Հայրենիք, Սփիւռք … եւ կողմեր

Ես այս ժողովուրդէն մէկն եմ:

Առանձինս ոչինչ կրնամ ընել: Ամէն մէկս ալ կարծես թէ ոչինչ կրնանք ընել:

Ի՞նչ կ’ուզեմ ընել:

Կ’ուզեմ ընտանիքիս համար բարիք մը ընել, այսինքն կ’ուզեմ ա՛յն, ինչ կ’ուզեն բոլորը իրենց ընտանիքներուն համար:

Քաջ կը գիտակցիմ, որ ինչ ալ ընեմ, ընտանիքս իմ երկրիս մէջ չի կրնար առանձինն լաւ ապրիլ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հայրենիքիս միւս բոլոր ընտանիքները. Մենք բոլորս շաղկապուած ենք իրարու, մէկուս լաւը անքակտելիօրէն կապուած է բոլորի լաւին հետ, մեր բոլորիս մեծ ընտանիքին՝ ազգին շահին հետ:

Կ’ուզեմ հայրենիքիս եւ ազգիս համար լաւ բան մը ընել, ծառայել կ’ուզեմ անոնց:

-Ինչի՞ պէտք ունի հայրենիքս, ազգս ինձմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ:

-Նուիրում:

Նուիրում բառը հասկնալի է, բայց ինչպէս նուիրուիլը ընտրութիւն կ’ենթադրէ:

Ես պարզ մարդ մըն եմ, կրնամ մոլորիլ, կրնամ սխալիլ ընտրութեանս մէջ, մանաւանդ որ քառասունչորս օրեայ պատերազմէն ետք ինքզինքս կորսնցուցած եմ, ինքզինքս չեմ գտներ, ինչպէս որ ինքզինք չի գտներ մեր ազգի ոեւէ զաւակ՝ ո՛չ հոս եւ ո՛չ ալ սփիւռքի մէջ:

Ինքզինքս կորսնցնելու պատճառը, ինչպէս որ ըսած եմ ասկէ առաջ, պարտութիւնը չէ, ազգերը, երկար ապրող ազգերը իրենց պատմութեան մէջ յաճախ կրնան պարտուիլ, բայց կրնան վերակազմաւորուիլ, վերականգնիլ եւ յաղթելու համար պայքարիլ, շարունակե՛լ պայքարիլ, արդէն ազգի մը պատմութիւնը շարունակական պայքար չէ՞, գոյութեան յարատե՛ւ պայքար:

Մենք պատերազմէն ետք շատ բան կորսնցուցինք, շատ բան մեզի համար կորսնցուց իր արժէքը:

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ չփնտռեցինք մեր պարտութեան առարկայական եւ ենթակայական պատճառները, ընդհակառակը, կամայականօրէն մէկս միւսին մէջ գտանք մեր բոլոր դժբախտութիւններուն աղբիւրը:

Թերեւս պարտութիւններու պարագային յաճախ այդպէս կ’ըլլայ: Պէտք չէ յուսահատինք:

Պէտք չէ յուսահատինք, բայց պէտք է քիչ մը մեր ատելութեան եւ անոր արտայայտութիւն հայհոյանքներուն նշաձողը իջեցնենք: Զիրար մեղադրելու մէջ շատ վարպետ դարձած ենք, քիչ մը հանդուրժող դառնալնիս աւելի լաւ պիտի չըլլա՞յ: Պէտք է կողմերը փոխանակ մէկը միւսը արհամարհելու եւ հրապարակաւ անարգելու, ընդունին, որ իրենք միակը չեն ամբողջ ժողովուրդը ներկայացնող, պէտք է միւս կողմին ալ ըսածներուն ականջ տանք եւ մտածենք անոր ըսածին մասին: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ սփիւռքին: Ոեւէ մէկը իրաւունք չունի ամբողջ սփիւռքի անունով խօսելու, նոյնիսկ եթէ հազարաւոր կամ տասնեակ հազարաւոր նամակ ստացած ըլլայ ի նպաստ այս կամ այն կողմին, ուրիշ մըն ալ միւս կողմին համար նոյնքան զօրակցող նամակներ կրնայ ստանալ:

Մէկ խօսքով, սփիւռքը Հայաստանէն անջատ մաս մի՛ սեպէք, սփիւռքհայերը ընդունեցէ՛ք, որպէս հայրենիքի կողմերուն մասնիկներ:

Այսօր իրականութիւնը այն է, որ հայերը բաժնուած են կողմերու, մէկը միւսէն շատ կամ նուազ հետեւորդներով: Իրատեսութիւնը կը պահանջէ մեզմէ սփիւռքահայերն ալ ընդունիլ որպէս այս կողմերուն մասնիկներ . Ճիշդ պիտի չըլլայ սփիւռքը առանձնացնել հայաստանցիներէն եւ արցախցիներէն, որովհետեւ ասիկա իրականութիւնն է, իրաւունք չունինք սփիւռքը միադէմ ներկայացնելով, հայրենի այս կամ այն կողմին թշնամանքը ծագեցնել անոր հանդէպ եւ քանիցս յառաջացած եւ խորացած վիհը չփակուած, կրկին խորացնել:

Մայիս մէկի հաւաքին կային հայրենաբնակ սփիւռքահայեր, բայց անոնք ամբողջ սփիւռքը չէին ներկայացներ. Շատ են երեւանցի սփիւռքահայերուն մէջ ըսողները:

-Մենք դեռ չշարժեցանք, մենք մեր վարչապետին կողքին ենք, անգամ մը որ քալելու սկսինք, այս ընդդիմադիր կոչուածներուն վրայէն կ’անցնինք…

Քիչ չէ թիւը սփիւռքահայերուն, որոնք անմիջապէս կը պատասխանեն.

