Նորոգուած տաճարը պատրաստ է վերաբացման

Տիյարպե­քիրի պատ­մա­կան Սուրբ Կի­րակոս Եկե­ղեցին կը պատ­րաստո­ւի դռնբա­ցէքի եւ օծու­մի արա­րողու­թիւննե­րով պաշ­տա­մունքի վե­րաբա­ցուե­լու։ Տխուր է Ամի­տայի պատ­մա­կան այս եկե­ղեց­ւոյ պատ­մութիւ­նը, քա­նի որ ան եր­կար տա­րիներ լքեալ վի­ճակի մէջ խո­նար­հած եւ ապա մեծ ջան­քե­րով վե­րակեն­դա­նացած էր։ Եկե­ղեց­ւոյ վե­րաբա­ցու­մին հետ բազ­մա­թիւ ծպտեալ հա­յեր հա­մար­ձա­կու­թիւն գտած էին իրենց բուն ինքնու­թիւնը հրա­պարա­կելու եւ եկե­ղեց­ւոյ ծու­խը դար­ձած։ Ափ­սոս որ կար­ճա­տեւ եղաւ այդ ու­րախ տրա­մադ­րութիւ­նը եւ Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում Կու­սակցու­թիւնը 2015-ի, 7 Յու­նի­սի ընտրու­թիւննե­րուն մեծ նա­հանջ մը ապ­րե­լէ ետք փո­խեց իր վա­րած հաշ­տեցման քա­ղաքա­կանու­թիւնը եւ պա­տերազմ հրահ­րեց երկրի հա­րաւ Արե­ւելեան նա­հանգնե­րուն մէջ։

Եկե­ղեցին յայտնո­ւեցաւ բա­խումնե­րու կի­զակէ­տին եւ ծան­րօ­րէն վնա­սուե­ցաւ։ Այ­սօր Սուրբ Կի­րակոսի Թա­ղակա­նու­թիւնը կ՚աւե­տէ թէ աւար­տած նո­րոգու­թեան աշ­խա­տու­թիւննե­րէ ետք պատ­րաստ են վե­րաբաց­ման եւ ան­համբեր կը սպա­սեն ուխտա­ւոր­նե­րու զան­գո­ւածա­յին ներ­կա­յու­թիւնը, այս նշա­նակա­լից մի­ջոցառ­ման ըն­դա­ռաջ։

Agos

Մեկնաբանել