Վարդենիս. Նոր տարի՝ հին ու նոր ցաւեր․ մաս 2

Աշխատանքային այցով Վարդենիս մեկնած էի քանի մը օր առաջ: Իմ ղեկավարած World Vision Armenia կազմակերպութիւնը տարիներ շարունակ մարդասիրական եւ զարգացման բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած է Գեղարքունիք մարզին մէջ, կեդրոնանալով Գաւառ, Ճամբարակ եւ Վարդենիս համայնքներուն վրայ: Վարդենիս խոշորացուած համայնքը ունի 35 գիւղ եւ մէկ քաղաք (Վարդենիս): Մինչեւ Արցախեան շարժումը, Վարդենիսի 35 գիւղերէն միայն վեցը զուտ հայաբնակ էին, մնացածը մեծաւ մասամբ թրքաբնակ, կամ՝ խառը բնակչութիւն ունեցող: 90-ականներու սկիզբը արդէն թուրքերը մեկնած էին Ադրբեջան, իսկ Խորհրդային Ադրբեջանի հայերը փախստական դարձած էին ու եկած Հայաստան: Վարդենիսի շրջան ժամանած հայ փախստականները գլխաւորաբար Շահումեանի եւ Գանձակի գիւղերէն են: Անոնցմէ շատեր թողեցին Հայաստանը ու մեկնեցան Ռուսաստան եւ այլ երկիրներ: Ոմանք մնացին այստեղ, ուրիշներ գացին այլ գիւղեր կան քաղաքներ:

Գրած էի արդէն, որ որոշ բացառութիւններով, աղքատութիւնը, թշուառութիւնը համատարած է այդ գիւղերուն մէջ, որոնցմէ 6-ը՝ Կութ, Ազատ, Նորաբակ, Վերին ու Ներքին Շորժա եւ Սոթք համայնքները հիմա արդէն դարձած են սահմանամերձ, որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ադրբեջանական զօրքը Քարվաճարի կողմէն եկած ու տեղաւորուած է հանդիպակաց բլուրներուն վրայ: Գիշերները յաճախ կը լսուին կրակոցներ եւ տեղի կ’ունենան յառաջխաղացման փորձեր: Ըստ տեղւոյն բնակիչներուն, սկիզբը, երբ ադրբեջանցիները յայտնուեցան այս գիւղերու սահմաններուն վրայ եւ սահմաններէն ալ այս կողմ, հայկական կողմը անպատրաստ էր, քնացած, եւ չկրցաւ կանխել անոնց թափանցումը: Հիմա, սակայն, ադրբեջանական զօրքի շարժումները եւ յառաջխաղացման փորձերը անպատասխան չեն մնար…

Նորաբակի մեր հովանաւորած ընտանիքներուն այցելելէ ետք, քշեցինք դէպի Շատվան, այցելելու մէկ այլ ընտանիքի: Այս գիւղը եւս խորհրդային օրերուն թրքաբնակ եղած է: Հիմա այնտեղ կ’ապրին Խորհրդային Ադրբեջանէն եկած հայեր, որոնք կը զբաղին անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ: Գիւղը իր խեղճ ու կրակ վիճակով, շատ չի տարբերիր Նորաբակէն: 30 տարիներու ընթացքին քարի քարի վրայ ոչ մէկ բան դրուած է այս գիւղին մէջ, ոչ մէկ նոր կառոյց, ոչ մէկ զարգացում… Խորհրդային օրերէն մնացածը մաշած-գացած է, բազմաթիւ տուներ կիսափուլ են եւ չբնակեցուած…

Գործընկերներս զիս կը տանին Կարէնի ընտանիքին տունը: Կարէնը 1988-ին 6 տարեկան էր, երբ իր ընտանիքը փախստական դարձաւ Արծուաշէնի մօտակայ բնակավայրերէն: Եղբօր հետ Հայաստան գալով, իբրեւ փախստական տարիներ մնացին Սեւանի որբանոցը, յետոյ ընտանիքի մնացեալ անդամներուն հետ տեղաւորուեցան Գեղամասարի Դարանակ գիւղը: Քանի մը տարի առաջ, կնոջ՝ Քրիստինէի եւ իր երեք մանչ զաւակներուն հետ տեղափոխուեցան Շատվան, պարտքով տուն մը գնեցին եւ որոշեցին իրենց կեանքը կազմակերպել աշխարհէն կտրուած, հայութեան տեսադաշտէն դուրս ինկած, եւ այսօր՝ ադրբեջանական բանակի տեսադաշտի մէջ յայտնուած այս գիւղին մէջ:

