Լիբանանի ժողովրդային նոր շարժումները ծանր իրավիճակը բարեփոխելու ուղեցոյց չունին՝ կ՝ըսէ դոկտ. Արա Սանճեան

Լիբանանի տնտեսական ծանր տագնապին առաջնորդող պատմական եւ համակարգային պատճառներու մասին իր տեսակէտը կը ներկայացնէ Միշիկընի համալսարանի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար, պատմութեան դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան։

ՍիվիլՆեթի «Տրոփ» ծրագրէն դոկտ. Սանճեան կը բացատրէ Լիբանանի քաղաքական համակարգի առանձնայատկութիւնները,, իշխանութեան տարբեր ճիւղերու` համայնքային դրուածքով նուիրականացած յարաբերութիւնները, անոնց յառաջացուցած կաշկանդումներն ու դժուարութիւնները, երկրի դիմագրաւած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անկարողութեան հիմքերը։

Խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրէին դոկտ. Սանճեան օրէնսդիր մարմնի մէջ նշանակալի փոփոխութեան կարելիութիւն չի տեսներ, նոյնիսկ երբ բարեփոխումներուն հաւանական զօրակցող Սփիւռքի մէջ քուէարկելու համար արձանագրուած լիբանանցիներու թիւը եռապատիկ աւելցած է։

Հաղորդումը վարեց Աբօ Պողիկեան։

Մեկնաբանել