Հայաշխարհ․ իրար լսելու ժամանակը

Քառասունչորսեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի մէջ Սփիւռքի մասին արդէն քիչ կը խօսէին, հիմա, Վարչապետին «նշաձողի իջեցման» մասին յայտարարութենէն ետք, կարծէք թէ Սփիւռքը ամբողջովին մոռացութեան տրուած է. եթէ չհաշուենք վարչապետին հանդիպումը «Ի գործ» ծրագրի մասնակիցներուն հետ, այս շրջանին, գոնէ ես, Սփիւռքի անուան որեւէ առիթով չեմ հանդիպած:

Չեմ գիտեր, չյայտարարուող հանդիպումներ տեղի կ’ունենա՞ն Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատուներուն եւ Սփիւռքահայ ներկայացուցիչներու միջեւ, թէ՞ ոչ, բայց իմ համոզումս այն է, որ հիմա, երբ կը գտնուինք մեր երկրին եւ ազգին համար անչափ էական խնդիրներու առջեւ, Սփիւռքը պէտք է նկատի առնուի այնքա՛ն, որքան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրողը. Սփիւռքն ալ, որպէս հայ ազգի կարեւոր մաս, իրաւունք ունի առնուելիք որոշումներուն մէջ իր կարծիքը յայտնելու, Սփիւռքն ալ պատասխանատու պէտք է ըլլայ այդ որոշումներէն յառաջ եկած իրավիճակներուն համար:

Եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները բարեհաճին Սփիւռքը մասնակից դարձնել համայն հայութեան հայրենիքի ներքին եւ արտաքին խնդիրներուն, որո՞ւ հետ պէտք է խօսին, որո՞նց հետ իրենց ցաւերն ու ուրախութիւնները անկեղծօրէն կիսուին:

Մենք, ազգի մը բազմաբնոյթ մասնիկներն ենք: Հայրենի ժողովուրդն ու իշխանութիւնը Սփիւռքը լաւ չեն ճանչնար, Սփիւռքահայերն ալ զիրար եւ Հայաստանը լաւ չեն ճանչնար: Նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ամերիկահայը որքան կը տարբերի Եւրոպայի կամ Աւստարիոյ հայէն, սուրիահայէն, լիբանանահայէն, Լատին Ամերիկայի հայէն, պոլսահայէն, նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հայէն: Այո՛, ժամանակի ընթացքին աշխարհագրութիւնը խայտաբղէտ զանազանութիւն մտցուցած է Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջ եկած Սփիւռքի մէջ, այլազանութիւն մտցուցած է նաեւ Հայաստանէն վերջին տասնամեակներու արտագաղթը: Նոյն մտածելակերպը չունին դասական Սփիւռքահայն ու Հայաստանէն ինքնակամ հեռացած հայը, որ կը թուի, թէ աւելի մօտէն կը հետաքրքրուի ներկայ Հայաստանի անցուդարձով, իրեն համար էականը Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախն են, մինչ դասականներուն համար ներկայ Հայաստանին չափ ու աւելի սրտամօտ է Արեւմտահայաստանը, թէեւ պէտք է ընդունինք, որ սփիւռքահայութեան մեծամասնութեան եթէ հարցնելու ըլլանք Արեւմտահայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու մասին, շատ տարտամ պատասխաններ պիտի ստանանք. մի՛ զարմանաք եթէ նկատէք, թէ մեծ թիւով սփիւռքահայեր երեք-չորս արեւմտահայ գրողի անուն իսկ չեն գիտեր…

Մեր առջեւ ցցուած կը մնայ վերոյիշեալ հարցումը.-Հայրենիք-Սփիւռք երկխօսութեան պարագային, որո՞ւն հետ պիտի նստի հայրենի ներկայացուցիչը:

-Բոլորին հետ:

Սփիւռքը ունի հինէն՝ խորհրդային տարիներէն եկած եւ անկախութեան օրերուն երբեմն գլուխ բարձրացնող զգայնութիւններ՝ ըստ որուն Հայաստանի իշխանութիւնները նոյն վերաբերմունքը չունին Սփիւռքեան բոլոր կողմերուն հանդէպ: Սփիւռքը արդէն մասնատուած է, հոն կան համայնքներ, կան իրար հանդէպ սէր չտածող կուսակցութիւններ, Հայաստանամէտներ (իշխանութեան) եւ ո՛չ Հայաստանամէտներ, աւելի պէտք չէ մասնատել Սփիւռքը, որուն իրար կապողը Արեւմտահայաստանի կորուստին չափ ներկայ Հայաստանն է, այո՛, այո՛, հաւատացէ՛ք, ճի՛շդ է, որ այսօրուայ գանատահայը որոշ ժամանակ մը սերտօրէն կապուած պիտի մնայ իր ծննդավայր Հալէպին կամ Պէյրութին, բայց ազգին հետ հիմնական կապը պիտի մնայ Հայաստանը, որ բոլորինս է:

