Պիտի գա՞ն, պիտի մնա՞ն

yerevan opera kaskad

-Բոլոր հայերը Հայաստան պէտք է գան եւ պիտի գան վերջ ի վերջոյ:

Այս նախադասութեան առաջին մասի բացարձակ ճշմարտացիութեան ոչ ոք կը կասկածի, սակայն «վերջ ի վերջոյ պիտի գան»ը մեզ կը կանգնեցնէ բազմաթիւ հարցումներու հետ դէմ-հանդիման, որոնցմէ առաջիններն են.

-Ե՞րբ է այդ «վերջ ի վերջոյ»ն:

-Մինչ այդ դուրսի հայերուն որքա՞նը հայ պիտի մնայ:

-Հայաստանը ե՞րբ ի վիճակի պիտի ըլլայ բոլոր հայերը ընդունելու:

Այս երեք հարցումներուն ալ պատասխանները քաջալերական չեն.

Առաջինին պատասխանը բոլորիս համար պէտք է պարզ ըլլայ, այն է՝ այդ «վերջ ի վերջոյ»ն ցաւոք երբեք պիտի չգայ, ասիկա ցոյց կու տան Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Ուքրանիոյ այս օրերու դէպքերուն հետեւանքները հայերուս համար:

Բնական է, որ ամէնէն շատ Հայաստան գալ ուզողներ պիտի ըլլան տագնապալի երկիրներէն. ասիկա հասկնալի է, հանգիստ, խաղաղ, հարուստ երկրի մէջ ապրողը ինչո՞ւ պիտի գայ, խելքը կորսնցուցե՞ր է. աւելին, իրականութեան բաց աչքերով նայինք տագնապ ապրող երկիրներէն գաղթող հայերուն քանի՞ տոկոսը Հայաստան եկաւ, եկողներուն քանի՞ տոկոսը այլ ընտրանք ունէր սակայն նախընտրեց Հայաստան գալ:

Օրինակ մը տանք Ուքրանիոյ հայ գաղթականներէն. ինչպէս յաճախ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչութիւնը առաջիններէն է, որ որոշում կ’ընդունի եւ շտապ օգնութեան յատուկ պիւտճէ մը կը յատկացնէ ՀԵՐԹԱԿԱՆ հայ աղետեալներուն. անոնց օգնելու նպատակով Պուլկարիա ապաստանած հայերէն 54- ին հետ հանդիպում կ’ունենայ Վառնայի Հայ աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւը, որուն գրառումէն կ’իմանանք.« Անոնցմէ մէկ երկուքը հաւանաբար պիտի ուզեն Հայաստան մեկնիլ: Մենք պիտի օգնենք անոնց ճանապարհի հարցով…»:

54-էն մէկ-երկուքը պիտի ուզեն Հայաստան գալ… թող ըլլայ 5-10 վերադարձող… իսկ Հայաստան եկողները հոս պիտի մնա՞ն…

-Պէտք է երթայինք, հոս ի՞նչ կայ.- կ’ըսէ 7 տարի Երեւան բնակող հալէպահայ մը…

-Մենք գանատա պիտի երթայինք, ուշացանք, «Հայ տուն»ը գոցուեցաւ եւ շատ դժուարացաւ երթալը,-կ’ըսէ ուրիշ մը:

-Հիմա Աւստարալիա երթալու կարելիութիւն կայ, բայց չորս տարի կը տեւէ մինչեւ ընդունուիլը, նախ եւ առաջ Հայաստանի քաղաքացիութենէն պէտք է հրաժարինք, այս է դժուարը,-Կ’ըսէ քանի մը տարի Լիբանան ապրած, յետոյ Հայաստան ապաստանած մօտւորապէս 65 տարեկան հալէպահայ մը:

Այս հայուն համար, ամէն պարագայի դժուար է հայրենիքին քաղաքացիութենէն հրաժարիլը, պիտի մտածէք: Ո՛չ, անանկ չէ՛. խօսակցութեան շարունակութենէն կը հասկնամ, որ դժուարութիւնը ո՛չ թէ Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարիլն է, այլ այդ պարագային սպասումի չորս տարիները ուր անցընելը, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն բացի ոչ մէկ երկիր կ’ընդունի զինք, Լիբանանն ալ դեռ հարցական է՝ առանց Հայկական անձնագիր-անցագրի: Այս մարդը Հայաստանի մէջ խնդիրներ չունի, ամէն օր պլօթ խաղալով ժամանակը կ’անցընէ, բայց հոն թոշակ պիտի ստանայ, հոս ալ կը ստանայ, բայց հոն կոկիկ գումար մը պիտի ստանայ: Նշելի է, որ գաղթել ուզողներէն շատեր տարիքը առած մարդիկ են, արհեստաւորներ, որոնք տասնեակ տարիներ աշխատած են եւ սակայն չեն կրցած դ դրամ դիզել, ունեցած քիչ մը դրամնին ալ քանի մը տարուայ մէջ ծախսած են հոս:

Թոշակի հարցը ամէնէն կարեւորն է. եօթանասուննոց ամուսիններ են խօսողները.

