիշեցնել Նուրհան Պատրիարքը իր իսկ խօսքերը՝ ուղղուած Գարեգին Վեհափառին. «Սպառնալիքը չի՜ պատշաճիր կրօնականին, նամանաւա՜նդ բարձրաստիճան»: Որքան ճիշտ ըսուած է, բայց երանի այս խորհուրդ տուողը ինք այսօր սպառնալիքներ չըներ:

Երուսաղէմին մէջ այդեն տարածուած խօսք կայ, թէ Նուրհան Պատրիարք միայն մտահոգ է դրամով եւ իր կերակուրով: Ասոնցմէ զատ իրեն ուրիշ բան չի հետաքրքրեր: Ան արդեն ամիսներ է որ եկեղեցի չէ իջած, չէ մասնակցած պատարագներուն եւ եկեղեցական արարողութիւններուն: Արդէն տարիներ է, որ պատարագ չէ ըրած: Քանի տարի է, որ չէ հանդիսապետած Հրաշափառներուն, մեծահանդէս թափօրներուն եւ նոյնիսկ Զատկի արարողութիւններուն: Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու պատարագներուն մասնակցելու փոխարէն Երուսաղէմի եւ Թել-Ավիվի ճաշարաններուն եւ առեւտուրի կետրոններու մէջ նախաճաշ կամ ճաշ կ’ընէ աշխարհականներու հետ: Ժողովուրդը նոյնիսկ կը ծաղրէ ըսելով, որ եթէ կ’ուզէք Պատրիարքը տեսնալ գացէք ճաշարանները, հոն կրնաք տեսնալ զինքը: Ահա թէ ինչպիսի հոգեւորական մը բազմած է այսօր Երուսաղէմի պատմական Աթոռին: Չարիք մըն է, որ պատուհասած է Առաքելական այդ դարաւոր Աթոռը:

Յօդուածը կ’ուզեմ աւարտել իր խորհուրդով, որ ժամանակին համարձակած էր տալ Գարեգին Վեհափառին, բայց անիկա կը պատշաճի ճիշտ իրեն. «Դուք եւս ձեզ հռչակէք կարգազուրկ եւ Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռը փրկէք ամբողջական կործանումէ»: Sooner is better.

Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան նախկին անդամ

Կարդացե՛ք հոդվածաշարի առաջին, երկրորդ և երրորդ մասերը։

Մեկնաբանել