Բոլորի՛ն հետ պիտի խօսի Հայաստանը, ամբողջ Սփիւռքին հետ, ինչպէս որ ըրաւ քանի մը տարի առաջ Հալէպ այցելած Սփիւռքի նախարարը երբ սիրալիր կերպով խօսեցաւ բոլորին հետ, ականջ դրաւ բոլոր կողմերու ըսածներուն: եւ ինչպէս որ… չըրաւ վերջերս Եւրոպա այցելած Հայաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Այսպիսի մտորումները կ’ունենամ այս շաբթուան ընթացքին «Ազատութեան հրապարակ» գտնուած ժամերուս: Այստեղ նստացոյցի եւ հացադուլի դիմած հայեր կան, որոնց լսողներուն թիւը մեծ չէ: Խնդիրը ասոնց հետ կողմ կամ դէմ ըլլալուն մէջ չի կայանար:

Հոն, Ազատութեան հրապարակին վրայ, հանրածանօթ դէմք մը կ’ըսէր.- Արցախէն նոր վերադարձայ, ճամբան, հանդիպածս բոլոր գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, որուն հետ որ խօսեցայ, մօտը անտարբերութիւն նկատեցի…

Եթէ Հայաստանի մէջ մեր գերխնդիրներուն հանդէպ անտարբերութիւն կայ, նոյնը կրնայ ըլլալ նաեւ Սփիւռքի մէջ: Ասոր պատճառը կրնայ հաւատքի կորուստը ըլլալ, որ անյուսութեան կը տանի, այս իրողութիւնը կու գայ պարտութենէ, պարտութեան պատճառած անփոխարինելի կորուստներէ, բայց նաեւ այդ պարտութեան պատճառաւ իրար պարսաւելէ, միմիայն պարսաւելէ՝ այպանելէ, որ արդիւնք է նախապաշարումի հասնող իրար հանդէպ ծայրայեղ բացասական կարծիք ունենալէ: Եթէ Հայաստանի մէջ իրար հետ լեզու չենք գտներ, զիրար չենք հասկնար, նոյնիսկ զիրար լսել չենք ուզեր, ապա ինչպէ՞ս կլոր սեղանի շուրջ պիտի նստինք սփիւռքահայերուն հետ, որոնք թուով մեր ազգի եօթ տասներորդը կը կազմեն…

Առնուազն մէկս միւսին ըսածին ականջ պէտք է դնենք, առնուազն փորձենք զիրար հասկնալ: Ինչպէ՞ս: Արդեօք անհրաժեշտաբար ժամանակը չէ՞, համահայկական պատասխանատու մարմնի մը յառաջացման, թերեւս ալ ատկէ առաջ, համասփիւռքեան ներկայացուցչական մարմնի մը ստեղծման հրամայականին:

Հայաշխարհը արդէն սկսած է նշել Ապրիլ 24-ը: Սուրիոյ պարագային այս տարի յատկանշականը այն էր, որ Հինգշաբթի 21 Ապրիլին, տասնամեակի մը բացակայութենէն ետք, սուրիահայ ներկայացուցիչներ ուխտի գացին Տէր Զօրի Նահատակաց յուշահամալիրին, որ թրքամէտ ծայրայեղական իսլամիստներու կողմէ քարուքանդ եղած է 2014 թուականին: Ուխտաւորներուն առցանց իր պատգամը տուաւ Արամ Վեհափառ: Վաղը, շաբաթ օր, հալէպահայերը իրենց միութիւններուն մէջ մեր նահատակներուն նուիրուած հսկումներ պիտի կատարեն, որոնք յագեցած պիտի ըլլան գեղարուեստական ճոխ յայտագրերով եւ բանխաօսութիւններով, երեք համայնքները միասնաբար եկեղեցական արարողութեամբ պիտի յարգեն յիշատակը մեր սրբացած նահատակներուն, մեր կուսակցութիւններն ու բոլոր կազմակերպութիւնները հաւաքաբար պիտի նշեն այս սրբազան թուականը: Ամէնուրեք ոգեշնչող ճարեր պիտի արտասանուին եւ, վստահաբար, Արցախի անունը շատ աւելի պիտի հնչէ քան Արեւմտահայաստանինը, քառասունչորս օրեայ պատերազմի նահատակները նոյնքան պիտի վեհանան, որքան Ապրիլեան զոհերը: Ոմանք պիտի հայհոյեն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, ուրիշներ դրական եւ ըմբոռնողական կեցուածք պիտի ցուցաբերեն հայրենի կառավարութեան հանդէպ եւ … եւ ի՞նչ… այսքանը…

Այո՛, ժամանակն է, հրամայականօրէն ժամանակն է իրար լսելու, իրար հետ գլուխ-գլխի նստելու եւ միասնաբար մտածելու ու գործելու:

Մանուէլ Քէշիշեան

Մեկնաբանել