Գառնին ձմրան եղանակին

Քանի մը օր առաջ գացի գիւղի բուժկեդրոնը քորոնայի դէմ երկրորդ պատուաստումս ստանալու: Գիւղացիները հիւանդանոց կը համարեն այս կեդրոնը, բայց նկատի առնելով որ հիւանդանոցային ոչ մէկ պայման չամբողջացներ, ես զայն կը կոչեմ բուժկեդրոն: Նոյնիսկ որպէս բուժկեդրոն, այնտեղ չկան բժշկական անհրաժեշտ սարքաւորումներ. աւելի շատ բժշկական առաջին օգնութեան ծառայողական կեդրոն է:

Այստեղ բաւարար թիւով մասնագէտ բժիշկներ ալ չկան: Կարելի չէ համեմատել, օրինակ, Լիբանանի մէջ գործող Լ.Օ.Խ.ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեղրոնին հետ, հակառակ այն իրողութեան որ շէնքային պայմանները բաւական նպաստաւոր են լաւ բուժկեդրոնի վերածուելու:

Շէնքի ներսը բաւական վերանորոգուած է, մաքուր է եւ կոկիկ: Բուժկեդրոնի անհրաժեշտութիւնը մեծ է, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք որ ան կը ծառայէ Գառնիի եւ իր յարակից գիւղերու բնակչութեան, այսինքն մօտաւորապէս 15000 հոգիի:

Քիչ մը ծանր հիւանդները, իրենց կատարելիք հետազօտական քննութիւններու համար պէտք է երթան յատուկ տարրալուծարան կամ հիւանդանոց, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մէջ կը բացակայի դեղատան մասնաբաժինը:

Ուշադրութիւնս գրաւեց, որ թէ՛ բժիշկները եւ թէ անձնակազմը կին են: Հետաքրքրական երեւոյթ է: Լիբանանի հիւանդանոցներու եւ բուժարաններու մէջ աշխատող բժիշկները մեծամասնութեամբ տղամարդիկ են, իսկ այստեղ բժշկական անձնակազմին մէջ ոչ մէկ տղամարդ տեսայ:

Հակառակ այս փաստերուն, կեդրոնը բաւական մեծ աշխատանք կը տանի եւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կ’օգնէ գիւղի բնակչութեան: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ սփիւռքեան բարեսիրական կազմակերպութիւններ կամ անհատներ պէտք է արդիականացնեն նմանօրինակ հաստատութիւնները, թէ՛ շրջանի բնակչութեան առողջական հարցերուն աւելի արագ եւ անմիջական օգնութիւն ցուցաբերելու եւ թէ ալ կը բեռնաթափեն քաղաքային հիւանդանոցներու ծանրաբեռնուածութիւնը:

Դուրս եկայ կեդրոնէն եւ օգտուելով եղանակի բարենպաստ պայմաններէն սկսայ շրջագայիլ գիւղին մէջ: Այս տարի մեղմ ձմեռ է եւ գիւղացիները այդպէս ալ նախատեսած էին: Անոնք առանց հետեւելու google-ին կամ այլ օդերեւեւթաբանական աղբիւրներու, կանխագուշակած էին մեղմ ձմեռ, հիմնուելով բնութեան նշաններուն վրայ: Ամրան եղանակին եթէ շատ ճանճ չըլլայ եւ կամ եթէ սոխի կեղեւներուն շերտերը քիչ ըլլան, ուրեմն հանգիստ ձմեռ պիտի ունենան: Արդէն դեկտեմբերի կէսն է եւ մասնաւորաբար ցերեկային ժամերը նման են աշնան:

Օրեր առաջ ձիւնած էր եւ ճամբաներուն եզերքները ձիւնի շերտեր կը յամենային: Ծառերը ամբողջութեամբ մերկացած են եւ կանաչ գոյնը ի սպառ բացակայ է: Օգտուելով պայծառ եւ յարաբերաբար տաքուկ եղանակէն, մարդիկ փողոց դուրս եկած էին:
Ձմրան եղանակին գիւղը կիսամայի ու հանդարտ է: Ամէնէն աղմկոտ ժամերը առաւօտեան եւ կէսօրէ ետքի այն ժամերն են, երբ աշակերտները դպրոց կ’երթան կամ անկէ կը վերադառնան: Այդ ժամերուն գիւղին փողոցները կը լեցուին անոնց զուարթաձայն աղմուկով եւ կեանքը կ՛եռայ թաղերուն մէջ:

Շրջագայութեանս ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց երկու-երեք տուներ, որոնք ծախու դրուած են: Գիւղին մէջ սովորաբար տնամերձ տուները հազար քառ. մեթր տարածքով հողամասեր են, որոնց վրայ շինուած տուները ըստ ճաշակի եւ նիւթական հնարաւորութեան եղած են, նոյնիսկ սովետական կարգերու օրերուն: Տուներուն մեծ տոկոս մը երկյարկանի են եւ բաւական տուներ կան որոնք վերանորոգուած են մասնակի իսկ շատ քիչերը՝ հիմնովին: Անշարժ գոյքի առքուվաճառքը սահմանափակուած է ընդհանրապէս գիւղացիներուն միջեւ: Հազուագիւտ ոչ-գառնեցիներ կալուած ունին Գառնիի մէջ: Հաւանաբար անշարժ գոյքի սակագիները իրենց դերը ունին: Երեւանէն դէպի Աշտարակ տանող ճամբուն վրայ գտնուող գիւղերու հողամասերու սակերը համեմատաբար աւելի մատչելի են նոյնիսկ սփիւռքահայութեան: Գառնիի մէջ հազար քառակուսի մեթր հողատարածք մը առանց շինութեան, կը գնահատուի 30էն 40 հազար ամ. տոլար: Իսկ գիւղին մէջ բնակարան մը իր հողամասով կը գնահատուի 100 հազար ամ. տոլար, եթէ ներքին փողոցներու մէջ կը գտնուի: Լաւ դիրք ունեցող տուները, տաճարին մօտ կամ ձորի բերանը, արդէն կը կազմեն բաւական մեծ թիւեր՝ 250 հազարէն սկսեալ: Այս մէկը կը բացատրուի անով որ Գառնին զբօսաշրջիկային գիւղ է եւ անընդհատ զարգացման ընթացքի մէջ է:

Գառնին ամառանոցային գիւղ չէ, հետեւաբար ձմրան բնակչութեան թիւի անկում չունենար: Պարզապէս ցուրտ կլիմայի պատճառով մարդիկ կը պարփակուին իրենց տուներէն ներս: Ճաշարաններն ու հիմնականին մէջ զբօսաշրջիկներու առեւտուրին վստահող խանութները կը գործեն ոչ կանոնաւոր կերպով: Այս վիճակը կ’անդրադառնայ գիւղին ընդհանուր մթնոլորտին վրայ:

Երեկոյեան եւ մասնաւորաբար մութը իջնելէն ետք հետիոտն երթեւեկը համարեայ կը դադարի: Պատահականօրէն կարելի է հանդիպիլ ինքնաշարժերու: Կը նուազին նաեւ հարեւաններու փոխադարձ այցելութիւնները: Գիշերային ժամերուն եթէ քալէք եւ տունէ մը աղմուկ լսուի, կը նշանակէ թէ կամ առիթ մը կը նշեն, կամ քանի մը տղամարդ հաւաքուած են իրար հետ տարբեր զբաղմունքի շուրջ (թուղթ կամ նարտի խաղալ), եւ կամ իրենց ժամանակը կ’անցնեն զրուցելով՝ գիւղի առօրեայ հոգսերէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական բանավէճեր:

Քանի մը շաբաթէն գալիք նոր տարուան համար Գառնեցիք մեծ տրամադրութիւններով չեն սպասեր: Անցեալ տարուան պատերազմի կորուստները առաւել վերջին ամիսներուն քորոնայի զոհերը, գիւղին մէջ տօնական մթնոլորտին վրայ ծանր ազդած են:

Մեկնաբանել