Հարցազրոյց Ջաւախքի Եւ Ջաւախահայութեան Մասին` Անցեալէն Մինչեւ Այսօր

Azdagdaily.com

«ՋԱՀ»-ը հարցազրոյց մը կատարեց Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի անդամ Արթուր Գաբրիէլեանի հետ` տեղեկանալու համար ջաւախահայութեան ներկայ իրավիճակին մասին ընդհանրապէս եւ անոնց հայօրէն գոյատեւման խիստ դժուար պայքարին ու յաղթանակին մասին յատկապէս:

– Ներկայացուցէ՛ք Ջաւախքը եւ ջաւախահայութիւնը ամփոփ պատմական ակնարկի ընդմէջէն` հասնելով մինչեւ այսօր:

– Շատ կանուխ ժամանակաշրջանէ, իբրեւ հայութեան բնօրրան կը յիշատակուի Ջաւախքը, ուր միշտ ապրած եւ արարած են հայերը, սակայն տարբեր ժամանակներու ընթացքին Ջաւախքը անցած է պարսկական, թաթար-մոնկոլական, ռուսական, թրքական եւ այլ բռնագրաւողներու ձեռքը: Բնակչութիւնը միշտ առաւելապէս եղած են հայեր: Դէպի Ջաւախք հայերու մեծ ներգաղթ եղած է 1830-ական թուականներուն, երբ Արեւմտեան Հայաստանէն, մասնաւորապէս Էրզրումէն, մեծ թիւով հայեր վերաբնակեցուած են Ջաւախքի մէջ: Փաստօրէն, այսօր Ջաւախքի բնակչութեան մօտաւորապէս 95 առ հարիւրը կը կազմեն հայեր:

– Մանրամասնօրէն խօսեցէ՛ք մշակութային կեանքին եւ յատկապէս կրթական համակարգին մասին` անդրադառնալով հայկական դպրոցներուն թիւին, աշակերտութեան պատկերին, հայոց լեզուի ու պատմութեան դասաւանդման եւ իմացութեան: Կա՞ն դժուարութիւններ այս ուղղութեամբ: Ի՞նչ լուծումներ կ՛առաջարկէք:

– Նախ պիտի նշեմ, որ Ջաւախքի մէջ չկան դպրոցներ, որոնք կը կոչուին հայկական, կան 130-է աւելի հանրային դպրոցներ, որոնց մէջ կ՛ուսանին հայ երեխաներ, բնականաբար այնպէս, ինչպէս Վրաստանի մէջ գտնուող բոլոր դպրոցները: Աշակերտներուն թիւը ամէն տարի կը նուազի, իսկ պատճառը կը հանդիսանայ մեծ թափ ստացող արտագաղթը` Ջաւախքէն դէպի Ռուսիա: Կայ նաեւ վրացական եւ ռուսական դպրոցներ յաճախող երեխաներու թիւի բարձրացում: Դպրոցներու մէջ չի դասաւանդուիր հայոց պատմութիւն, իսկ հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը կը դասաւանդուին, հակառակ որոշակի կրճատումներու: Մշակութային կեանքը արձանագրած է որոշակի աշխուժութիւն, կը գործեն պարի, երգի խումբեր, ինչպէս նաեւ` աշուղական դպրոցը, որ մշակութային կեանքին մեծ թափ կու տայ: Ջաւախքի մէջ գործող երեք կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնները, որոնք աշխատանք կը տանին Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբին եւ ՀՕՄ-ին աջակցութեան շնորհիւ, Ախալցխայի, Ախալքալաքի եւ Նինոծմինդայի մէջ են: Այս կեդրոններուն մէջ կան նաեւ պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններ: Բնականաբար կան դժուարութիւններ` ըլլան անոնք նիւթական թէ այլ բնոյթի… Իսկ լուծումները, զորս պիտի առաջարկեմ, կը կարծեմ դժուար է այդ մասին խօսիլ, որովհետեւ շատ նուրբ ու զգուշողական են եւ ունին մեծ քննարկման կարիք:

– Պատմեցէ՛ք միութենական թէ կազմակերպական կեանքի պատկերին մասին: Ջաւախքի հայութիւնը ունի՞ դիւրութիւններ իր ինքնութիւնը պահելու:

