Հայաստանի Հալէպահայերը

Հալէպահայերը իրենք զիրենք լա՞ւ կը զգան հայրենիքին մէջ:

Իրականութեան մէջ Հալէպահայերը իրենք զիրենք ո՛չ մէկ տեղ լաւ կը զգան:

Տարօրինակ մարդիկ են անոնք, հինէն ի վեր իրենց համար երազային քաղաք մը հնարած են եւ ուր ալ երթան, ամրօրէն անոր կառչած կը մնան: Իրենց նոր բնակավայրերը կը համեմատեն այս երազային քաղաքին հետ, եւ անկէ հեռու ապրելնուն համար իրենք զիրենք դժբախտ կը զգան` որովհետեւ այդ Հալէպը իրենց համար «շահաստան» է, ինչպէս որ նկարագրուած է տակաւին 19-րդ դարուն եւ աւելի ալ առաջ, Հալէպը իրենց համար աշխարհի ամեէն աժան քաղաքն է, աշխարհի ամէնէն ապահով վայրը, ուր տան դուռդ կրնայիր չկղպել գիշերները, ամէնէն հայկականը՝ ըստ իրենց նոյնիսկ Հայաստանէն աւելի, հոն բոլոր մանուկներուն բերանէն մաքրամաքուր հայերէնը կը հնչէ: Հապա ուտելիքները՞, բերնիդ ջուրերը կը վազեն, այնքան որ համով են, ո՞ր մէկը ըսես, Ապու Ապտոյին ֆուլը, Թարաքճիին մամունիյէն, Պալճանի(սմբուկի) քէպապը՞, Փախլաւա՞ն…

Հապա, մեր միութենական կեանքը, հապա եկեղեցինրը՞… Է՜հ, այս ամէնը հո՛ս կամ այլուր, չկա՛ն, ափսո՜ս որ չկան:

Հալէպէն հեռացածները չեն ուզեր հաշտուիլ այն մտքին հետ, թէ հոն մնացողները այս ամէնը մոռցած են, ո՛չ հայերէնը մաս-մաքուր մնացեր է, ո՛չ ապահովութիւն կայ, ո՛չ աժանութիւն, ընդհակառակը ամէն ինչ շատ սուղ է, շահածնին չի բաւեր, գողութիւնը համատարած դարձած է, կաշառակերութիւնը նոյնպէս, միութենական կեանքն ալ չի բաւեր լաւ ապրելու համար, անոր կարօտը դուրս գացածներն են որ կը զգան:

-Հիմա Հալէպի մէջ կարծէք անցեալ դարերը ապրելակերպի վերաքաղ է, որ կ’ընդգրկէ քարի դարէն մինչեւ միջնադար,- դառն քմծիծաղով իրենց վիճակը կը նկարագրեն հալէպցիները:

-Պետութիւնը, մեզ դեղօրայք կը կարծէ, զորս պէտք է պահել մութ ու պաղ տեղ մը, ինչպէս որ է Հալէպը,- դառն քմծիծաղով կ’աւելցնէ ուրիշ մը:

Հալէպէն Երեւան վերջերս փոխադրուած հալէպահայ մը կ’ըսէ.-Երկու ամիսէ Երեւան կը գտնուիմ, սակայն դեռ ամէն վայրկեան կը կարծեմ, թէ ելեկտրականութիւնը պիտի կտրուի, կը վախնամ, որ տուն վերադարձիս, մութ եւ պաղ պիտի ըլլայ, Հալէպի պէս, ուր տուները փողոցէն պաղ են, ուր ինքնաշարժերը պէնզին խնայելու համար ջերմացուցիչները չեն աշխատցներ… կը կարծեմ, որ այս վախը մէջս բարդոյթի վերածուած է եւ երկար ատեն պիտի մնայ…

-Այս տարի շատ պաղ է, շատ –շա՛տ,- հեռաձայնով կ’ըսեն Հալէպէն:

Բոլորս ալ գիտենք, որ Հալէպը շատ պաղ է, մարդոց հոգիներն ալ կը մսին հոն:

Իսկ հո՞ս՝ Երեւանի մէջ:

Հոս տուները տաք են, լուսաւոր, սակայն ձմրան ընթացքին տուները տաքցնելը սուղի կը նայի:

Հապա՞ տան վարձքերը:

Այո՛, ամէնէն դժուարը տան վարձքերը վճարելն է:

Հալէպցիներէն շատ քիչեր հոս տուն ունին: Անոնք որոնք սուրիական տագնապին սկզբնական շրջանին Հայաստան փոխադրուեցան մեծ մասամբ կրցան սեփական տուներու տէր դառնալ՝ երկու պատճառաւ, նախ, այն, եկողներէն շատեր ունեւորներ էին, երկրորդ, իրենց ունեցած սուրիական դրամը տակաւին արժէք ունէր՝ մէկ սուրիական լիրան 10 հայկական դրամի համարժէք էր:

Յետո՞յ, շատ արագ արժեզրկուեցաւ սորիականը, մարդիկ խուճապահար փախուստ տուին տեղացող ամէն տեսակ պայթուցիկներէն, հազիւ կրցան իրենց տուներուն դռները փակել եւ հեռանալ:

Առաջին տարիներուն Հայաստան եկողները, զբռսաշրջիկի նման ապրեցան, իրենց ունեցած քանի մը ղրուշը ծախսեցին, նախ կեդրոնէն վարձեցին տուներ, որոնց պատուհանէն կամ պատշգամբէն անպայման պէտք էր երեւար Արարատը… ժամանակի ընթացքին Արարատը չդադրեցաւ սուրբ լեռ ըլլալէ, բայց արդէն պայման չէր ամէն առաւօտ օրը զայն դիտելով սկսիլ… Յետո՞յ, Սուրիոյ տագնապը կ’երկարէր, վերադարձի յոյսերը կամաց-կամաց կը մարէին: Ոմանք նախընտրեցին աւելի դրամոտ երկիրներ երթալ, օրինաւոր միջոցներով կամ իրենց ամբողջ դրամը վճարելով եւ ապօրինի ճանապարհներով, նոյնիսկ իրենց հայկական անձնագիր-անցագրերը այրել թափելով… Մեծամասնութիւնը սակայն մնաց եւ սկսաւ համակերպիլ:

