Թուրքիոյ աքսորեալ մտաւորականութեան նախաձեռնութեամբ Պերլինի մէջ կայացած է համագումար

Թուրքիոյ աք­­սո­­­րեալ մտա­­ւորա­­կանու­­թեան նա­­խաձեռ­­նութեամբ, 6-7 Մարտ թո­­ւական­­նե­­­րուն Գեր­­մա­­­նիոյ մայ­­րա­­­քաղա­­քին մէջ կա­­յացաւ «Ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան եւ Ազա­­տու­­թեան Հա­­մագու­­մար» անուն ժո­­ղովը։

Նոյն խո­­րագ­­րով աւե­­լի քան 2,5 տա­­րի առաջ ալ կա­­յացած էր նման մէկ­­տե­­­ղու մը, այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ այս վեր­­ջի­­­նը կո­­չուե­­ցաւ երկրորդ հան­­դի­­­պում։

Փրոֆ. Նե­­շէ Էօզ­­կե­­­նի եւ պոլ­­սա­­­հայ լրագ­­րող Հայ­­քօ Պաղ­­տա­­­տի ար­­տա­­­սանած բաց­­ման ճա­­ռերէ ետք մեկ­­նարկեց եր­­կօ­­­րեայ հա­­մագու­­մա­­­րը, որ ի մի կը բե­­րէր Եւոր­­պա­­­յի զա­­նազան եր­­կիրնե­­րէն եւ Թուրքիայէն բազ­­մա­­­թիւ ընդդի­­մադիր ակա­­դեմա­­կան­­ներ, լրագ­­րողներ ու մտա­­ւորա­­կան­­ներ։

Հա­­մագու­­մա­­­րի առա­­ջին նիս­­տը կը կրէր «Վնա­­սի ստու­­գում» խո­­րագի­­րը եւ ժո­­ղովա­­վարն էր Տոքթ. Լա­­թիֆէ Աքեիւզ։ Այս նիս­­տին իրենց զե­­կոյցնե­­րը ներ­­կա­­­յացու­­ցին «Ակօս»ի սիւ­­նա­­­կագիր Պաս­­քըն Օրան, Ճեն­­կիզ Աք­­թար, Եւոր­­պա­­­յի Ալե­­ւինե­­րու եւ Պեք­­թա­­­շինե­­րու Խոր­­հուրդի պա­­տուոյ նա­­խագահ Թուրկութ Էօքէր, ՀՏՓ-ի պա­­տուոյ նա­­խագահ Էր­­թուղրուլ Քիւրքչիւ, Ազատ Իրա­­ւաբան­­նե­­­րու Միու­­թեան հա­­մանա­­խագահ Պիւնյա­­մին Շե­­քեր, Իս­­թանպու­­լի Հա­­մաձայ­­նութեան Ար­­շա­­­ւի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Քիւպրա Տե­­րին եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Եիղիթ Աք­­սա­­­քօղ­­լու։

Այս նիս­­տի ատե­­նախօս­­ները ընդգծե­­ցին մե­­նատի­­րական վար­­չա­­­կար­­գի պե­­տական հա­­մակար­­գի վրայ գո­­յացու­­ցած ժխտա­­կան ազ­­դակնե­­րը։

Առա­­ջին օրո­­ւայ երկրորդ նիս­­տին խո­­րագիրն էր «Ել­­քի մի­­ջոց»։ Այս խո­­րագ­­րի ներ­­քեւ կար­­գաւ խօսք առին Հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Սեզ­­կին Թան­­րը­­­քու­­լու, Մայր Հայ­­րե­­­նիք կու­­սակցու­­թեան նախ­­կին նա­­խագահ Նես­­րին Նաս, Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան Կու­­սակցու­­թեան պատ­­գա­­­մաւոր Մեհ­­մետ Ռիւշտու Թիր­­յա­­­քի, հա­­կաքա­­փիթա­­լիստ մահ­­մե­­­տական­­նե­­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչ Իհ­­սան Էլիաչըք (Էլիաչըք երկրէ հե­­ռանա­­լուն ար­­գելք ու­­նե­­­նալուն, իր զե­­կոյ­­ցը ներ­­կա­­­յացուց առ­­ցանց դրու­­թեամբ), լրագ­­րող Եաւուզ Պայ­­տար, Կա­­նանչներ Ձախ Կու­­սակցու­­թեան հա­­մանա­­խագահ Այ­­շէ Էր­­տեմ։

