Վարդենիս. Նոր տարի՝ հին ու նոր ցաւեր

Նամակ երկրէն

Աշխատանքային այցով Վարդենիս այցելեցի երեկ: Իմ ղեկավարած World Vision Armenia կազմակերպութիւնը տարիներ շարունակ մարդասիրական եւ զարգացման բազմատեսակ ծրագիրներ իրականացուցած է Գեղարքունիքի մէջ, կեդրոնանալով Գաւառ, Ճամբարակ եւ Վարդենիս քաղաքներու եւ շրջակայ գիիւղերուն վրայ: Միայն Վարդենիսի մէջ, անցնող տարիներուն աւելի քան 3500 երեխաներ, անոնց ընտանիքները եւ 35 գիւղեր ներառուած են World Vision Armenia-ի ծրագիրներուն մէջ: Այսօր 1200 երեխաներ, 37 համայնքներէ, մեր ծրագիրներուն մաս կը կազմեն: Անոնք, իրենց ընտանիքները, իրենց համայնքները այլազան օգնութիւն կը ստանան մեր կազմակերպութենէն: Այս այցելութեամբ, կ’ուզեմ հետեւիլ մեր աշխատանքներուն եւ քննարկել նոր ծրագիրներ:

Գործընկերներուս հետ աշխատանքային քննարկումներ կատարելէ ետք, որոշեցինք այցելել երկու ընտանիքներու, որոնք ընդգրկուած են մեր ծրագիրներուն մէջ: Անոնցմէ առաջինը, Արմէնի ընտանիքը կ’ապրի պատերազմէն ետք սահմանամերձ դարձած Նորաբակ գիւղին մէջ: Ան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն իր ընտանիքին հետ եկած է Դադիվանքի գիւղէն: Ունի 6 երեխայ, երեք աղջիկ եւ երեք մանչ: Երկու աղջիկները ամուսնացած են, իսկ միւսները՝ դպրոցական, բացի մեծ տղայէն, որ 18 տարեկան է եւ յառաջիկայ օրերուն բանակ պիտի մեկնի: Արմէնը Դադիվանք գիւղի դպրոցի ռուսերէնի դասատուն էր, 2020-ի Հոտեմբերէն ի վեր՝ անգործ է, կ’ապրի հին ու խեղճուկ, չորս պատեր ունեցող կառույցի մը մէջ, որ հիմա իր ժամանակաւոր տունն է: Կը նստինք ու կը զրուցենք Արմէնի եւ իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Ձմեռ է, ցուրտ, ու մենք հաւաքուած ենք աթարով վառուող կրակարանին շուրջ: Տարիներ առաջ, Արմէնը Հայաստանէն մեկնած էր ազատագրուած Դադիվանք, ամուսնացած էր Գետաշէնէն փախստական ընտանիքի մը աղջկան հետ, ունեցած էր 8 զաւակ, 4 տարի առաջ՝ զոյգ աղջիկները, ընտանիքի փոքրերը տան մէջ ծագած հրդեհի մը զոհ գացած էին: Պատերազմին ընտանիքին հետ եկած էր Հայաստան, յոյս ունենալով, որ պատերազմէն յետոյ պիտի վերադառնայ տուն… Արդէն մէկ տարի եւ աւելի կ’ապրին պետութենէն եւ մեր նման կազմակերպութիւններէն ստացած նպաստներով, երբ առաջարկ ունենան՝ կ’աշխատին շրջանի արտերուն մէջ: Ապագան անորոշ է, կը սպասեն լուծումներու, ու՞ր պիտի երթա՞ն, ի՞նչ պիտի ընեն, ո՞վ պիտի ուղղութիւն տայ իրենց… Ուրախ են, որ ներառուած են մեր կազմակերպութեան ծրագիրներուն մէջ եւ պատրաստ են մեր օժանդակութեամբ, մեր սոցիալական աշխատողի հետ համագործակցաբար յաղթահարելու այս բարդ օրերը, այս դաժան ճակատագրի սեւ անակնկալները… Մէկ օր առաջ երեխաները նուէրներ ստացած են մեր ուղարկած գաղտնի Ձմեռ Պապէն, ուրախ են, այս տօնական օրերուն, քիչ մը ժպիտ կ’ուրուագծուի անոնց դէմքերուն վրայ: Նոր Տարի է, պէտք է յոյսը պահել: Յոյսը իրենց միակ դրամագլուխն է այս օրերուն:

Դուրս կու գանք տունէն, կը նկարուինք տան մուտքին ու ցտեսութիւն կ’ըսենք իրարու՝ Նոր Տարուան բարեմաղթանքներ փոխանակելէ ետք:

Ձիւնը վերածուած է սառոյցի: Գործընկերներս ցոյց կու տան դիմացի բլուրին վրայի զինուորական նոր դիրքերը: Մէկ կողմը մերիններն են, քիչ մը անդին՝ ադրբեջանական «փոստերը», իսկ գիւղը լուռ է, ձմեռն ու ցուրտը նուազագոյնի հասցուցած են շարժը այս փոքր համայնքին մէջ:

Կը նայիմ չորս դիս՝ Նորաբակ վերանուած այս գիւղի տուները, թաղերը, հատուկենտ մարդիկը դիտելով: 30 տարի առաջ այս գիւղը թրքաբնակ եղած է: Թուրքերը մեկնած են Ադրբեջան, անոնց տեղ Շահումեանի եւ Գանձակի գիւղերէն հայ փախստականներ եկած են այստեղ: Ոմանք մնացած են, շատեր՝ հեռացած: Վիքիբիդիան կ’ըսէ, որ գիւղը բնակեցուած է 1000-ական թուականներէն սկսեալ: Եւ ցաւօք, մնացած է այնտեղ՝ 1000-ականներու մէջ, միջնադար: Հայերով բնակեցուելէ ետք, անցնող երեսուն տարիներուն հիմնական ոչ մէկ զարգացում տեղի ունեցած է հայ փախստականներով բնակեցուած այս գիւղին մէջ: Ոչ «նորմալ» ճանապարհ, ոչ նորմալ փողոցներ, ոչ նորմալ խմելու ջուր: Մարդիկ դեռ հոսող ջուր չունին իրենց տուներուն մէջ: Վերջերս միայն նորոոգուած է գիւղին դպրոցը: Անցնող 30 տարիներուն՝ ոչ մէկ զարգացում, ոչ մէկ առաջընթաց, ոչ մէկ նորակառոյց տուն, շէնք, հիմնարկ… Միջնադարը եկած ու մնացած է այստեղ, դարձած է հայ փախստականներու մնայուն ընկերակիցը:

30 տարի շարունակ մոռացուած, անտեսուած, մեկդի նետուած գիւղացիներուն եւ ամայացած գիւղերուն համար հիմա արդէն ամէն մարդ աղմուկ-աղաղակ կը բարձրացնէ, քանի որ Քարվաճառի կողմէն ադրբեջանական զօրքերը արդէն հանդիպակաց բլուրներու վրայ նստած են: Յանկարծ բոլորը կը յիշեն, որ այդտեղ հայկական հող է, հայ բնակիչներ կան, հայկական գիւղեր են:

«Ու՞ր էիք մինչեւ հիմա», կը մտածեմ, եւ դուրս կու գանք գիւղէն ու կը քշենք դէպի Շատվան, մեր երկրորդ ընտանիքին այցելելու:

Գրեցէ՛ք ինծի:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Մեկնաբանել