Մեր իսկական ռազմիկները, մեր բժիշկները․ նամակ երկրէն

Տարին աւարտին հասած է արդէն: Անցեալ տարուան պարտութենէն ի վեր ոչ գրելու, ոչ խօսելու, ոչ ալ կիսուելու սիրտ ունէի: Իսկ գրողները այնքա՜ն շատ էին եւ են, որ մեզի՝ հասարակ մահականացուներուս շատ բան չեն թողուր ըսելիք ու գրելիք: Գրողներն ու խօսողները ամէն տեղ են ու ամէն ինչի մասին ըսելիք ունին…

Տարին կ’աւարտի արդէն եւ ես կ’ուզեմ այստեղ գրել չխօսողներու եւ չգրողներու մասին: Մանաւանդ անոնց, որոնք լուռ ու մունջ կ’աշխատին, առանց աղմուկ աղաղակի: Լուսարձակներէ հեռու, վարագոյրներու ետին քրտնաջան աշխատանքով կեանքեր կը փոխեն՝ առանց փառափանանքի խօսքերու եւ մետալներու…

Մեր զինուորներէն յետոյ՝ կ’ուզեմ այստեղ գրել մեր հայ բժիշկներուն մասին, որոնց համար պատերազմի հրադադար դեռ չկայ: Անոնք գիշեր ցերեկ կը պայքարին Կովիդի դէմ, դեռ եւս կը բուժեն պատերազմէն վիրաւորուած եւ տարբեր տեսակի վէրքեր ստացած մեր զինուորները:

2021-ի ընթացքին, Հայաստան այցելող բազմաթիւ սփիւռքահայերու մէջ զիս ամէնէն շատ տպաւորողը մեր բժիշկներն էին: Պատիւ ունեցայ մեր տան մէջ հիւրընկալելու ֆրանսահայ վիրաբոժ Արամ Ղազարեանին, որ աշխարհի ուսերու առաջին փոխապատուաստումը իրականացուցած բժիշկն է եւ որուն մասին տարի մը առաջ միջազգային մամուլը անդրադարձած էր գովասանական խօսքերով: Ո՞վ էր տեղեակ, որ այս աշխարհահռչակ բժիշկը տարիներ շարունակ եկած էր Հայաստան եւ կատարած էր վիրահատական բազմաթիւ գործողութիւններ: 44-օրեայ աղիտալի պատերազմի օրերուն եւ ատկէ ետք բժիշկ Արամ Ղազարեանը բազմաթիւ անգամներ եկաւ Հայաստան եւ իր հետ բերելով ֆրանսացի բժիշկներ՝ վիրահատեց ու բուժեց բազմաթիւ վիրաւորուած զինուորներ:

Այս տարի բազմաթիւ այլ այցելուներու կողքին Երեւանի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ պատահաբար ծանօթացայ Fresno Medical Mission-ի (Ֆրէզնոյի բժշկական առաքելութիւն) բժիշկներուն: 2015-էն ի վեր, Ֆրէզնոյի մէջ Հայաստանի Պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի նախաձեռնութեամբ, հայ եւ ամերիկացի բազմաթիւ բժիշկներ այցելած են Հայաստան եւ բուժած բազմաթիւ հիւանդներ: Ամէն տարի, Մարտին, պատուոյ հիւպատոսը կ’այցելէ Հայաստաn եւ կը կատարէ կարիքներու գնահատում, ապա՝ ֆրէզնոհայ ատամնաբուժ Վաչէ Վասիլեանի հետ կը քննարկեն յաջորդ առաքելութիւնը, որ տեղի կջունենայ ամրան կամ աշնան: Պատկերացում մը ունենալու համար Ֆրէզնոյի բժշկական առաքելութեան գործունէութեան մասին, արժէ յիշել միայն, որ անցնող 6 տարիներուն առաքելութիւնը աւելի քան 6 միլիոն տոլարի բժշկական օգնութիւն տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի, իսկ ամերիկացի եւ հայ բժիշկներ բուժած են տասնեակ երեխաներ եւ մեծահասակներ, ու կատարած են բազմաթիւ բարդ վիրահատութիւններ: Բնական է, որ այս տարի բժիշկները պիտի կեդրոնանային վիրաւորուած զինուորներուն վերականգնողական ծառայութիւններ տրամադրելու վրայ: Անոնք արդէն իսկ համագործակցութիւն սկսած են հայաստանեան համապատասխան կեդրոններու հետ: Վերջերս, Ֆրէզնոյի բժշկական առաքելութիւնը 350 հազար տոլար արժողութեամբ վիրահատարան մը տրամադրեց Աշտարակի հիւանդանոցին: Հետաքրքական է, որ Ֆրէզնոյի բժշկական առաքելութեան բժիշկները իրենց բոլոր ծառայութիւնները կը կատարեն մեծաւ մասամբ Երեւանէն դուրս՝ Վարդենիսէն մինչեւ Գիւմրի եւ շրջակայ գիւղերը, մինչեւ Վանաձոր, Դսեղ, Դէպէտ, Արմաւիր, Մասիս… Ի դէպ, ատամնաբուժ Վաչէ Վասիլեանի կինը մանկաբուժ է: Մասիսի մէջ ան յայտնաբերած էր սրտի հազուագիւտ հիւանդութիւն ունեցող երեխայ մը, որոն համար պէտք էր կատարել շատ եզակի վիրահատութիւն: Մանկական հիւանդութեան սրտաբանը ճարեցին Ամերիկայէն, բերին Հայաստան եւ փրկեցին երեխային կեանքը…

Տարեվերջ է արդէն, եւ հիմա, այո, շատ բան կայ ըսելիք: Խօսող-գրողները եւ ճոռոմաբանութեամբ զբաղողները (ընկերներէս մէկը «ստեղնաշարի մարտիկներ» կամ “keyboard warriors” կ’անուանէ ասոնց) շատ են այս օրերուն՝ Հայաստանի հեռաւոր շրջաններէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր համայնքները: Այնքա~ն շատ, որ ցաւօք, իրենց ստեղծած աղմուկ աղաղակին մէջ չերեւիր լաւ եւ օգտաշատ, բայց անաղմուկ աշխատանք կատարողներու գործը: Իսկ Հայաստանի եւ գործով Հայաստան այցելող մեր բժիշկները ժամանակ չունին ստեղնաշարի վրայ պատերազմ մղելու, ժամանակ չունին աջ ու ձախ գլուխ արդուկելու եւ երեւակայական կամ իրական ընդդիմախօսներու դէմ՝ բառակոյտերով շինուած սուր ճօճելու: Անոնց պատերազմի դաշտը վիրահատարանն է, անոնց զէնքերը՝ բժշկական գործիքներն ու իրերը: Մեր զինուորներուն նման՝ պարտականութեան ճամբուն վրայ կը ծառայեն գիշեր-ցերեկ, առանց տրտնջալու, առանց աղմուկ աղաղակի, առանց սեթեւեթումներու: Իսկական ռազմիկը, իսկական մարտիկը բառակոյտերով եւ ստեղնաշարով զբաղելու ժամանակ չունի:Անոնք իրենց գործով ցոց կու տան, որ Հայաստանը պիտի վերականգնի, ինչպէս որ կը վերականգնի վիրաւոր երեխան, զինուորը:

Շնորհակալութիւն մեր իսկական մարտիկներուն՝ հայ երեխային, հայ զինուորին ծառայող մեր բժիշկներուն, Հայաստանը քայլ առ քայլ ոտքի հանողներուն:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Մեկնաբանել