Հայ դատը կը պահանջէ թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիինը

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի օր կոչ ըրաւ Քոնկրեսի ղեկավարութեան, որ պարտադրէ Ատրպէյճանին ռազմական աջակցութիւնները կասեցնող՝ Ազատութեան զօրակցելու բանաձեւին թիւ 907 յաւելուածին գործադրութիւնը: 1992ին վաւերացուած յաւելուածը 2002էն ի վեր ամբողջութեամբ չի գործադրուիր, որովհետեւ նախագահին տրուած է զայն շրջացնելու իրաւասութիւնը եւ այդ թուականէն ետք բոլոր նախագահները շահագործած են այդ իրաւունքը, որուն հետեւանքով Ատրպէյճան միայն 2002էն 2021ի միջեւ ստացած է առնուազն 164 միլիոն տոլարի ռազմական աջակցութիւն:

Այս բացայայտումը տեղի ունեցաւ 44օրեայ պատերազմէն ետք ամերիկահայութեան եւ հայամէտ քոնկրեսականներուն պահանջին հիման վրայ Քոնկրեսի Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին (GAO) կատարած հետախուզութիւններուն շնորհիւ:

Ծերակուտական Պապ Մենենտեզ շեշտեց, թէ յատկապէս 44օրեայ պատերազմին պատճառած մարդկային վնասներուն լոյսին տակ, Պաքուին ռազմական օժանդակութիւններ տրամադրելու ներկայ ընթացքը պէտք չէ շարունակուի:

Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան կը յայտնէ, թէ Ընդհանուր հաշուապահական գրասենեակին զեկուցումը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան մութ էջերուն վրայ, հաստատելով, որ Ուաշինկթըն երկար տարիներէ ի վեր անպատասխանատու կերպով ռազմական օժանդակութիւն կը տրամադրէ քարիւղով հարուստ, ազգայնամոլ եւ յարձակողապաշտ պաքուի իշխանութիւններուն:

Զեկուցումը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ կայքէջին վրայ, իսկ անոր հիմնական բաժինները՝ կայքէջէն:

Asbarez.com

Մեկնաբանել