Թուրքիոյ հասարակութեան բեւեռացումը

Բագրատ Էսդուգեան

Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ նկատուող կարեւորագոյն վտանգը բեւեռացումն է։ Բռնապետութիւնները մեծ ակնկալութիւններ ունին հասարակութիւնը բեւեռացնել է։ Համոզուած են որ ընկերութեան մէջ ճակատումներ ստեղծելով կ՚ամրապնդեն իրենց հաւատարիմ շարքերը։

Ներկայ դրութեան մէջ հարցախոյզները յստակ պատկերներ կը ներկայացնեն բոլորիս։ Միշտ բացառութիւնները յարգելով կրնանք ընդհանուր ենթադրութիններ կազմել։ Ի վերջոյ այդ ենթադրութիւնները յաճախ կ՚արտասանուին իշխանութեան շրջանակներէն ալ։

Օրինակի համար «Ուսման մակարդակը քանի բարձրանայ, կը նուազի մեզի զօրակցողներու համեմատութիւնը»։ Այդ հաստատումը կու գայ Նախագահ Էրտողանի իշխանութեան ներկայացուցիչներէն։ Նման երեւոյթը կարելի է դիտել հասարակութեան տնտեսական խաւերու միջեւ։ Իշխանութեան վարկը շատ աւելի բարձր է հասարակութեան համեստ ու անապահով խաւերուն մէջ։ Անոնք որ կը դժուարանան հանապազօրեայ հացը ճարելու, կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ այդ թշուառութեան հեղինակ դարձած քաղաքական միտքին։ Այդ միտքը նկարագրող քարոզչութիւնն ալ ուղղուած է նոյն ինքն ամենաաղքատ դասակարգին։ Հոգաւորականի պատմուճան հագած սատանաներ կը փորձեն մարդկանց համոզել, թէ այս աշխարհի վրայ մատնուած թշուառութիւնը պիտի պարգեւատրուի յետմահու, արքայութեան մէջ։

Անշուշտ որ Էրտողանի կուսակցութիւնը այս բոլորին գիւտարարը չէ։ Տարբեր կրօնքներէ մարդիկ պատմութեան բոլոր ժամանակներուն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներէ ներս լոլոզուած են նման խաբկանքներով։ Սակայն այս բեւեռացումը իր հետ կը ծնի նաեւ բռնութեան երեւոյթներ։ Կիներու դէմ բռնութիւնը, սպանութեան հասնող արարքները, եթէ այսպէս ըսել կարելի է, մշակութային խոր արմատներ ունին։ Տհաս եւ անճարակ տղամարդիկ իրենց տկարութենէն բխած բազմաբնոյթ բարդոյթները յագեցնելու համար կը բռնանան կանանց։ Անոնց դէմ իրաւունքներ կը վերագրեն իրենց, լոկ այդ պատճառաւ որ կը պատկանին արական սեռի։

Ընկերութեան մէջ բռնութեան նոր հոսանք մըն ալ կը ձեւաւորուի ուսեալ զանգուածի դէմ։ Այդ զանգուածի ամենաաչքառու կերպարներէն են բժիշկները եւ տգէտ մարդիկ ալ աւելի մեծ հպարտութիւն կը զգան, երբ կը բռնանան բժիշկի մը դէմ։ Իրենց համար պատուաբեր է բժիշկ ծեծելը։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին բժիշկին դիմաց ինքզինք անճարակ զգացած մարդիկ հիմա այս նոր հոսանքին մէջ գտած են իրենց բարդոյթը յագեցնելու միջոցը։ Նախագահ Էրտողանի 14 Մարտ Բժշկագիտական Տօնի նախօրեակին երկրի բժիշկներու ուղղեալ նախատինքով լեցուն ելոյթը պէտք է դիտել այս շրջանակին մէջ։ Էրտողան այսպէսով կրկին անգամ ամրապնդեց իր ընտրողները, որոնք կ՛ոգեւորուին այս տեսակի արտայայտութիւններ լսելով։

Մեկնաբանել