«Քեմփ Արմէն»ը Պիտի Վերակառուցուի

Asbarez.com

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կ՛ողջունէ Թուզլայի «Քեմփ Արմէն»ի վերակառուցման լուրը եւ պատրաստ է աջակցելու անոր վերաշինութեան աշխատանքներուն։

1962ին Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հողատարածքը գնուած էր Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին կողմէ եւ անոր վրայ կառուցած «Քեմփ Արմէն»ը։ 1974ին, քրիստոնէական կազմակերպութիւններու պատկանող բազմաթիւ անշարժ գոյքեր բռնագրաւուեցան երկրի քաղաքական մթնոլորտին պատճառով՝ ազդուած երկրէն դուրս գտնուող քաղաքական շարժումներէն։ Քեմփի հողատարածքը այն անշարժ գոյքերէն մէկն էր, որ բռնագրաւուեցաւ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ։

2015ին, նախագահին համաձայնութեամբ եւ այն ժամանակաշրջանի վարչապետին յանձնարարութեամբ, 8600 քառ․ մ․ անշարժ գոյքին 4715 քառ․ մ․ մասը վերադարձուեցաւ Կէտիկ Փաշայի եկեղեցւոյ հիմնարկին՝ Թուզլայի քաղաքապետին կողմէ։ Այս հողամասին վերադարձէն անմիջապէս ետք աշխատանքները արագօրէն սկսան։ Աւարտեցաւ նոր ճարտարապետական յատակագիծը, ստացուեցաւ արտօնութիւն, եւ շուտով պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները։ «Քեմփ Արմէն»ի նոր յատակագիծը կը պահպանէ իր որբանոցի բնոյթը, պիտի ծառայէ իբրեւ «Երիտասարդական եւ տեղեկատուական կեդրոն» եւ պիտի գործէ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Ներկայիս կապ հաստատուած է համապատասխան մարմիններուն հետ՝ Թուզլայի քաղաքապետարանին մօտ մնացած «Քեմփ Արմէն»ի պատկանող անշարժ գոյքի մնացեալ հողատարածքի վերադարձը ապահովելու համար։

««Քեմփ Արմէն»ը առաջին եւ միակ քեմփը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ մէջ, որ պիտի գործէ իբրեւ զարգացման կեդրոն՝ ամէն ամիս ծառայելով մեր համայնքին՝ ընկերային, մշակութային եւ կրօնական միջոցառումներով, վերապատրաստուած կամաւորներու օգնութեամբ», ըսաւ Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու՝ աւելցնելով․ ««Քեմփ Արմէն»ը հիմնուեցաւ 1962ին՝ մանուկներու կողմէ, որոնց փոքրիկ ձեռքերը ջուր, աւազ եւ աղիւսներ կռեցին։ Անոնք բառացիօրէն գրեցին «Քեմփ Արմէն»ի գոյութեան պատմութիւնը։ Անոնք քեմփը յուշարձանի մը պէս կառուցեցին եւ զայն անուանեցին «Քեմփ Արմէն»։ Անոնք իրենց ետին թողուցին անմոռանալի հոգեւոր ժառանգութիւն մը, որ երբեք պիտի չմոռցուի։ Մենք ալ` իբրեւ այսօրուան երէցներ, նոյն ոգիով կեանքի կոչենք «Քեմփ Արմէն»ը։ «Կործանուեցանք, բայց չկորսուեցանք, միշտ պիտի ըլլանք» ըսելով կենդանացնենք «Քեմփ Արմէն»ը մեր կամաւոր ներդրումներուն շնորհիւ եւ ապրեցնենք զայն իր անցեալի պատմութիւններով»։

«Հրանդ Կիւզէլեանի առաջնորդութեան ներքեւ, «Քեմփ Արմէն»ը իսկապէս օրհնութիւն դարձաւ Անատոլիոյ հարթավայրերէն եկող բազմաթիւ հայորդիներու, ներառեալ Հրանդ Տինքի եւ անոր տիկնոջ՝ Ռաքելի։ Մենք կը յուսանք եւ կ՛աղօթենք, որ նոր Ճամբարը պիտի շարունակէ օրհնութիւն ըլլալ՝ հայ երիտասարդութեան նոր ալիքի մը, ամէն անկիւններէ, ներառեալ Անատոլիայէն» ըսաւ Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան։

Վերջերս, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան օժանդակութեամբ, Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցին կատարեց կարգ մը հիմնական վերանորոգման աշխատանքներ։ Եկեղեցական գործունէութիւններէն բացի, Կէտիկ Փաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ կը գործէ Հրանդ Տինքի անուան դպրոցը։ 2003ին հիմնուած այս դպրոցի հիմնական նպատակն է՝ Հայաստանէն ժամանակաւորապէս Պոլիս հաստատուած ընտանիքներու մանուկներուն համար փոքրիկ հայրենիք մը ստեղծել՝ անոնց տալով հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն, մինչեւ գայ այն օրը, երբ անոնք վերադառնան Հայաստան եւ իրենց ուսումը շարունակեն հայրենիքին մէջ։

Իբրեւ քրիստոնէական կազմակերպութիւն՝ Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր համաշխարհային այս առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններու միջոցաւ, աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի www.amaa.org կայքէջը։

(Թղթակցութիւնը՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութենէն):

Մեկնաբանել