Կարէն գարնան եւ ամրան Ռուսաստան մեկնած էր՝ արտագնայ աշխատանքի, որպէսզի կարողանայ գումար վաստակիլ եւ փակել տան պարտքերը: Կինը երեք երեխաներով զբաղելու կողքին՝ հողագործական սեզոնային աշխատանքով կ’օգնէ ամուսնոյն: Այս տարուան Մարտէն ի վեր Կարէնի ընտանիքը ներառուած է մեր ծրագիրներուն մէջ:

Կարէնի եւ Քրիստինէի հետ զրուցեցինք իրենց առօրեայէն: Այո, դժբախտ կեանք ունեցած են անոնք, բայց դժբախտութիւնը պէտք չէ ճակատագրի վերածէն: Կարէն որոշած է գարնան դարձեալ Ռուասաստան մեկնիլ՝ արտագնայ աշխատանքի: Կինը՝ քրիստինէն, մեր սոցաշխատողին հետ տան տնտեսութիւնը կազմակերպելու աշխատանք տարած է եւ սորված է գումար խնայել եւ ճիշդ օգտագործել: Իրենց միջոցներով արդէն նորոգութիւններ կատարած է տան մէջ: Մեր կազմակերպութենէն ամիսներ առաջ ստացած էին 10 ոչխար: Վերջերս գայլը յօշոտած էր ոչխարներէն մէկը, բայց ոչինչ, ոչխարներուն թիւը չէ պակսած, այլ բարձրացած է 12-ի՝ երեք գառնուկներու ծնունդով:

«Տարբերակ չունենք, պիտի աշխատենք, պիտի կառուցենք, պիտի ապրենք: Էլի գնալու եմ Ռուսաստան, փող աշխատեմ, տունս նորոգեմ, երեխեքիս լաւ ապագայ տամ…», կ’ըսէ Կարէն: Քրիստինէն կ’երկրորդէ. «Քիչ-քիչ մեր կեանքը փոխում ենք, փորձում ենք երեխեքի համար լաւ բաներ անենք: Ուրիշ տեղ չունենք գնալու, մեր տունը էս ա, էստեղ ա, էստեղ էլ պիտի մնանք ու… առաջ գնանք: Աստուած մեր հետ»:

Ցտեսութիւն կ’ըսենք իրարու եւ Ամանորի բարեմաղթանքներ կը փոխանակենք: Ուշ է արդէն եւ երեկոյան ժամերուն ճամբայ կ’ելլենք դէպի Երեւան: Ճանապարհին կը մտածեմ հեռաւոր, «մթում կորած խրճիթներ»ու անհիւրընկալ սեւ պատերուն մէջ հազարաւոր ընտանիքներուն մասին: Ամանոր է, եւ անոնք, Կարէնի եւ իր ընտանքին պէս, կը պայքարին կեանքը աւելի բարենպաստ դարձնելու իրենց երեխաներուն համար: Մէկը՝ արտագնայ աշխատանքով, միւսը՝ արտերուն մէջ քրտինքը հողին խառնելով, ուրիշ մը՝ ադրբեջանական դիրքերէն ոչ շատ հեռու կով ու ոչխար արածելով…

Անոնք ճոխ սեղաններու շուրջ հայրենասիրական ճառեր չեն խօսիր: Ճոխ սեղան չեն ալ տեսած: Համացանցով պատերազմ չեն մղեր, ընկերոջս ըսած՝ «ստեղնաշարի մարտիկներ»ուն (keyboard warriors) ատելավառ գրութիւնները չեն կարդար: Անոնք իսկական հայերն են, իսկական հայրենիքը են, իսկական Հայաստան: Անոնք մեր տխուր ներկան են, բայց նաեւ իրենց աշխատանքով ու ճակտի քրտինքով՝ յոյս ներշնչող ապագան: Անոնք են սահմանը պահողները: Անոնք Հայաստա՛նն են, բուքի ու ցուրտի մէջ տուն տաքացնող, թոնիր վառող, քարէն հաց պոկող Հայաստան…

Գրեցէ՛ք ինծի:

Մեկնաբանել