Մարսէյի Հայերուն Բողոքը` Ատրպէյճանական Ակումբին Դէմ

Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի հայ համայնքին ներկայացուցիչները, «Մարսէյ»-«Քարապաղ» ֆութպոլի մրցումին ընթացքին բողոքի գործողութիւն կազմակերպեցին ատրպէյճանական ակումբին դէմ:

Հարիւրաւոր հայեր, որոնք ներկայ էին այս մրցումին, պարզեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ինչպէս նաեւ պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Արցախը Հայաստան է», «Ատրպէյճան` յանցագործ երկիր»:

Նշենք, որ մրցումը աւարտեցաւ ֆրանսական կազմին յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:

Asbarez.am

Մեկնաբանել