– Այո՛, ինքնութիւնը պահելու հարցը կայ ու միշտ ալ եղած է, ուսանողներու թիւի կտրուկ կրճատումին պատճառները հոսքն է դէպի Հայաստան, շրջանաւարտները նաեւ կը նախընտրեն ուսանիլ Վրաստանի մէջ, այս մէկը թերեւս ինչ-որ տեղ արդարացուած ըլլայ այն իմաստով, որ կայ լեզուի հարց, եւ Հայաստանի մէջ աւարտած մասնագէտը չի կրնար աշխատանքի տեղաւորուիլ լեզուի չիմացութեան պատճառով: Ես արդէն նշեցի, որ երիտասարդական կեդրոններուն մէջ կը գործեն պատանեկան ու երիտասարդական միութիւններ, ինչպէս նաեւ կան գործող այլ կազմակերպութիւններ, որոնք հայեցի ինքնութեան պահպանման աշխատանքներ կը կատարեն, օրինակ` ՀՕՄ-ը եւ այլն:

– Ջաւախքի մէջ հայերէնով օրաթերթ, շաբաթաթերթ, պարբերաթերթ կը հրատարակուի՞ եւ կամ լսատեսողական, ձայնասփիւռային որեւէ հաղորդում կա՞յ:

– Ջաւախքի մէջ կային «Ակունք» թերթը եւ «a-info» լրատուական կայքը, որոնք հանրութեան կը ներկայանային Ջաւախքի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի ջանքերով եւ միջոցներով, սակայն ներկայիս երկուքն ալ չեն գործեր: Կան պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններ, որոնք կը հեռարձակուին հայերէնով` Ախալքալաքի, Ախալցխայի, Նինոծմինդայի մէջ:

– Ջաւախահայութիւնը ունի իրեն յատուկ բարբառը եւ աւանդութիւնները. նոր սերունդը արժանի ժառանգո՞րդն է այդ հարստութեան, թէ՞ կ՛ազդուի համաշխարհայնացումի ճառագայթէն:

– Հայոց լեզուն հարուստ է իր բազմազան բարբառներուն շնորհիւ, եւ բնականաբար Ջաւախքի մէջ ապրող հայերը ունին տարբեր բարբառներ` մեծ մասամբ իրարմէ քիչ մը տարբերութեամբ: Աւանդութիւնները կը պահպանուին, սակայն անկում ապրելով, այսինքն` նոր սերունդը չի փորձեր զայն պահպանել: Նկատելի է նաեւ դէպի համաշխարհայնացում տանող ճանապարհը, որ, կը կարծեմ, նկատելի է ո՛չ միայն Ջաւախքի մէջ, այլ նաեւ ամէնուրեք:

– Վերջերս տարածաշրջանին մէջ կան բաւական փոփոխութիւններ` Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Թուրքիա փոխյարաբերութիւնը: Այս իրավիճակը ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ձգած է եւ կամ կրնայ ձգել ջաւախահայութեան վրայ:

– Այո՛, տարածաշրջանին մէջ նկատելի են մեծ փոփոխութիւններ, որոնք չեն կրնար չազդել ջաւախահայութեան վրայ: Անոնք նկատելի են ինչպէս տնտեսական, բնականաբար նոյնքան ալ քաղաքական դաշտին մէջ:

– Հայաստանի իշխանութիւնը ջաւախահայութեան հարցերու հետապնդում կը կատարէ՞:

– Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին երեք նախագահներու օրերուն փորձած են կարելի եղած չափով օգնել Ջաւախքին, իսկ այդ օժանդակութիւնը իրականացուցած են դպրոցներուն գիրքեր, գոյքեր մատակարարելով, ինչպէս նաեւ որոշ դպրոցներու վերանորոգութիւն կատարելով, անշուշտ միշտ համաձայնաբար Վրաստանի իշխանութիւններուն հետ: Նշեմ, որ նաեւ եղած են տնտեսական եւ այլ բնոյթի օգնութիւններ, սակայն այդ կապը խզուած է 2018-ին, իշխանափոխութենէն ետք` առ այսօր, եւ ոչինչ կատարուած է այս ուղղութեամբ:

– Սփիւռքահայ միութիւններ կամ հայրենի կառոյցներ աշխատանք կը տանի՞ն Ջաւախքի մէջ:

– Այո՛, կան միութիւններ եւ կառոյցներ, որոնք նկատելի աշխատանքներ կը կատարեն Ջաւախքի մէջ: Կայ Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու յանձնախումբը, որ մեր երեք կեդրոններուն հովանաւորն է, ՋԱՀ, Արեւելեան Ամերիկայի հայ երիտասարդներու ջանքերով ամէն տարի երիտասարդներ կու գան Ջաւախք եւ երիտասարդական կեդրոնններու մէջ կը կազմակերպեն «Բակային Ջաւախք» ճամբարը: Հաղորդեմ, որ այս ճամբարին ծիրին մէջ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու կարելիութիւն կ՛ունենան 500-600 երեխաներ, որոնք հետագային փափաք կը յայտնեն միանալու պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններուն:

– Ջաւախահայութիւնը ի՞նչ ակնկալութիւններ ունի սփիւռքահայութենէն թէ հայրենի ժողովուրդէն ընդհանրապէս:

– Հայրենիքէն եւ սփիւռքէն ակնկալութիւններ միշտ եղած են: Կը կարծեմ այս պահուն, այնպիսի վիճակի մէջ կը գտնուի Հայաստան, որ անկէ բան մը ակնկալելը չափազանցութիւն կ՛ըլլայ: Մինչ կարելի է սփիւռքի ջանքերով խորացնել մշակութային կեանքը, որ կը նպաստէ աւանդութիւններու պահպանման, նաեւ աւելցնել կրթական, մշակութային, երիտասարդական կեդրոններու նիւթական օժանդակութիւնը, որ կրնայ նպաստել մշակութային մեծ ձեռքբերումներու, իսկ հզօրացնելով կեդրոնները` կը հզօրանան Պատանեկան միութիւնները եւ Երիտասարդական միութիւնը, ինչպէս նաեւ կարելի է միջոցներ ներդրել մարզական ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մէջ, որոնց պատճառով կարելի կ՛ըլլայ կեդրոն յաճախող երեխաներու թիւի բարձրացում ապահովել: Ակնկալիքը զուտ մշակութային է, որ էապէս կը նպաստէ հայապահպանութեան:

Նինոծմինդայի ՀՕՄ–ի Երիտասարդական Կեդրոնին Մէջ
Միջոցառում` «Գորգագործութեան Մշակոյթը Ապրում Է» Խորագրով

Հայ մշակութային համակարգին մէջ կարեւոր եւ առանձնակի տեղ կը գրաւէ գորգագործութիւնը: Նոյնիսկ խումբ մը գիտնականներ կը յայտնեն, թէ գորգագործութիւնը ստեղծուած է հայկական լեռնաշխարհին մէջ:

Հայկական գորգի կարեւոր առանձնայատկութիւնը զարդանախշերն են, իսկ անոնցմէ ամէնէն անուանիներէն է` յաւերժութեան անիւը, որ հայկական գորգերուն վրայ շատ գործածուած է: Անիւը կազմուած է ութ կոր թեւերէ եւ իր ձեւով շատ կը նմանի արեւին: Այդ թեւերը կը խորհրդանշեն հեթանոսական շրջանի հայկական ութ աստուածները` Արան, Անահիտը, Վահագնը, Աստղիկը, Միհրը, Նանէն, Տիրը եւ Վանատուրը:

Գորգագործութեան լաւագոյն աւանդութիւնները պահպանուած են նաեւ այսօր: Փաստօրէն գորգագործութեան չորս խմբակ կը գործէ` 2014-ին բացուած Նինոծմինդայի ՀՕՄ-ի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ուր գորգարուեստը սորվելու նպատակով աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ կը յաճախեն մեծ սիրով եւ պատրաստակամութեամբ:

Մարտ 27-ին տեղի ունեցաւ գորգագործութեան խմբակի սաներուն մասնակցութեամբ միջոցառում մը, որ կը կրէր «Գորգագործութեան մշակոյթը ապրում է» խորագիրը: Խմբակի երեխաները ներկայացուցին գորգի եւ գորգագործութեան պատմութիւնը, ցոյց տուին, թէ ինչպէս կը գործեն այն, եւ թէ ինչքան խորհրդաւորութիւն կը պարունակէ իր մէջ:

Միջոցառման աւարտին արտասանուեցան խօսքեր, որոնք գնահատեցին այս նախաձեռնութեան մտայղացման եւ կեդրոնի հայապահպան գործունէութեան յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը:

Մեկնաբանել