Ծաղկազարդը, հալէպահայերը եւ … այլն

Ծաղկազարդին Երեւանաբնակ նախկին հալէպահայերէն շատ շատեր ընտանիքներով, իրենց մանուկները գրկած եկեղեցի գացին:

Վերի նախադասութեան մէջ սխալ արտայայտութիւն մը ունեցայ, պէտք է ըսէի Երեւանաբնակ հալէպահայեր՝ առանց «նախկին»ի, որովհետեւ հալէպահայերը երբեք նախկինի չեն վերածուիր, անոնք ուր ալ երթան կը մնան կապուած իրենց ծննդավայրին, հոգեպէս եւ մտովին, կը պահեն իրենց սովորութիւններն ու աւանդութիւնները, աւելին՝ այլ վայրերու մէջ ապրելով, կը շարունակեն ապրիլ նաեւ Հալէպով, ուր ձգած են իրենց հարազատներէն շատեր..

-Այսօր Ծաղկազարդ է, այս ժամուն ամբողջ հալէպահայութիւնը եկեղեցի գացած կ’ըլլայ,- կը լսես, Լոս Անճելըսի մէջ, Ամսթերտամի, Սիտնիի, Օթաուայի եւ երեւանի մէջ:

Երեւանի Հալէպահայերը կը զարմանան, որ հոս Ծաղկազարդին ի՞նչ ըլլալը չեն գիտեր: Իրապէս ալ, Երեւանի մէջ շատ քիչերուն համար Ծաղկազարդը տօն է. հո՛ս, Հայաստանեայց եկեղեցին կը տօնէ Ծաղկազարդը, Հալէպի մէջ, եկեղեցիէն աւելի ժողովուրդը կ’իմաստաւորէ այս տօնը. Մարդիկ, այդ օր, մեկդի կը դնեն տնտեսական ծանր տագնապի պատճառով ունեցած իրենց հոգեկան ճնշուածութիւնը, իրենց նիւթական մտահոգութիւնները. կը մոռնան, որ ելեկտրականութիւն չկայ, կը մոռնան, որ ելեկտրական շարժիչներու տէրերուն մէկ ամփէրի դիմաց շաբաթական 15 հազար կը վճարեն, կը մոռնան, որ միս գնելու դրամ չունին, կը մոռացութեան կու տան այն, որ ընդհանրապէս ծախսելու դրամ չունին եւ անպայման նոր զգեստ մը գնեն իրենց երախաներուն համար, բարեբախտաբար ասոր կ’օգնէ այն, որ բարեսիրական կազմակերպութիւններու յատկացուցած օգնութիւնները տօնական օրերուն կը մեծնան: Եկեղեցին, համայնքային, միութենական, բարեսիրական ու ոչ բարեսիրական բոլոր կազմակերպութիւնները նիւթական յատկացումներ կ’ընեն բոլորին՝ ծերերուն, այրիներուն, երիտասարդ ընտանիքներուն՝ բոլորին, բոլորին եւ… եւ այս բոլորը տօնական այդ դրամները կը ծախսեն տօնական այս օրերուն. կը մասնակցին միութենական ճաշկերոյթնրուն, խրախճանքներուն պարահանդէսներուն… Կը յիշէ՞ք, հին լաւ օրերուն, մանաւանդ Ծաղկազարդին, անպայման տունէն դուրս, ճաշարաններու մէջ կը ճաշէին, շատեր քաղաքէն դուրս կ’ելլէին. եթէ Հալէպէն 50, 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան ճաշարան մը երթայիք, դուք ձեզ Հալէպի հայկական ակումբի մը մէջ պիտի կարծէիք: Կը յիշէք, չէ՞ հալէպահայեր… ի՜նչ երանելի օրեր էին…

Այսօր ալ ճաշկերոյթները շատ են: Հարցուցէք դուրսը գտնուող հալէպահայերուն եւ պիտի տեղեկանաք, որ իրեց հարազատները ինչպէս Ծաղկազարդին, մաքուր ու կոկիկ հագուած եկեղեցի գացած են, պատարագէն ետք եկեղեցւոյ խորանին առջեւ, կամ գաւիթին մէջ ընտանիքով նկարուած են՝ յաճախ հոն կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի մը առջեւ: Յետոյ, չեն շտապած հեռանալ, քով քովի եկած են եւ զրուցած անցեալի լաւ օրերու մասին, այդ օրուան ծրագիրներուն մասին եւ… հաւատացէ՛ք, այս օրերու իրենց դիմագրաւած ոչ մէկ դժուարութեան մասին:

Հապա կարօտը՞…

Հալէպահայերը անշուշտ կը կարօտնան իրենցմէ հեռու գտնուող հարազտները:

-Աւստրալիայէն աղջիկս հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ շատ լաւ են, բայց մեր կարօտին չեն դիմանար…

-Փարիզէն տղաս հեռաձայնեց, ըսաւ որ Ամսթերտամ եղբօր քով պիտի անցընեն զատիկը, երանի դուք ալ հոս ըլլայիք, ըսաւ:

-Մերինները հինգ տարիէ Սիտնի կ’ապրին, դեռ խելքերնին-միտքերնին Հալէպ է:

-Բոլորին խելքը-միտքը Հալէպ է:

Եթէ Հալէպ մնացած հալէպահայերը իրենց հարազատները կը կարօտնան, ապա այդ քաղաքէն հեռացածները կը կարօտնան նաեւ Հալէպը, կը յիշեն հին տօնական օրերը եւ հետեւցնելով.

-Հիմա Հալէպ ասանկ կ’ընեն, անանկ կ’ընեն,- կը լսես ամէն տեղ:

Նման խօսակցութիւն պիտի լսէիք, եթէ ծաղկազարդին Երեւանի մէջ եկեղեցի մը գացած ըլլայիք:

Հոս, ինչպէս հաւանաբար Հալէպէն դուրս այլ վայրեր, Հալէպի մասին խօսելէն ետք, զրոյցի նիւթերը պիտի ընդարձակուին, իրար որպիսութիւն պիտի հարցնեն, իրար աւելի յաճախ հանդիպելու անհրաժեշտութեան, բայց ատոր անկարելի ըլլալուն մասին պիտի խօսին.

-Զաւակներդ ո՞ւր հասան:

-Աղջիկս համալսարան պիտի աւարտէ, ծրագրաւորումի մասին լսած կ’ըլլաս, ատիկա կ’ուսանի, տղաս 18 տարեկան եղաւ, կ’աշխատի, լաւ է գործը:

-Տասնո՞ւթ տարեկան, հո՛ս, ընտանիքին միակ տղայ զաւակն է- չկայ: անպայման զինուոր պիտի դառնայ:

-Զիս այդքան ալ յիմար չկարծես, քաղաքացի չեմ դարձուցած զինք, 10 տարուան կեցութիւն ձեւակերպած եմ: 27 տարին վերջացնելէն ետք քաղաքացի թող ըլլայ՝ զինուորութենէ կ’ազատի:

Այսպիսի խօսակցութիւն լսելով թող մէկուն միտքէն չանցնի, թէ բոլոր հալէպահայերը այս մարդուն կը նմանին: Քիչ չէ թիւը Հայաստանի բանակին մէջ ծառայող հալէպահայերուն: Կը ճանչնամ մէկը, որուն զաւակը նահատակուած է քառասունչորս օրեայ պատերազմին, անոր դիակը ամիսներ ետք գտուած է: Ճի՛շդ է, անոր հայրը երբեմն կը զղջայ, որ քաջալերած է զաւակը ուսումը կիսատ ձգել եւ զինուորագրուիլ, սակայն իր էութեան մէջ տիրող զգացումը հայրենիքին համար նահատակուած որդիի հայր ըլլալու հպարտութեան զգայացումն է:

Հալէպահայերը իրենց հայրենասիրութիւնը փաստելու պէտք չունին: Իմ գիտցածովս հինգ հալէպահայ երիտասարդներ կը հանգչին Եռաբլուրի իրենց հազարաւոր ազգակիցներուն քով: Հպարտ հալէպահայերը Հայ առաքեալականներու գերեզմանատան մէջ յուշարձան կանգնեցուցին իրենց հերոս նահատակ որդիներուն համար:

-Եթէ հո՛ս՝ հայրենիքին համար չնահատակուէր, դուրսը զոհուէր, այդ ատեն չէի դիմանար,-հալէպահայ որդեկորոյս հայրն է ըսողը:

Ծաղկազարդը կ’անցնի, Զատիկն ալ կ’անցնի դեռ դուրսի հալէպահայերը կը շարունակեն այդ մասին խօսիլ:

-Տեսա՞ր, ի’նչ ուրախ անցեր է մերիններուն ճաշկերոյթը:

-Մերինները ուրիշ են, շատ ալ նուիրատուութիւն եղած է:

-Մերիններուն տողանցքը տեսա՞ր:

-Քանի մը ամիս առաջ ալ մերինները տողանցք մը ըրած էին: Ամբողջ Հալէպը խօսած էր այդ մասին:

Հալէպահայերուն քով միշտ կայ «մերինները-ցերինները» արտայայտութիւնը, միշտ կայ «դաշնակ-հնչակ-ռամկավար»., միշտ կայ «առաքելական-կաթոլիկ-աւետարանական»ը, կայ «մարաշցի-անթէպցի-քիլիսցի»ն եւ գիտէ՞ք, զարմանալի պիտի չըլլայ, եթէ օր մը գաղութին պատմութիւնը ուսումնասիրող մը արձանագրէ, թէ այս բաժան-բաժան ըլլալը մեծապէս նպաստած է մեր հայապահպանումին:

Դուրսը շատ կը խօսուի Հալէպի ճաշկերոյթ խրախճանքներուն մասին, մինչդեռ նոյն այս օրերուն, գիտէ՞ք ինչ իրողութիւններու ալ ունկնդիր կ’ըլլանք, օրինակ. Նոր Սերունդ Մշակոթային Միութիւնը երեք համայնքապետերու եւ բոլոր միութիւններու ղեկավարներու ներկայութեամբ կը տօնէ իր հիմնադրութեան 65 ամեակը: «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական դպրոցը իր շրջանաւարտներուն աւարտական վկայականներ կը բաշխէ, «Սարեան Ակադեմիա»ն աշակերտական ցուցահանդէս կը կազմակերպէ, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը յատուկ հանդիսութեամբ կը պատուէ իր վեթերանները, 60 ամեակ կը տօնէ «Ադամեան» թատերախումբը, հրատարակելով նաեւ իր պատմութեան նուիրուած լայնածաւալ յուշամատեան մը, «Զուարթնոց» երգչախումբը համերգ կու տայ, «Շող» պարարուեստի դպրոցը կը պատրաստուի իր տարեկան համոյթին, դեռ քանի մը ամիս առաջ չէ՞ր, որ Հալէպի մէջ լոյս տեսան հալէպահայ Լ.Շառոյեանի «Դեգերումներ Հայ Գիրի եւ Պատմութեան Գետեզրին» եւ ուղղագրական կանոններու, բառագիտութեան եւ կետադրութեան մասին գիրքերը. համայն աշխարհի մէջ քանի արեւմտահայ լեզուագէտ ունինք, որոնցմէ լաւագոյններէն մէկն ալ երեւանաբնակ սակայն քեսապցի-հալէպցի Յակոբ Չոլաքեանը չէ՞: Հալէպի մէջ չե՞ն ստեղծագործեր նկարիչ Զաւէն Պարտագճեանն ու քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեանը Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը կազմակերպէ միջ-դպրոցական արտասանութեան աւանդութիւն դարձած տարեկան մրցումը: Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկէն շրջանաւարտ մը «Զաւարեան» մշակութային կեդրոնին մէջ իր թեզը կը պաշտպանէ, որ նուիրուած է նոյն հիմնարկի 1996-2006 թուականներու պատմութեան:

Պատմութիւն: Այո՛, Հալէպի մէջ ամէն ինչի հիմք կը դրուի երկար ատեն ապրելու եւ գաղութը ապրեցնելու համար, շարունակուող պատմութիւն դառնալու համար:

Գոնէ մինչեւ այսօր այդպէս չէ՞ եղած:

Այո՛, գոնէ մինչեւ այսօր:

Վաղուայ մասին բոլորս պէտք է մտածենք՝ հայաստանցիներն ալ:

Մանուէլ Քէշիշեան

Երեւան, 12 Ապրիլ 2022

Մեկնաբանել