Հալէպ եւ… Ո՞վ պիտի որոշէ

ԿՐԹԱՍԻՐԱՑ-Ս.-ՉԵՄՊԷՐՃԵԱՆ-ՎԱՐԺԱՐԱՆ-երկրորդական

Լա՞ւ են Հալէպի լուրերը, թէ՞ վատ:

Եթէ ֆէյսպուքով դատենք, ապա Հալէպի մէջ ամէն ինչ աւելի քան լաւ է. բոլոր առիթներուն քէֆը եւ ուրախութիւնը անպակաս են:

Ցաւալիօրէն ընդունինք, որ հայերուն գլխուն այնքան փորձանքներ եկան եւ տակաւին կը շարունակեն գալ, որ կարծէք արդէն կարեւոր ալ չեն Հալէպի լուրերը:

Ո՞ր մէկուն մասին մտածեն խեղճ հայերը, Լիբանանի՞, Ուքրանիո՞յ, թէ Հայաստանի ու Արցախի:

Բնականաբար որպէս հող-երկիր-հայրենիք՝ Հայաստանի ու Արցախի մասին պէտք է մտածենք, բայց որպէս ազգ-ժողովուրդ իրաւունք չունինք անտեսելու ամենափոքր գաղութն իսկ. մարդու մը մարմնի որ մասը որ ցաւի, սիրտը հոն է, նոյնն ալ ազգի մը պարագային է:

Մեր ազգի մարմնի բոլոր մասերը կը ցաւին, տեղ մը քիչ մը աւելի, տեղ մը քիչ մը նուազ, բայց մենք կը գալարուինք, անընդհատ կը տապլտկինք մեր բաց վէրքերուն պատճառած ցաւերէն: Ուքրանիոյ մէջ, արդէն հինցած տուեալներով, 20 զոհ ունինք: Մենք վիճակագրութիւն չունինք, հետեւաբար չենք գիտեր, թէ քանի ուքրանահայ բռնած է գաղթի ճամբան: Ուքրանիայէն Հայաստան ապաստանած բուն ուքրանացիներուն թիւը աւելի մեծ է քան հայրենիք եկող ուքրանահայերունը. այնտեղի հայերը կը նախընտրեն Եւրոպա ապաստանիլ, ինչպէս պիտի ընէին նաեւ այլ վայրերէ գաղթածները՝ եթէ հնարաւորութիւն ունենային:

-Այս ըսածներդ բոլորս ալ գիտենք, դուն Հալէպի մասին պատմէ,- ըսողներ պիտի ըլլան:

Հալէպահայը միշտ ալ իր սրտին ու մտքին մօտիկ զգացած է ամբողջ հայութիւնը, այդ պատճառաւ ալ չեմ կրնար Հալէպը առանձնացնել, բայց եւ այնպէս պիտի փորձեմ բացատրել հալէպահայուն այսօրուան վիճակը:

Հալէպահայերը լաւ մը պաղեցան այս ձմեռ, վերջին շրջանի արցախցիներուն նման:

-Ամէն տեղ պաղ էր եւ է տակաւին:

-Այո՛, ամէն տեղ պաղ էր, բայց ամէն տեղ ալ տաքնալու միջոց կար: Հալէպցիները ո՛չ տաքնալու միջոց ունէին, ո՛չ ալ տաքնալու միջոց ունենալու համար վճարելիք դրամ:

-Չդիմացա՞ն պաղին, սառցակալեցա՞ն:

-Ո՛չ, որովհետեւ հալէպահայերը իրապէս ինքզինքնին տաքցնելու, կամ պաղին դիմանալու ընդհանրական հոգի ունին, որ կը մարմնաւորուի միութենական հաւաքական աշխատանքով: Ամբողջ ձմրան մեր մարզական խումբերը մարզուեցան եւ մրցումներու մասնակցեցան: Մեր տղոցմէ եւ աղջիկներէն շատեր կրնային մեծ գումարներու փոխարէն մաս կազմել տեղական հարուստ ակումբներու, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը գերադասեց հայկական ակումբի մէջ մնալ:

