Հալէպի լքուած գիրքերը

Մեղք են մեր գիրքերը, շա՜տ մեղք…

Սուրիական տագնապը տուներէն փողոց նետեց նաեւ հայ գիրքը:

Մեր մեծ հայրերը, առանց չափազանցութեան, յաճախ ուտելիքի փոխարէն գիրք գնած են, թերթ կարդացած եւ ամէն օր որպէս թերթօն`թերթի վարի կողմը մաս մաս հրատարակուող վէպի էջերը հաւաքած, տարած են «Պէքերեան» կազմատուն ու գիրքի վերածած բազմաթիւ գրական գործեր ՝ հաւատալով, որ իրենց զաւակներն ալ պիտի ընթերցեն զանոնք: Այսպիսով քիչ-քիչ ժամանակի ընթացքին ամէն տուն ունեցած է իր գրադարանը:

Մեծ հայրերուն եւ հայրերուն կազմած գրադարանները այսօրուան ժառանգորդներուն համար գլխացաւանքի պատճառ դարձան: Տագնապի տարիներուն երկրէն հեռացողները չէին գիտեր, թէ ինչ ընեն իրենց տուներէն ներս կուտակուած հայերէն գիրքերը, հետերնին չէին կրնար տանիլ, գնող ալ չկար, ո՞վ գիրք պիտի գնէր, երբ ուտելու իսկ դրամ չունէին մարդիկ: Առաջին գացողները իրենց գիրքերը նուիրեցին միութիւններուն կամ գործող գրադարաններուն, որոնք սակայն շուտով հրաժարեցան գիրքերը որպէս նուէր ընդունելէ, որովհետեւ արդէն ունէին այդ գիրքերէն եւ երկրորդ՝ տեղ չէր մնացած այդ գիրքերը տեղաւորելու… Չէ՞ք հանդիպած եկեղեցիներու գաւիթներու կամ միութիւններու բակերուն մէջ նետուած գիրքերու դէզերու, եթէ չէք հանդիպած, կը նշանակէ, որ այդ տարիներուն Հալէպ չէք գտնուած:

Շատ լաւ կը յիշեմ, մեր յայտնի մտաւորականներէն մէկուն զաւակը հօր տունը ծախած էր, եւ անոր հազարաւոր գիրքերը տան մէջ ձգած. տունը գնող արաբը մեղքցած էր հայերէն գիրքերը թափել եւ այդ մասին տեղեակ պահած էր միութենական պատասխանատու իր հայ բարեկամին… հիմա այդ գիրքերը հանգրուանած են միութեան մը մառանին մէջ…

Տագնապի երկարող տարիներուն հետ աւելի դժուար դարձաւ տան գիրքերէն ազատելու խնդիրը. Ի յայտ եկան գիրքը որպէ թուղթ քիլոյով գնողներ, քիլոն՝ 200 սուրիական լիրա= 5-6 սէնթ= 28 հայկական դրամ… կրնա՞ք երեւակայել, հայերէն գիրքը՝ անխտիր՝ գեղարուեստական, արուեստի, հնատիպ կամ նորատիպ, կը ծախուի վերոյիշեալ գինով:

Մի՛ ամչնաք, երեւակայեցէ՛ք:

Հալէպի մէջ ոեւէ մէկուն պէտք չէ հայերէն գիրքը, որովհետեւ ընթերցող ալ չկայ:

Կը յիշէ՞ք, քանի մը տասնամեակ առաջ, գրադարաններէն այս կամ այն գիրքը առնել, կարդալու համար, հերթեր կը գոյանային: Հալէպի մէջ Քրիստափոր գրադարանը միմիայն 17 գիրքով հիմնուած է 1919-ին, այսինքն պետական արաբական Ազգային գրադարանէն 5 տարի առաջ: Այսօր ալ կայ հարիւրամեայ այս գրադարանը, որուն պատասխանատուները ամէն ճիգ կը գործադրեն գրաւելու մեր երիտասրդները եւ զանոնք ընթերցանութեան մղելու: Բժիշկ Ռոպէր Ճեպէճեան 1971 թուականին, իր ակնաբուժարանին կողքին հիմնած է Վիոլէթ Ճեպէճեան գրադարանը, որ հարուստ է հայկական մամուլի իր հաւաքածոներով, պատմական լուսանկարներով, ձեռնարկներու յայտերով, տեսաերիզներով… Ճեպէճեան մտաւորականը առանձինն, որպէս անհատ միութեան մը չափ եւ անկէ աւելի օգտակար գործ կատարած է. այս գրադարանը ուսումնասիրական իրաւ կեդրոն մըն է, ոչ միայն Հալէպի գաղութի այլ ընդհանրապէս ժամանակակից մեր պատմութեան համար: Ներկայիս, ամբողջ տարուայ մը ընթացքին քանի՞ ընթերցող կ’ունենայ այս գրադարանը…

Հոգետունի մէջ հաստատուած Տիգրիս գրադարանը, որ յետագային փոխադրուած էր Տիգրանակերտցիներու Նոր Գիւղի շէնք, չկայ հիմա: Մեծ ճիգ կը գործադրուի վերակազմելու Զաւարեան գրադարանը, այն յոյսով, որ Նոր Գիւղի երետասարդներուն մէջ սէր պիտի արթնցնէ հանդէպ հայ գրականութիւնը:

Հալէպի մէջ ամէն դպրոց, գրեթէ ամէն միութիւն ունի իր գրադարանը, անոնցմէ մի քանին իրապէս հարուստ են իրենց ունեցած գիրքերով՝ հայերէն, արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Այս գանձարաններէն օգտուող գրեթէ չկայ:

Ինչո՞ւ մեր երիտասարդները գիրք չեն կարդար:

Պատասխանը հարցականով կը տրուի.-Ամբողջ երկրագունդի մէջ չի՞ նահանջեր ընթերցանութիւնը:

Այո՛, ինթէրնէթի այս դարուն ամբողջ աշխարհի մէջ կը նահանջէ գիրք կարդալը, մասնաւորաբար գեղարուեստական գիրքերու ընթերցումը:

Հալէպի մէջ սակայն առկայ է այն երեւոյթը, որ պաքալորիա՝ դպրոցական աւարտական դասարանի աշակերտ մը հինգ-վեց հայ գրողի անուն չի կրնար տալ.

