Լիբանանեան գողտրիկ անկիւն մը Երեւանի մէջ

Լիբանանի եւ մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի բնակիչներուն համար ծանօթ խանութներ են թաղերու մէջ, կամ երբեմն կայք հաստատած կառքերու վրայ սուրճ եւ նմանատիպ տաք խմելիքներ սպասարկող բազմաթիւ վայրեր: Առհասարակ բանուորները առտու կանուխ, նախքան իրենց աշխատանքի վայր մուտք գործելը, յաճախ սիկարէթի մը ընկերակցութեամբ սուրճ կամ այլ բան կը խմեն:

Այս վայրերը ձեւով մը երիտասարդ բանուորներու ժամադրավայր-հաւաքավայրն է: Այդտեղերուն մէջ կը հաստատուին նոր ծանօթութիւններ, նոր ընկերութիւններ: Անոնք իրենց զրոյցներուն նիւթը ամէն ինչ կրնայ ըլլալ: Մարզական վերջին նորութիւններէն մինչեւ քաղաքական անցուդարձեր: Կարծիքներ կը հնչեն, երբեմն վիճաբանութիւններ կ’ըլլան եւ առանց եզրակացութեան իւրաքանչիւրը կը շտապէ իր աշխատանքին:

Օրեր առաջ նմանօրինակ ժամադրավայր մը բացայայտեցի Երեւանի մէջ: Բարեկամի մը հետ պէտք էր հանդիպէի, ինծի ժամադրեց Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող այս փոքրիկ անկիւնը:

Ճշդուած օրը գացի ժամադրութեանս եւ առանց դժուարութեան գտայ խանութը: Քանի մը քառակուսի մեթր տարածութեամբ փոքրիկ խանութ մըն է, քիչ մը լիբանանեան ոճով «կահաւորուած»: Երկու-երեք սառնարան, Լիբանանէն բերուած սուրճի մեքենայ, երկու փոքր նստարաններ, որոնց վրայ հազիւ երկու հոգի տեղաւորուին եւ քանի մը աթոռակներ, որոնք աւելի շատ կը ծառայեն իբրեւ սեղաններ, այլ խօսքով կարելի է ըսել «տէրուիշ» խանութ մը:

Յաճախորդները ընդհանրապէս Հայաստաբնակ լիբանանահայեր են, թէեւ ունի նաեւ հայաստանցի յաճախորդներ: Պուրճ Համուտեան աւանդոյթը տեղափոխուած է այստեղ: Շատեր իրենց գործի ճամբուն վրայ, առտու կանուխ կուգան այստեղ սուրճ մը խմելու եւ նորութիւններ լսելու կամ փոխանցելու, ուրիշներ հանգիստի կամ ազատ ժամի կ’այցելեն եւ ծանօթի մը կամ բարեկամի մը հանդիպելու յոյսով կուգան այստեղ:

Այստեղ կարելի է հանդիպիլ շատ-շատերու, մասնաւորաբար անոնց որոնց երկար ժամանակ Լիբանան չէք տեսած, կամ ինչպէս կ’ըսեն հայաստանցիները, կարելի է հանդիպիլ անգամ Նոյ նահապետին: Խանութին տիրոջ լիբանանահայ ըլլալու եւ յաճախորդներու մեծամասնութեան լիբանանցի ըլլալու հանգամանքի բերումով, պահ մը այն տպաւորութիւնը կ’ունենաս թէ կը գտնուիս Պուրճ Համուտի մէջ:

Խանութին տէրը Վաչէ Տագէսեանն է, նախկին լիբանանահայ: Միջին տարիքի մարդ մըն է: Ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ: Կինը հայերէնի ուսուցչուհի եղած է Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն վարժարանը: Նախապէս եղած է ոսկերիչ, բայց երբ ոսկերչութիւնը ծանր հարուած ստացաւ Լիբանանի մէջ, Պուրճ Համուտի հրապարակի մօտակայքը իր այս խանութին նման խանութ մը բացած է եւ ապրուստը՝ ապահոված:

Վաչէի երկու տղաները երաժշտական նախասիրութիւն ունենալով, մեծ տղան սորված եւ աւարտած է ջութակ նուագել, իսկ փոքրը՝ կը հետեւի կիթառի: Վաչէն կ’ըսէ թէ կը մտածէ ինքն ալ թմբուկ նուագել սորվի եւ ընտանեկան նուագախումբ մը ստեղծել: Ան անցեալ տարի Մարտ ամսուն եկած է Հայաստան իր ուսանող տղաներուն տեսութեան եւ քովիտի պատճառով »բանտարկուած» է այստեղ:

Այս ժամանակահատուածին, ան դարձեալ Խորենացի փողոցին վրայ փոքրիկ կրպակ մը առած է եւ սուրճի գործի ձեռնարկած: Սակայն, որոշ դժուարութիւններու պատճառով փակած է եւ վերադարձած` Լիբանան:

Լիբանանի տնտեսական տագնապի հետեւանքով երկիրին մէջ ստեղծուած անտանելի պայմանները մղած են Վաչէին վերստին վերադառնալու՝ վերջնականապէս այստեղ հաստատուելու որոշումով: Անցնող Մարտ ամսուն եկած է Հայաստան եւ վարձած է այս փոքրիկ խանութը։ Նոյնիսկ սուրճի մեքենան բերած է Լիբանանէն, իսկ սուրճը նոյնպէս կարելի եղածին չափ կ՛ապահովէ այնտեղէն: Այլ խօսքով, այբէն օֆէ Լիբանան բուրող խանութ մըն է:

Վաչէն համեստ մարդ մըն է, մարդամօտ եւ ընկերային: Կ’ըսէ թէ երբեք հարուստ չէ ապրած, բայց նաեւ ոչ մէկուն կարիքը չէ ունեցած: Միշտ ալ ապրած է իր ճակտի քրտինքով եւ արժանապատուօրէն: Կինը հայերէնի առցանց դասաւանդման գործ գտած է եւ իրեն թեւ-թիկունք է: Մեծ տղան աւարտած ըլլալով, իբրեւ ջութակահար ան ալ գործ մը ճարած է: Այս դրական փոփոխութիւնները հոգեկան խաղաղութիւն բերած են անոր, մոռցնել տալով նախորղ այցելութեան անասելի ու անպատմելի դժուարութիւնները: Այժմ գոհ է եւ կ’ըսէ եոլա կ’երթայ: Հարուստ պիտի չըլլամ, բայց մէկուն ալ կարօտ պիտի չըլլամ, կ’եզրափակէ ան:

Վաչէն լիբանանահայու միջին խաւի տիպիկ օրինակն է, ով դառնացած եւ հիասթափուած իր ծննդավայրի արդէն իսկ անտանելի դարձած պայմաններէն, եկած է հայրենիք, համոզուած ըլլալով որ գտած է իր վերջնակայանը:

Իսկ Վաչէին Խորենացի 3 հասցէին վրայ գտնուող ՎԱՆԻ խանութը, պիտի շարունակէ մնալ լիբանանահայերու ամէնօրեայ ժամադրավայրը, իր պարզունակ, քաղցր եւ ջերմիկ մթնոլորտով:

Մեկնաբանել