Սերտար Քըլըչ կ՛այցելէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

«Ժամանակ» կը հաղորդէ, որ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ՝ Սերտար Քըլըչ, ընկերակցութեամբ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժանմունքի պատասխանատու Այշէ Ուզէրի, այցելութիւն մը տուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեանին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Քըլըչ գոհունակութիւն յայտնած է Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ ունեցած առաջին հանդիպման կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնած, թէ երկու երկիրներու տեսակէտէ դրական զարգացումներու գետին պիտի պատրաստուի բնականոնացման գործընթացի փոխադարձ առողջ քայլերով։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը իր կարգին ուրախութիւն յայտնած է այս այցելութեան համար ու մաղթած, որ յաջողութեամբ պսակուի Սերտար Քըլըչի ստանձնած դիւանագիտական առաքելութիւնը։ Ան հերթական անգամ նշած է, որ կը քաջալերէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։

Մեկնաբանել