Քանի՞ գաղութ նկարչական դպրոց ունի: Մեր նկարչական դպրոցները, մանաւանդ «Սարեան ակադեմիա»ն եւ «Արշիլ Կորգի»ն գծել սորվեցուցին հարիւրաւոր աշակերտներու, որոնց մէջ նաեւ մեծ թիւով քրիստոնեայ եւ իսլամ արաբներ:

Քանի՞ գաղութ երաժշտական դպրոց, երգչախումբ, դասական երաժշտութեան նուագախումբ ունի… : Հալէպը այս ամէնէն քանի մը հատ ունի:

Թատերախումբերը չեմ ըսեր, 100, 90, 60 տարեկան հալէպահայ թատերախումբերը տակաւին բեմի վրայ են. մեր թատերախումբերը անցեալին թեւ ու թիկունք եղած են հայ դպրոցին՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Ունինք թատերասրահներ, համերգասրահներ:

Այո՛, մսեցան հալէպահայերը, խորոված եւ հարիսա աւելի քիչ կերան, նոր զգեստներ քիչ գնեցին, բայց իրենց եկեղեցիները կանգուն պահեցին:

Դպրոցները ո՛չ միայն բաց պահեցին, այլեւ պահպանեցին անոնց ուսման բարձր մակարդակը: Դպրոցը տաքուկ անկիւն մնաց մեր աշակերտներուն համար, ո՛չ միայն որպէս գիտութեան դարբնոց, այլ նաեւ ֆիզիքական իմաստով, մեր դպրոցները ի գին ամէն զոհողութեան յաջողեցան վառելանիւթ ճարել եւ մեր դպրոցները տաք պահել:

-Պռաւօ՛ հայերուն,- կ’ըսէին արաբ ուսուցիչները, պետական դպրոցները տաքութիւն ինչ ըսել է չեն գիտեր…

Հալէպը ունի հինգ երկրորդական, երկու միջնակարգ, մէկ միացեալ նախակրթարան վարժարաններ: Ո՞ր գաղութը ունի այսքան գործող դպրոց:

Մեր դպրոցները նիւթապէս կ’ապահովուին իրենց հովանաւոր կուսակցութիւններու, եկեղեցւոյ, կամ բարեսիրական միութիւններու կողմէ, բոլորդ գիտէք.- Ո՛չ մէկ հայ աշակերտ դպրոցէն դուրս կը մնայ նիւթական պատճառով: Աւելցնեմ.- Մեր դպրոցական դասարանները օրինակելի են եւ ամէն մէկ բաժին ունի 15-20, ամենաշատը 25 աշակերտ: Այս պարագան նիւթական մեծ ծախս չի՞ պահանջեր:

Հալէպահայութեան երեք համայնքները ունին 13 եկեղեցի, ուր պատարագ կը մատուցուի եւ պաշտամունք կը կատարուի եւ ուրկէ մեր աղօթքն ու բողոքը կը բարձրանան երկինք: Եկեղեցիները դպրոց կը հովանաւորեն, բարեգործութիւն կ’ընեն, Հայ աւետարանականները արդիական դարմանատուն ունին, գործնական դասընթացքներ կը կազմակերպեն: Վերջերս հարիւրաւոր երիտասարդ կիներ եւ տղամարդիկ վկայուեցան որպէս զանազան արհեստներու տէրեր: Համայնքապետ Դոկտոր վերապատուելին կը հաւաստիացնէ, որ անոնցմէ 95 արժանիներուն բաւարար դրամ պիտի տրամադրուի՝ սկիզբ դնելու սեփական գործի մը, այսինքն մարդոց ձուկ տալով մուրացկանութեան վարժեցնելու, ձկնորսութիւն կը սորվեցնեն եւ ուռկանն ալ անհատոյց կը տրամադրեն: Խոհեմ, իմաստուն եւ օգտաշատ քայլ մը որ շատոնց ըրած պէտք է ըլլայինք, անշուշտ եթէ կ’ուզենք գաղութը պահել՝ արժանավայել կերպով պահել:

Հալէպի մէջ, ունինք բարեսիրական երկու հսկայ կազմակերպութիւններ՝ Հ.Բ.Ը. Միութիւնն ու Սուրիոյ Օգնութեան Խաչը, որոնք կը գործեն կրթական, առողջապահական, մարդասիրական բոլոր բնագաւառներու մէջ, ասոնց կողքին կայ նաեւ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը, որուն վերջերս միացաւ նաեւ Գարակէօզեան հիմնարկը:

Տակաւին կան նաեւ Հայրենակցական միութիւնները, որոնցմէ մեծ մասը մօտաւորապէս դար մը օգտաշատ գործունէութենէ ետք դադրեցուց իր գործունէութիւնը տեղը զիջելով մեր միւս միութիւններուն, սակայն տակաւին կայ իր գործունեայ Մարաշի Հայրենակցական Միութիւնը իր մշակութային «Գերմանիկ-Վասպուրական»ով:

Կան մեր երեք աւանդական կուսակցութիւնները, մշակութային միութիւնները:

Ունինք «Գանձասար» շաբաթաթերթը, «Հայեացք» պարբերաթերթը, տպարաններ, հրատարակչատուներ, ունինք գրողներ. Անցեալ շաբաթ կայացած «Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու փառատօն»ին մասնակցած 34 բանաստեղծներու կէսէն աւելին հալէպահայեր կամ նախկին հալէպահայեր չէի՞ն: Ունինք նաեւ 25 տարեկան Հայագիտական հիմնարկը, ուկէ կը վկայուին հայերէնի ուսուցիչներ, որոնցմէ շատերը այսօր զանազան գաղութներու մէջ մայրենի լեզու եւ գրականութիւն կը սորվեցնեն մեր մանուկներուն:

Պէտք է հպարտութեամբ արձանագրենք, որ Հալէպահայ գաղութը հակառակ իր նօսրացած թուաքանակին կենդանի է եւ կենսունակ:

Պէտք է ցաւով արձանագրենք, որ Հալէպահայ գաղութը կորսուելու վտանգի մէջ է, որովհետեւ անոր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերը՝ ընտանիքները, անհատները նիւթապէս շատ ծանր վիճակի մէջ կ’ապրին.

-Համատարած անգործութիւն է, ծայրայեղ սղութիւն,- Ասիկա բողոք չէ, ասիկա անդիմանալի իրականութիւն է:

Հալէպահայերը ունին ընկերային անլուծելի հարցեր, ինչպիսին է օրինակ գաղթի պատճառաւ յառաջացած իգական սեռի եւ արական սեռի թիւերուն միջեւ հսկայ տարբերութիւնը, պարագայ մը, որուն ո՛չ մէկը կ’ուզէ անդրադառնալ կամ քննարկել զայդ:

Պէ՞տք է մնայ հալէպահայ գաղութը: Հալէպահայութեան շատ կարեւոր դէմքերէն մէկուն խօսքը լաւ կը յիշեմ:

-Մենք տագնապներու սպասելու եւ խուճապի մատնուելու փոխարէն կամաց-կամաց, ծրագրուած, պէտք է գաղթէինք, երթայինք Հայաստան, այլ վայրերու մէջ միշտ ալ ամէն գէշ բան կրնայ պատահիլ: Ճի՛շդ է, Հայաստանի մէջ ալ կրնայ վտանգուիլ մեր ապահովութիւնը, բայց հոն մեր հայրենիքն է. մեր հայրենիքին համար կը կռուինք, կը զոհուինք, կ’ապրինք, կը ստեղագործենք… ուրիշ ելք չունինք…

Ո՞վ պիտի որոշէ գաղութի մը մնալը կամ չմնալը, ի՞նչ պատճառնելու վրայ յենելով: Ո՞վ պիտի արժեւորէ գաղութի մը պահպանման անհրաժեշտութեան չափը:

Դո՛ւք ըսէք, մենք՝ պարզ, սովորական հայերս իրաւունք չունի՞նք մեր պատասխանատուներուն այս հարցումները ուղղելու:

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան 26 Մարտ 2022

Մեկնաբանել