Նիս­­տի Ժո­­ղովա­­վարն էր Թուրքիա-Գեր­­մա­­­նիա Մշա­­կու­­թա­­­յին Ֆո­­րու­­մի բան­­բեր եւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մե­­­րու նկա­­րահան Օս­­ման Օք­­քան։

Այդ նիս­­տին ատե­­նախօս­­նե­­­րը անդրա­­դար­­ձան Թուրքիոյ ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րուն, ընդգծե­­լով դա­­տական հա­­մակար­­գի քա­­ղաքա­­կանաց­­ման, մա­­մու­­լի իշ­­խա­­­նու­­թեան քա­­րոզ­­չա­­­մեքե­­նայի վե­­րած­­ման, խորհրդա­­րանի լիազօ­­րու­­թիւննե­­րու սահ­­մա­­­նափակ­­ման, ակա­­դեմա­­կան ան­­կա­­­խու­­թեան վե­­րաց­­ման, հա­­սարա­­կու­­թեան բե­­ւեռաց­­ման, ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րու կազ­­մած դա­­շինքնե­­րուն եւ գոր­­ծող կա­­ռավա­­րու­­թեան պատ­­ճա­­­ռած ըն­­կե­­­րային, տնտե­­սական ու բնա­­պահ­­պանման աւեր­­նե­­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լու մի­­ջոց­­նե­­­րուն։

Շա­­բաթ օր յետ­­մի­­­ջօրէին կա­­յացաւ եր­­րորդ նիս­­տը, որուն խո­­րագիրն էր «Ապա­­գան կեր­­տել»։ Ժո­­ղովա­­վար Ճան Տիւնտար «Ինչպէ՞ս պի­­տի ապա­­հովենք հա­­սարա­­կական հա­­մերաշ­­խութիւ­­նը։ Պի­­տի կրնա՞նք նե­­րել զի­­րար» հար­­ցումնե­­րը ուղղե­­լով նշեց պե­­տական կա­­ռոյցնե­­րու են­­թարկո­­ւած իմաս­­տազրկու­­թիւնը։ Ան նշեց թէ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը բռնա­­տիրու­­թեան գոր­­ծի­­­քը վե­­րածո­­ւած է, ապա զե­­կու­­ցե­­­լու կոչ ըրաւ ատե­­նախօս­­նե­­­րուն։

Այս նիս­­տին զե­­կու­­ցողներն էին դի­­ւանա­­գէտ Ռը­­զա Թիւրմեն, Փրոֆ. Նո­­րա Շե­­նի, գրող Աս­­լը Էր­­տո­­­ղան, ՀՏՓ-ի պատ­­գա­­­մաւոր Թիւ­­լայ Հա­­թիմօղ­­լուլլա­­րը, քա­­ղաքա­­գէտ Հա­­թիփ Տիճ­­լէ, ՀՏՓ-ի պատ­­գա­­­մաւոր եւ մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու պաշտպան Էօմեր Ֆա­­րուք Կեր­­կերլիօղ­­լու ու Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանէն կա­­ռավա­­րու­­թեան նշա­­նակած տե­­ղապահ տե­­սու­­չի կող­­մէ պաշ­­տօ­­­նազրկո­­ւած ակա­­դեմա­­կան Ճան Ճան­­տան։

Շա­­բաթօ­­րեայ այս երեք նիս­­տե­­­րէն ետք հա­­մագու­­մա­­­րը շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ նաեւ 6 Մարտ կի­­րակի օր կա­­յացած նիս­­տե­­­րով, որոնք միաս­­նա­­­բար կը պար­­զէին Թուրքիոյ այժմու հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րը եւ կը փոր­­ձէին հա­­ւանա­­կան իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թե­­­նէ մը ետք վե­­րակերտման մի­­ջոց­­նե­­­րը որո­­նելու։

Agos

Մեկնաբանել