-Երկուքս ալ կ’աշխատինք, երկու աղջիկ ունինք, անոք ալ կ’աշխատին, բայց առածնին բան մը չէ, յոգնեցան այլեւս, կ’ուզեն այլ երկիր երթալ… ի՞նչ պիտի ընենք երբ դադրինք աշխատելէ…

Ասոնց միակ յոյսը Հալէպի իրենց տունը ծախելն է, ապահովելու իրենց խոր ծերութեան ծախսերը:

Արեւելքէն, յատկապէս միիշխանական Սուրիայէն եկածներուն համար, Հայաստանը ազատ, տէմոքրաթ երկիր է: Անշուշտ կան ընդդիմադիր կուսակցութիւններու անդամներ, որոնց համար իշխանութիւնը հողատու է եւ բռնակալ, սակայն բոլորն ալ, նոյնիսկ հիներուն հետ դաշինք կնքողներուն հետեւորդները համոզուած են, որ նախկինները թալանած են այս երկիրը, որ կրնար դրախտի վերածուիլ: Ամէն պարագայի քաղաքականութեամբ զբաղողները շատ քիչ են Հայաստան եկածներուն մէջ, անոնց մեծ մասը առօրեայ ապրուստը հայթայթելու մտահոգութիւնը ունի:

Գլխաւոր խնդիրը տան վարձքն է: Այս հարցը ինչպէ՞ս կարելի է լուծել. Թերեւս ճիշդ պիտի ըլլար, տան հարցի լուծման մասնակցէին նաեւ արտերկրի պատասխանատու մարմինները, չէ՞ որ ամէն տեղ կալուածներ ունինք, այդ կալուածներու սեփականութեան համար ժողովուրդը քրտինք թափած է, ուրեմն այդ կալուածներու իրաւատէրը նաեւ ժողովուրդն է, որուն մէկ կարեւոր մասը գաղթած է եւ կը շարունակէ գաղթել, կարելի չէ՞ր այդ կալուածներէն մաս մը ծախել եւ Հայաստանի եկածներուն համար բնակարաններ կառուցել… ո՛չ միայն կարելի է, այլ նաեւ անհրաժեշտ է. տունը իր տիրոջ կ’օգնէ մնայուն կեցութիւն ապահովել եւ հետեւաբար աւելի քիչ մտածել գաղթելու մասին. ճիշդ չե՞մ, նոյնիսկ եթէ կը սխալիմ, անհրաժեշտ է, որ մեր գաղութներու պատսխանատուները մտածեն այս մասին եւ համարձակ քայլեր առնեն:

Այս ընթացքով այդ «վերջ ի վերջոյ»ն պիտի չգայ, որովհետեւ որքան ալ մեր հայրենիքը մեզի համար ամենաթանկագին երկիրը ըլլայ, Հայաստանը, բնակութեան առումով դժուար թէ աշխարհի ամէնէն լաւ երկիրը դառնայ, մեր երկրէն շատ աւելի լաւ երկիրներ միշտ ալ պիտի գտնուին եւ մեր հայրենակիցները որքան ալ սիրեն իրենց հայրենիքը, պիտի նախընտրեն այդ երկիրներուն մէջ ապրիլ, եւ իրենց կարօտը հագեցնելու համար երբեմն, որպէս զբօսաշրջիկ այցելել Երեւանը:

Այդ «Վերջ ի վերջոյ» երազ մը պիտի մնայ մեզի համար, որովհետեւ Հայաստանը առանձինն պիտի չկարենայ տեսանելի ապագայի մէջ ընդունիլ բոլորը, իսկ ժամանակը մեզի ի նպաստ չ’աշխատիր, որքան ուշ վերադառնալու ըլլանք, այդքան շատցած պիտի ըլլայ ձուլուողներու թիւը…

…Այս մտորումներով կը մտնեմ ճաշարան:

-Պարո՛ն,- կը լսեմ ուրախ ձայն մը:

Հալէպի նախկին աշակերտուհիներէս է: Կ’ուրախանամ զինք տեսնելով:

Ինքն ալ ուրախ է: Կը գրկախառնուինք:

-Պարոն, շատո՞նց եկած էք… պարոն դպրոցը լա՞ւ է… շատ կարօտցած եմ պարոն:

Այս աղջիկը որպէս սպասեակ գործ գտած է, միեւնոյն ժամանակ համալսարանական ուսանող է:

Կը զրուցենք, կը պայմանաւորուինք կրկին հանդիպիլ. իր դասարանցիներէն շատեր հոս են, Եւրոպա, Գանատա, Աւստարալիա ալ գացողներ կան: Ինք շատ կարօտցած է հեռուն գտնուող ընկերները:

-Չե՞ս ուզեր անոնց քով երթալ,- կը հարցնեմ:

-Ո՛չ, պարոն, մեր երկիրը հոս է, իրենք թող գան:

Բարեբախտաբար հանդիպածս երիտասարդներուն մեծ մասը այս աղուոր աղջկան պէս կը մտածեն:

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան, 13 Մարտ 2022

Մեկնաբանել