Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի հայ համայնքին ներկայացուցիչները, «Մարսէյ»-«Քարապաղ» ֆութպոլի մրցումին ընթացքին բողոքի գործողութիւն կազմակերպեցին ատրպէյճանական ակումբին դէմ:
Հարիւրաւոր հայեր, որոնք ներկայ էին այս մրցումին, պարզեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Արցախը Հայաստան է», «Ատրպէյճան` յանցագործ երկիր»:
Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ ֆրանսական կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով: