Հալէպ,Պէյրութ, Քիէւ, Տոնէցք, … – Երեւան

Հայուն՝ բոլոր հայերուն երկիրը Հայաստանն է, միայն Հայաստանը:

-Քանի՞ հայ կար Հալէպի մէջ:

-Քանի՞ հայ մնաց Սուրիոյ մէջ:

-Քանի հայ կար Պէյրութի մէջ, քանի՞ հայ մնաց հոն:

Նոյնանման հարցեր կարելի է տալ նաեւ Ուքրանիոյ առընչութեամբ.

-Քանի՞ հայ կայ Քիէւի մէջ:

-Քանի՞ հայ պիտի մնայ Ուքրանիոյ մէջ:

Առաջին հայերը ներկայի Ուքրանիա՝ այդ ժամանակի Լեհաստան, փախչելով սելճուքներէն, գաղթած են Անի մայրաքաղաքի քանդումէն ետք, Հայերը արեւմտեան Ուքրանիոյ մէջ ունեցած են Հայ կաթոլիկ արքեպիսկոպոսութիւն, Լվովի մէջ կարեւոր ներկայութիւն եղած է Մխիթարեան միաբանութիւնը, Հայ առաքելական եկեղեցին ալ մեծ դեր խաղցած է, Լվովի մէջ ունեցած ենք թատրոն, գիտնականներ, քաղաքական եւ զինուորական դէմքեր: Հայերը գնահատելի ծառայութիւններ մատուցած են այս քաղաքին: 1943-1944 թուականներուն լեհերու եւ հրեաներու հետ Պանտերական ծայրայեղ ազգայնականներու կազմակերպած ջարդերուն զոհ գացած են նաեւ մօտաւորապէս երկու հարիւր հայ կամ կիսահայ ընտանիքներ. Հալէպի մէջ ալ, մանկութեանս, ականջովս լսած եմ, գազազած ցուցարար ամբոխի գոռոցը.-« Էրմէն մըսքին, թէհթ էս սքքին՝ Հայը խեղճ է, դանակի տակ է»…

Ներկայ պայմաններուն անհաւանական չէ, թէ Ստեփան Պանտերայի նկարները կրկին բարձրացնեն անոր հետեւորդները:

Ըստ 2001 թուականի ուքրաինական մարդահամարի հոն կային 99894 հայեր, որոնցմէ 15700-ը Տօնէցքի մարզի, 4900-ը Քիէւի մէջ: Այդ տարիներուն հայերու կէսէն աւելին ռուսախօս էին, շատ քիչէր (5-6 առ հարիւրը) ուքրաիներէն կը խօսէին: Այսօր, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ուքրանիոյ ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէնիս Աւտոնոմովի, իր երկրին մէջ կ’ապրին քանի մը հարիւր հազարէն մինչեւ կէս միլիոն հայեր, որոնք կը կազմեն համայն աշխարհի հայկական ամենամեծ գաղութներէն մին:

Սուրիոյ տագնապին պատճառաւ քանի՞ հայ եկաւ Հայաստան, քանի՞ հոգի հոս հաստատուեցաւ:

-Ուքրանիոյ Տագնապին պատճառաւ քանի՞ հայ պիտի գայ կամ վերադառնայ Հայաստան: Պիտի վերադառնայ կ’ըսեմ, որովհետեւ հոն գտնուող հայերուն մէկ մասը ժամանակաւոր գացած է Ուքրանիա, անոնցմէ մէկը Կարիկ Աւետիսեանն է, որուն 2015-ին հանդիպած է ամերիկահայ մը, եւ այդ հանդիպման մասին գրած է The Armenian Weekly-ի 2015 Սեպտեմբեր 22-ի համարին մէջ: Կարիկը Քիէւի մէջ LA MAJO անունով սրճարան-լահմաճունանոց մը բացած է ,ուր նաեւ յաճախորդներուն հրամցուցած է Կիլիկիա գարեջուր: Կարիկը իր հետ, որպէս լաւ լահմաճուն եփող, Քիէւ տարած է Հալէպէն ներգաղթած Սիմոն Գաբրիէլ(եան)ը:

Հայու ընդհանրական ճակատագրի անբաժան մասնիկն ալ գաղթն է: Հալէպէն, Պէյրութ, Պէյրութէն Երեւան, Քիէւէն Երեւան, Պաքուէն Երեւան եւ այլուր, ցաւալին այն է, որ Երեւան չենք հաստատուիր, Երեւանէն ալ երեւանցիին հետ կը գաղթենք ամէն տեղ, յետոյ աւելի լաւ տեղեր կը փնտռենք… եւ այսպէս շարունակաբար, մինչեւ որ մեր բնակավայրը աղէտի մը ենթարկուի, այդ ատեն մեզ դիմաւորելու պատրաստ կը գտնենք Հայաստանը, որուն պետութիւնը, նաեւ բնակչութիւնը իրենց պատրաստակամութիւնը կը յայտնեն աղիտեալները ընդունելու:

Կու գանք Հայաստան, կ’ուզենք անպայման Երեւանի մէջ բնակիլ, այդ ալ կեդրոն:

Հայատանցիները բարի տրամադրութեամբ կը դիմաւորեն պատերազմէն փախած իրենց հայրենակիցները, նաեւ ըսողներ կ’ըլլան.

