Էրտողան այս պահուն փոխանակ ժողովուրդը գոհացնող լուծումներ առաջարկելու, կը սաստկացնէ իր վարչամեքենան

Բագրատ Էսդուգեան

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան կը սիրէ հարստութեան ցուցադրութիւնը, իբրեւ փառք ու պատիւ։ Այս համոզումը իր մօտ մոլուցքի մը վերածուած է եւ շռայլ ցուցամոլութեան վերաբերեալ քննադատութիւնները կը մերժէ «Պատիւէն խնայողութիւն չըլլար» ըսելով։ Հանրապետական շրջանի ոչ մէկ նախագահ ցանկութիւն յայտնած էր պալատի մէջ ապրելու համար։ Նախագահական նստավայրը սովորաբար Չանքայայի ապարանքն էր, որ յափշտակուած էր հայ մեծահարուստ ընտանիքէ մը։ Այդ ապարանքը չէր կրցած գոհացնել Էրտողանի ակնկալութիւնները եւ ան մայրաքաղաքի կեդրոնին սարքեց իրեն յատուկ պալատ մը։

Այսօր Սահմանադրական Ատեանի կամ Վճռաբեկ Ատեանի հանդիսաւոր նիստերը կը կայանան Պեշթեփէյի պալատին մէջ։ Նախարարաց Խորհուրդն ալ իր նախագահութեամբ կը հաւաքուի նոյն վայրը։ Կայ նաեւ աւելին, Էրտողան բացի Պեշթեփէյի պալատէն երկրի տարբեր քաղաքներու մէջ ունի ամառնային ու ձմեռնային պալատներ։ Հեռուստակայանները կամ գրաւոր մամուլը կը հրապարակէին անոր ոսկեզօծ կահոյքը եւ իբրեւ բաղդատութիւն կը ներկայացնէին այլ երկիրներու համապատասխան կառոյցներու պարզ ու շքեղ, համեստ բայց շատ ճաշակաւոր կահոյքին հետ։ Յայտնի է որ այդ բոլորը բաւարար չեն եղած նախագահին ակնկալած փառքն ու պատիւը ապահովելու համար։ Ընդհակառակը, իր բռնատիրական վարչաձեւը վարկազրկման պատճառ կը դառնայ ամբողջ աշխարհի ղեկավար խաւերուն դիմաց։ Երկրէն ներս ալ հասարակութեան հակումները բնորոշող հարցախոյզները կ՚ապացուցեն, որ օր ըստ օրէ կը նուազի իր եւ իր գլխաւորած կառավարութեան հանդէպ զօրակցութիւնը։ Էրտողան այս պահուն փոխանակ ժողովուրդը գոհացնող լուծումներ առաջարկելու, կը սաստկացնէ իր վարչամեքենան։

Ընդդիմադիրները հալածելու համար կը դիմէ անընդունելի եղանակներուն։ Անոնցմէ մէկն էր որ պատահեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, երբ Էրտողանի Տրապիզոնի հանրահաւաքի ընթացքին տասնամեայ երախայ մը նախագահին երկարած բարձրախօսը առնելով ժողովուրդին խօսք ուղղեց գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահը դաւաճան կոչելու համար։ Այդ պահուն լայն ժպիտ մը յայտնուած էր Էրտողանի եւ շուրջիններուն դէմքերուն։

Երկրէ ներս քաղաքական քարոզչութիւնը հետզհետէ մակարդակի անկում կ՚ապրի։ Այդ անկումի հեղինակն է նախագահ Էրտողան, քանի որ տիրող սղաճը, գործազրկութիւնը եւ այդ բոլորէն ծագած ընկերային դժգոհութիւնը հանդարտեցնելու համար ուրիշ եղանակ մը չունի իր ձեռքին։ Հետեւաբար իր արդէն նախապէս ալ սիրած բեւեռացման ռազմավարութիւնը ալ աւելի թափ ստացած է՝ յուսալով իր հանդէպ հաւատարմութիւնը պահած շրջանակներու ենթարկուածութիւնը ապահովել։ Մակարդակի անկման կարեւոր հետեւանքներէն մէկն ալ յատկապէս երիտասարդ եւ ուսեալ զանգուածին երկրէն ներս ապագայ մը չտեսնելով արտագաղթելու երեւոյթն է։ Անոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն բժիշկները, որոնցմէ միայն բախտաւորները գաղթած երկրին մէջ իրենց ասպարէզը կը շարունակեն։ Իսկ ոմանք ալ կը հարկադրուին իրենց ուսումը մէկ կողմ դնելով պատահած աշխատանքը ստանձնելու։ Բաւական սուղ արժած է նախագահ Էրտողանի կրօնամէտ վարչաձեւը եւ երկիրը բոլոր ցուցանիշներով նահանջած է համաշխարհային քարտէսին

Մեկնաբանել