-Իրա՞ւ կ’ըսես… դուն ալ, քու վարչապետիդ պէս տգէտ ես, դաւաճան, պատմութիւն չգիտցող…

Սփիւռքահայերն ալ զիրար իրար անարգելու մէջ վարպետ են, ճիշդ հայաստանցի հայուն նման: Անառարկելի է նաեւ այն, որ սփիւռքահայերն ալ, ճիշդ հայրենաբնակներուն նման, մտահոգ են Հայաստանի ապագայով,

«Առանց Նիկոլ Հայաստան» ըսողներու գլխուն շատ շուտով ամենատարբեր հայհոյանքներ կը թափին, իսկ եթէ ըսողը սփիւռքահայ է, անոր հասցէին տեղացող հայհոյանքներուն կողքին կ’ըսուի.

-Քալիֆորնիայէն (կամ Պէյրութէն եւայլն) մեզի հայրենասիրութիւն մի՛ սորվեցներ: Եթէ հայրենասէր էիր, գայիր եւ կռուէիր, հայրենիքդ պաշտպանէիր…

Սփիւռքահայը հայրենասիրութիւն չի սորվեցներ, ընդհակառակը ան յաճախ ան հայրենասիրութեան իր դասերը կ’առնէ հայաստանցիէն, որոնք սակայն իրաւո՞ւնք ունին ըսելու. -Գայիր եւ դուն կռուէիր:

Ո՛չ: Ես գիտեմ, որ սփիւռքահայեր եկան եւ պաշտպանեցին իրենց հայրենիըը, անոնցմէ նահատակուողներ ալ եղան: Վստահ եմ, սփիւռքէն շատ շատեր կու գան երբ յարկը այդպէս պահանջէ:

Հայաստանի մէջ կա՞յ մէկը, մէ՛կ հոգի, որ կ’ուզէ Արցախը Ատրպէյճանին տալ:

-Չեմ հաւատար:

Բայց կան շատեր, որ այսօր այլ ելք չեն տեսներ արցախցիին ֆիզիքական գոյութիւնը ապահովող: Կան նաեւ շատ շատեր, որոնք հաստատապէս համոզուած են, որ Ատրպէյճանի կազմին մէջ գտնուիլը ինքնին կը նշանակէ հայկականութեան ոչնչացում:

Ո՞րն է իրատեսութիւնը:

Այս հարցումին պատասխան փնտռելու միջոցին ուրիշ հարցում մը կը ցցուի մտքիս մէջ.

Բայց եթէ Ազրպէյճանը իրապէ՞ս կրնայ դիմել պատերազմի:

Իրաւունք ունին անոնք, որոնք կ’ըսեն, թէ խաղաղութեան միակ միջոցը մեր բանակը զօրացնելն է, շրջանի ամէնէն զօրաւորը դարձնելը: Բայց եթէ թշնամին այսօ՛ր սկսի պատերազմը, մենք պատրա՞ստ ենք դիմագրաւելու վտանգը, թէ՞ դարձեալ պիտի պարտուինք եւ դարեձեալ պիտի մեղադրենք զիրար, ըսելով.

-Դուն չկռուեցար, դուն փախուստ տուիր…

Կամ.

-Եթէ գիտէիր, որ այսպէս պիտի վերջանայ, ինչո՞ւ չըսիր:

Սիրելի կողմեր, կողմերու յարգելի ղեկավարներ, մեր մանտաթներու տէր առաջնորդներ՝ իշխանութիւն ունեցող կամ ընդդիմադիր, քով քովի եկէ՛ք, դժբախտութիւններէն ետք պատասխանատու փնտռելը այդ դժբախտութեան կործանածը չի վերականգներ:

Բոլո՛րդ ալ կ’ըսէք, ժողովուրդն ալ գիտէ, որ շատ վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը մէջ կ’ապրինք, այդ վտանգները ինչպէ՞ս դիմագրաւելու ճանապարհները ո՞վ պիտի գտնէ, ո՞վ պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը այդ ճանապարհի երկայնքով:

Ձեր այս ընթացքով ինչպէ՞ս պիտի հաւատայ ժողովուրդը ձեզի:

Հալէպը սփիւռքին մանրակերտն է, կային (այսօր ալ կան) զիրար չսիրող, զիրար ատող կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, տարբեր դաւանանքներու տէր մարդիկ, իրար նախանձողներ, իրար տակ բորողներ… բայց Սուրիական տագնապի օրերուն այս բոլորը կրցան քով-քովի գալ եւ միասնաբար գործել յանուն ամբողջ գաղութին:

Եթէ հոն՝ դուրսը կրցան իրար հետ լեզու գտնել, հո՛ս, պետականութիւն ունեցող հայրենիքին մէջ, պետական մտածողութեան տէր մարդկանց առկայութեան ինչո՞ւ պիտի չկրնան:

Մեկնաբանել