Հայ քաղաքական միտքը զարգացած է գրեթէ բացառաբար իրաւունքներ բանաձեւելու ուղղութեամբ․ Արա Սանճեան

Ամբողջ եօթանասուն տարի՝ ազգային պետութիւն չունենալու եւ հետեւաբար՝ օրը օրին կարեւոր որոշումներ, այսինքն՝ ընտրութիւն կատարելու հարկադրանքին տակ չըլլալով, հայ քաղաքական միտքը զարգացած է գրեթէ բացառաբար իրաւունքներ բանաձեւելու ուղղութեամբ։

Այդ իրաւունքները ինչպէ՛ս իրականացնելու դիւանագիտական, այսինքն՝ քաղաքական առեւտուրի հմտութիւն ձեռք բերելու ուրեմն նաեւ այդ մասին խոր մտածելու ու քննարկումներ կատարելու առիթ համարեա չէ եղած։Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, հայութեան համար «արտաքին» քաղաքականութիւն մշակելը շատ քիչ անգամ յառաջ անցած է թերթերու մէջ խմբագրականներ գրելէն կամ կուսակցական հաւաքներու ժամանակ ճառեր արտասանելէն։

Ճիշդ է, որ տասնամեակներ երկարող այդ աշխատանքը կերտած է հայկական ինքնութիւն մը, բայց այդ ինքնութեան մէջ ձեւակերպուած պահանջները ինչպէ՛ս միջազգային իրողութիւններուն համապատասխանեցնելը, զանոնք իրագործելու գործիքներ փնտռելն ու կիրարկելը շատ քիչ դեր ունեցած են։Միջազգային քաղաքական հարթակներու վրայ կարեւոր դերակատարները շատ քիչ անգամ հաշուի առած են հայկական գործօնը, իսկ եթէ երբեմն առած են, վերջինս միշտ կցորդ կամ լուսանցքային եղած է նշեալ դերակատարներուն համար։

Սփիւռքահայ ղեկավարները ընդհանրապէս իրենց հիւրընկալ պետութիւններու ղեկավարներուն դիմած են պահանջներով կամ խնդրանքներով։ Վերջիններս ալ՝ իրենց հայազգի քաղաքացիները հիւրընկալած են ժպիտով կամ կեղծ քաղաքավարութեամբ։ Եթէ հայկական «արտաքին» քաղաքական որեւէ պահանջի անդրադարձած են անոնք, անիկա պարզապէս երրորդ կողմի մը՝ իրենց ոչ-հայ մրցակիցներուն դէմ, կէտ արձանագրելու համար եղած է, ինչպէս օրինակ՝ ցեղասպանութեան ճանաչումներու շարքին բազմաթիւ օղակներ։

Շատ տարբեր չէր վիճակը Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Վերջինս արտաքին քաղաքականութիւն չունէր (այս անգամ՝ առանց չակերտներու) եւ իր բնակչութիւնը՝ խորհրդային չափանիշերով տեղական համարուող իր պահանջները մէկ-մէկ կարենալ բարձրացնելով, պարզապէս աւելորդ գործիք մը կը տրամադրէր Քրեմլինի մէջ նստած միութենական ղեկավարութեան, որ՝ ի պահանջել հարկին, այդ գործիքը օգտագործէ իր աշխարհաքաղաքական հաշուարկներուն մէջ։ Այստեղ եւս Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը քիչ հմտութիւններու կարիք ունէր բացի իր ցանկութիւնները Քրեմլինի մէջ օգտագործուող ձեւակերպումներուն համապատասխանեցնելէն։ Իսկ եթէ Քրեմլինը այդ պահանջներուն բարձրացումը այդ հանգրուանին աննպատակայարմար գտնէր, գործի կը լծէր իր պատժիչ մեքենան այդ պահանջները թէկուզ ժամանակաւորապէս խլացնելու համար։Անկախ պետութիւն ունենալը պերճանք է, որ ի վերուստ չի տրուիր։ Շատ ազգութիւններ զրկուած են այդ պերճանքէն, ինչպէս հայերն էին մինչեւ 1991։

Բայց անկախ պետութեան գոյատեւումը պայմանաւորուած է նաեւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ օժտուած, քաղաքական ու դիւանագիտական ճշգրիտ հաշուարկներ կատարելու ունակ վերնախաւի մը առկայութեամբ։ Երբ կամայ թէ ակամայ միջազգային քաղաքական առեւտուրին մասնակից ես, իրաւունքի բնաբանին տակ մեծ, գեղեցիկ ու հաճելի թուացող պահանջներ ձեւակերպելը համարեա անիմաստ է, չըսելու համար՝ վտանգաւոր, եթէ չունիս այդ ցանկութիւններդ նուազագոյն վտանգներով, ամբողջական կամ մասնակի իրականացնելու համոզիչ տեսլական եւ գործիքակազմ։Եթէ մինչեւ 1991 երկարող տասնամեակներուն մշակուած գաղափարախօսութիւնն ու գործելակերպը շատ աւելի հանգստացնող էին քան ներկան, կը վախնամ թէ միակ ընտրանքը մինչեւ 1991 թուականի իրավիճակը վերադառնալն է։

Առանց միջազգային քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած ազգային պետութեան, խօսքով ազգային իտէալներ ձեւակերպելը հեշտ է․․․

Մեկնաբանել