-Ը՜, Վահան…,- կ’ըսէ եւ կը լռէ, չի կրնար Տէրեան կամ Թէքէեան մականունը յիշել…

-Սարեան, ո՛չ, ո՛չ, Զարեան,- կ’աւելցնէ…

-Գիտեմ, գիտեմ,- կ’ըսէ բայց չի կրնար շարունակել…

Ինչո՞ւ ընթերցանութեան յատուկ պահ չենք տրամադրեր: -Կը տրամադրենք, վրդովուած պիտի պատասխանեն մեր տնօրէններն ու ուսուցիչները:

Դպրոցներու հարուստ գրադարանները մտնող շատ քիչ աշակերտներ կան, ինչո՞ւ մեր ուսուցիչները նախկիններուն նման չեն վարուիր, ընդամէնը քանի մը տարի առաջ չէ՞ր, որ Ռաֆֆիի «Խենդը» վէպը տասերորդ բոլոր դասարանցիները կարդացած կ’ըլլային…

Ի՞նչ կը սիրեն աշակերտները. վստահաբար բոլորն ալ սիրային բանաստեղծութիւններ շատ կը սիրեն. Կարդանք իրենց համար այսպիսի բանաստղծութիւններ եւ պիտի տեսնենք, որ հաճոյքով պիտի ունկնդրեն եւ նախ ամչնալով, ապա համարձակօրէն իրենք ալ, դասարանին մէջ, բարձրաձայն պիտի կարդան. ոմանք պիտի խոստովանին, որ իրենք ալ սիրային բանաստեղծութիւն գրած են… ուղղագրական սխալներով, տկար հայերէնով, բայց անկեղծ զգացմունքներով լեցուն բանաստեղծութիւններ:

Արկածախնդրական վէպեր քի՞չ ունինք, սիրախառն վէպեր. Չէ՞ք կարծեր, թէ Մալխասի «Զարթօնք» վէպը մեծ սիրով պիտի կարդան մեր տղաքն ու աղջիկները. ո՞ր աղջիկը պիտի չուզէր այդ վէպի հերոսուհի Սոնային նմանիլ- ո՞ր տղան պիտի չուզէր Վարդան-Վահէն երեւակայել ինքզինք… Գէ՞շ պիտի ըլլար եթէ ուսուցիչը սկսէր դասարանին մէջ վէպի մը ընթերցանութիւնը եւ ապա ընթերցանութիւնը շարունակել տար աշխատասէ՞ր աշակերտներու, ո՛չ, տկար աշակերտներու, զանոնք ալ քաջալերելով, զանոնք ալ սիրելով, նաեւ յարգելով: Չմոռնանք, որ ոեւէ մէկը ամէն լաւ բանի ընդունակ դարձնելը կը սկսի անոր մէջ ինքնավստահութիւն սերմանելով՝ վստահելով անոր:

Վերադառնալով դպրոցական գրադարաններուն, ըսենք որ աշակերտներուն հոն առաջնորդելու լաւագոյն միջոցը անոր տնօրինութիւնը աշակերտներուն յանձնելն է: Գրադարանավար պատասխանատու ուսուցիչը ինքն ալ սորվեցուցածին չափ կրնայ սորվիլ իրեն օգնող աշակերտներէն, որոնք լաւ կը ճանչնան իրենց դասընկերները եւ լաւ գիտեն անոնց ուզածը:

Ամենակարեւոր կէտ մըն ալ աշակերտներուն կողմէ սիրուած ուսուցիչ ըլլալն է, որ կրնայ իրականանալ աշակերտները սիրելով եւ զանոնք որպէս մարդ ընդունելով: Եթէ աշակերտները սիրեն ուսուցիչը, յարգեն զայն, ապա անպայման զայն չնեղացնելու համար անոր առաջադրանքներէն գոնէ մաս մը կը կատարեն:

Ըսածներս ոմանց կրնան չափազանց թուիլ, առաջարկներս կրնան բոլորին հաճելի չըլլալ, բայց կրնան բոլորը մղել մտածելու, թէ ի՞նչ միջոցներու դիմենք, որպէսզի մեր խեղճ գիրքերը ելլեն իրենց լքեալ վիճակէն եւ օգտակար դառնան մեր յաջորդ սերունդներուն, որոնց համար ուսում ստանալը միմիայն տրուած դասերը սորվելու նշանակութիւն ստացած է, պարագայ մը, որ մեզ շատ ետ կը պահէ զարգացած սերունդ ունենալէ:

Եկէ՛ք, իրականութեան հետ դէմ դիմաց կենալէ չսարսափինք. այս պարագային իրականութիւնը այն է, որ մեղք են մեր գիրքերը, մեղք են նաեւ մեր տղաքն ու աղջիկները:

Մանուէլ Քէշիշեան

21 Յունուար 2022

Մեկնաբանել