Թուրքիոյ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան դաշ­տին մէջ տի­րող բե­ւեռա­ցու­մը յա­ճախ տե­ղի կու տայ չա­փազան­ցութիւննե­րու

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անհաւա­տալիօրէն շատ են այն երեւոյթնե­րը, որոնք մե­զի կը յի­շեց­նեն չա­փազան­ցութիւն բա­ռը։ Թուրքիոյ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան դաշ­տին մէջ տի­րող բե­ւեռա­ցու­մը յա­ճախ տե­ղի կու տայ չա­փազան­ցութիւննե­րու։ Ու երբ կ՚անցնինք տրա­մաբա­նու­թեան չափ ու սահ­մա­նը, խօսքն ալ ինքնա­բերա­բար կը կորսնցնէ իր կշի­ռը։

Իշ­խա­նու­թիւնը եւ անոր զօ­րակ­ցող գրիչ­նե­րը, լոկ այդ զօ­րաց­կութեան սի­րոյն դիւ­րաւ կը դի­մեն տրա­մաբա­նու­թե­նէ հե­ռու չա­փազան­ցութիւննե­րուն։ Կը ստեղ­ծեն կար­ծե­ցեալ թշնա­միներ, որ­պէսզի ար­դա­րաց­նեն սպա­ռազին­ման հա­մար իրենց վատ­նած հսկայ գու­մարնե­րը։ Իբ­րեւ թէ երկրի անվտան­գութեան հա­մար, օդա­յին պաշտպա­նու­թեան հա­մար, իսկ իրա­կանու­թեան մէջ տա­րած­քաշրջա­նի վրայ վախ ու սար­սափ յա­ռաջաց­նե­լու հա­մար կը մսխեն հա­սարակ մարդկանց օրա­պահի­կէն յափշտա­կուած աստղա­բաշ­խա­յին գու­մարներ։

Իշ­խա­նու­թիւննե­րու եւ անոնց քա­րոզ­չութեան հե­տեւան­քով ալ հա­սարա­կու­թեան որոշ մէկ հա­տուա­ծը մեծ ոգե­ւորու­թեամբ կը տա­րուին այդ չա­փազան­ցութե­նէ։ Օրո­ւայ սնունդը ճա­րելու դժո­ւարու­թեան մատ­նո­ւած ժո­ղովուրդը կը լո­լոզեն աշ­խարհի մե­ծագոյն օդա­կայա­նով, ամե­նամեծ կա­մուրջնե­րով կամ ամե­նահսկայ հի­ւան­դա­նոց­նե­րով։ Իբ­րեւ քա­րոզ­չութեան նիւթ ժո­ղովուրդին կը ներ­կա­յաց­նեն այդ հսկայ շէն­քե­րը, բարձրա­յարկ շի­նու­թիւննե­րը, բազ­մա­շերտ ճա­նապարհնե­րը, երկնա­գեր­նե­րը։ Այդ ընե­լով կը յու­սան թէ սե­փական ինքնա­շար­ժին բեն­զին լեց­նե­լէ ան­կա­րող, այդ երկնա­գեր­նե­րուն փո­խարէն ջե­ռու­ցումէ զուրկ խրճիթ­նե­րու մէջ ապ­րողնե­րը պի­տի ոգե­ւորո­ւին երկրի նո­ւաճումնե­րով։

Հա­սարա­կու­թեան կա­րեւոր մէկ հա­մեմա­տու­թիւնը միամի­տօրէն կ՚ազ­դո­ւի այս քա­րոզ­չութե­նէն։ Հար­ցա­խոյզնե­րու ար­դիւնքնե­րը կ՚ապա­ցու­ցեն թէ իշ­խող կա­ռավա­րու­թիւնը ամե­նաան­պաստ պայ­մաննե­րու տակ իսկ կը վա­յելէ ընտրող­նե­րու աւե­լի քան 35 տոկոսի հա­մակ­րանքը։ Ըն­կե­րագէտ­ներ կը դժո­ւարա­նան յատ­կա­պէս հա­սարա­կու­թեան տու­ժած զան­գո­ւած­նե­րու այդ են­թա­կայու­թիւնը բա­ցատ­րե­լու։

Գիտ­նա­կանի հա­մար դժո­ւար եղա­ծը թե­րեւս աւե­լի դիւ­րին է մտա­ւորա­կանի, մա­նաւանդ ալ գրող­նե­րու հա­մար։ Ի վեր­ջոյ անո­ւանի եր­գի­ծաբան Ազիզ Նե­սին ան­վա­րան յայ­տա­րարած էր թէ Թուրքիոյ բնակ­չութեան 60 տո­կոսը յի­մար­նե­րէ կը բաղ­կա­նայ։ Տե­ղին է Նե­սինի այդ բա­ցատ­րութիւ­նը, բայց թե­րի։ Թե­րու­թիւնը կու գար վի­ճակագ­րութիւ­նը Թուրքիոյ հետ սահ­մա­նած ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թէն։ Կ՚ար­ժէ հարցնել թէ այ­դեօք նոյն աս­տի­ճանի յի­մար­նե­րու բնակ­չութեան մէջ կազ­մած հա­մեմա­տու­թիւնը ինչ է, օրի­նակի հա­մար Միացեալ Նա­հանգնե­րու մէջ, օրի­նակի հա­մար Հա­յաս­տա­նի կամ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան մէջ։ Նման լո­լոզումներ ար­դեօք այդ եր­կիրնե­րու մէջ ալ կ՚ու­նե­նա՞ն հա­ւանա­կան գնորդներ։

Վրան բա­ւակա­նին մտա­ծելու ար­ժա­նի հար­ցում մըն է այս, որուն պա­տաս­խա­նը են­թադրա­կան պի­տի ըլ­լայ։ Նոյ­նիսկ պա­տահար­նե­րը բա­ւարար պի­տի չըլ­լան սխալ ըն­թացքէն սթա­փելու հա­մար։ Կար­ծես բո­լորիս միաս­նա­կան յոյ­սը պի­տի ըլ­լայ սթա­փելու հա­մաշ­խարհա­յին այն երե­ւոյ­թը որ ինքնին պի­տի յա­ջողեց­նէ գի­տակ­ցութեան գա­լու եւ այս շեղ ըն­թացքը վերստին ու մար­դա­վայել հու­նի մը մէջ դնե­լու հա­մար։

Եթէ յոյ­սը կա­պեցինք հոս, ու­րեմն ձայ­նակցինք աշուղ Ճի­ւանիի խօս­քե­րուն եւ յու­սանք թէ «Ձա­խորդ օրե­րը ձմրան նման կու գան ու կ՚եր­թան, վհա­տելու չէ վերջ կ՚ու­նե­նան, կու գան ու կ՚եր­թան»։

Agos.com

Մեկնաբանել