Համակերպեցան բայց ամբողջովին Հայաստանցի չկրցան դառնալ չինթեկրուեցան, մնացին կիսաօտար:

-Գործի շրջապատին մէջ կը բարեկամանանք, ընկերութիւն ալ կ’ընենք, բայց ընտանեկան կապեր չենք ունենար,- կ’ըսէ ութը տարիէ ի վեր հոս ապրող նախկին հալէպահայ մը, որ Երեւանի համալսարանը աւարտած երկու զաւակ ունի:

Այս մարդուն խօսքը շատեր կը կրկնեն:

Քառասունականներուն եւ վաթսունականներուն ներգաղթածներն ալ մինչեւ վերջ «Աղբար» մնացին եւ միայն Ամերիկա գաղթելնէն ետք «Հայաստանցի» կոչուեցան:

Ի՞նչն է պատճառը:

Հաւանաբար կենցաղի տարբերութիւնը, ապրելակերպի ընդգծուած տարբերութիւնը:

Ո՞վ միւսը չ’ընդունիր, Հայաստանցի՞ն՝ եկուորը, թէ՞ հակառակը:

Թերեւս ամէնէն ընդգծուած տարբերութիւնը ընտանիքի կառոյցի պարագան է, սուրիահայերուն, նոյնիսկ լիբանանահայերուն համար ընտանիքի կառոյցի պահպանումը սրբութիւն է… ըսել չեմ ուզեր որ Հայաստանցիին համար այդպէս չէ, բայց Հայաստանցիներուն մօտ ամուսինները շատ աւելի դիւրին կը բաժնուին իրարմէ, զաւակ ունենալը արգելք չէ անոնց բաժնուելուն, հալէպահայ ամուսիններուն համար բաժնուիլը կը ներուի միմիայն անհաւատարմութեան պարագային, նոյնիսկ այդպիսի պարագային երբեմն անհաւատարիմը ներման կ’արժանանա՝,յ յանուն զաւակներուն… Ահա թէ ինչու շատ քիչ կը հանդիպինք Հալէպցիի մը որ Հայաստանցիի մը հետ ամուսնացած է, իսկ ամուսնացածները աւելի շատ տղաքն են, որոնց, Հայաստանցի ծնողներն ալ կը վստահին եւ կը հաւատան, որ իրենց աղջիկները պիտի յարգուին ու սիրուին իրենց նոր ընտանիքներուն մէջ:

Հալէպցիները լաւ արհեստաւորներ են, ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ բացարձակ վստահութիւն կը վայելեն, Հալէպի մէջ ալ հայ արհեստաւորները մեծ վստահութիւն կը վայելէին: Այդ վստահութիւնը շահած ենք մեր հայրերուն եւ մեծ հայրերուն ազնուութեան եւ վարպետութեան շնորհիւ, մինչեւ հիմա ալ կը փորձենք պահպանել շահուած այդ թանկագին արժէքը:

Հոս բոլորը կ’ընդունին, որ հալէպահայերը ծառայողական նոր՝ բարձր որակ բերին, բոլորն ալ կ’ընդունին, որ մենք լաւ արհեստաւորներ ենք՝ բոլոր ասպարէզներուն մէջ: Այդպէս ալ պէտք է ըլլանք, ուր ալ երթանք պէտք է տեղացիէն շատ աշխատինք, աւելի որակեալ արդիւնք ցոյց տանք, որպէսզի մեր տեղը ունենանք, որպէսզի տեղացին իր ծանօթէն աւելի նախընտրէ մեզի գործ տալ:

Բոլորը կ’ընդունին նաեւ, որ հալէպահայերը ուտեստեղէնի նոր՝ հաճելի ճաշակ մտցուցին Հայաստանի խոհանոցին մէջ: Մեծ թիւով Հալէպահայեր ճաշարաններ ունին, աւելի շատ ճաշարաններու մէջ կ’աշխատին, տուներու մէջ զանազան ուտելիքներ կը պատրաստեն ու կը ծախեն. յաճախորդներ շատ ունին, չէ՞ որ մաքուր եւ համով ճաշեր կը պատրաստեն: Ուսանողները լաւ կը սորվին, շատ աւելի լաւ քան իրենց նախորդ համաքաղաքացիները, որոնք կու գային ուսանելու եւ Սուրիա վերադառնալու, այդ ատեն դասախօսները դիւրին կը յաջողցնէին մեզ, մենք ալ քիչ մը սորվելով, աւելի շատ, հաճոյք փնտռելով կ’անցընէինք մեր ուսման տարիները: Հիմա այդպէս չէ՛, մեր երիտասարդները կը գիտակցին, որ լաւ պէտք է սորվին, աւելի լաւ քան միւսները, որպէսզի կարենան լաւ գործի տէր դառնալ հոս՝ Հայաստանի մէջ: Արդէն հիմա Հալէպի մէջ ալ նոյնն է, լաւ աշխատավարձով գործ մը գտնելու համար, լաւ մասնագէտ պէտք է ըլլալ:

Ուրի՞շ: Շատ հարցումներ կը ծագին մտքիս մէջ, որոնց պատասխանները պիտի փորձեմ գտնել

Այսօր, այսքանը:

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան, 10 Փետրուար 2022

Մեկնաբանել