-Ինչո՞ւ էք գալիս, եթէ մեզ յաջողվի մի րոպէ առաջ կը հեռանանք այս երկրից, այստեղ ապրելու երկիր չէ՛…

Նոր եկող հայերը կը զարմանան, իրենց համար Հայաստանը գեղեցիկ, սքանչելի բնութիւն ունեցող ապրելու երկիր է, բայց նախ եւ առաջ Արարատ է:

Հալէպցիները եւ Պէյրութցիները կը փորձեն համակերպիլ. իրենց ապրուստը ճակտի քրտինքով շահիշ, անոնք իրենց աշխատասիրութեամբ, հմտութեամբ, բծախնդրութեամբ, ընտանիքին իրենց նուիրուածութեամբ կը նուաճեն սէր ու յարգանք.

Յաճախ Հայաստանցիները կ’ըսեն.

– Ես միշտ էլ ասել եմ.- Դրսեցիները աւելի հայրենասէր են, նրանք Հայաստանը մեզանից շատ են սիրում:

Կամ.

-Կը սքանչանաս, տեսնելով, որ սիրիացիները ոնց են իրար բռնում, ոնց են իրար հասնում:

Իրականութեան մէջ սուրիահայերը կամ լիբանանահայերը աւելի հայրենասէր չեն քան Հայաստանցիները, ո՛չ ալ աւելի իրար հասնող են:

Բազմաթիւ սուրիահայեր մեծ սիրով պիտի հեռանային Հայաստանէն, եթէ հնարաւորութիւն ունենային, անոնցմէ շատեր մօտիկ հարազատներ ունին Ամերիկա կամ եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ, նոյնիսկ զաւակներ, բայց այդպիսիները կը նախընտրեն հոս ապրիլ, որովհետեւ հանգիստ կեանք մը կ’ապրին, տարիքնին առած են, չեն աշխատիր, եւ կը վայելեն իրենց զաւակներուն ամէն ամիս փոխանցած բաւարար տոլարները: Կան նաեւ դրամատուներու մէջ քիչ թէ շատ գումարներ աւանդ պահ դրած մարդիկ, որոնք կը բաւարարուին անոնց տոկոսով եւ կը վայելեն իրենց «վաստակած»ը. ասոնց համար Հայաաստանը, տունէն «Մեղեդի» սրճարան երթալ է, բաժակ մը սուրճ խմել հալէպցի ծանօթներու հետ, խօսիլ Հալէպի օրերէն, մեծ երկիրներու քաղաքականութիւնը վերլուծել, Պայտընի կամ Փութինի սխալները մատնանշել, աշխարհի ապագան գուշակել, Հայաստանի ղեկավարութեան հեռակայ դասեր տալ, ու նաեւ պետութենէն 28000 դրամ ծերութեան թոշակ ստանալ, փնթփնթալով.-Տուածնին ի՜նչ է որ…

Տուածնին ի՞նչ է, բան մը չէ՛, բայց դուն ի՞նչ ըրած ես այս երկրին համար, որպէսզի արժանի ըլլաս այդ գումարը ստանալուն: Այո՛, քու ունեցածիդ հետ համեմատած բան մը չէ՛, քսանութ հազարը, բայց գիտես չէ՞, որ այդ գումարը հայաստանցի կարիքաւորի հաշուին կը ծախսես: Գիտե՞ս, որ կան 70 տարիքը անցած սուրիահայեր, որոնք իրենց ապրուստը հոգալու համար 50-60 հազար դրամ ամսականով պահակութիւն կ’ընեն… գիտե՞ս:

Հայաստանի դժուարութիւնները շատ են, ասիկա շատ լաւ գիտեն հոս ապրող սուրիահայերը, որոնք հայաստանցիներուն հաւասար կ’աշխատին, հայաստանցիներուն հետ կը կառուցեն իրենց հայրենիքը, իրենց զաւակները դպրոց կ’երթան, երիտասարդները կ’ուսանին: Հալէպահայերը շատ վայելքները կը զրկեն իրենք զիրենք, որպէսզի իրենց զաւակները ուսում ստանան, որպէսզի իրենց զաւակները աւելի լաւ ապրին քան իրենք եւ… եւ կը յաջողին:

Հալէպահայերը, ճիշդ հայաստանցիին պէս, ընկերութենէն մասնիկ մըն են՝ բոլոր երանգաւորումներով՝ գրող, նկարիչ, քաղաքագէտ, գիտնական, բժիշկ, գործատէր, գործաւոր…

Անոնք շատ լաւ գիտեն, որ իրենց զաւակները հոս պէտք է մեծնան, թերեւս իրենք ամբողջութեամբ չկարենան շաղուիլ, բայց հոս հաստատուելով իրենց զաւակները պիտի շաղուին, պիտի զգան եւ գիտակցին որ իրենք՝ հայերն են այս երկրի տէրը՝ ամբողջական տէրը… մեր միակին տէրը:

Այո՛, Հայուն՝ բոլոր հայերուն երկիրը Հայաստանն է, միայն Հայաստանը:

Լափալիսեան այս ճշմարտութիւնը ե՞րբ պիտի հասկնան հայերը՝ բոլորս…

Մեկնաբանել