Հալէպի օդակայանի ճամբան բաց է, բայց անապահով

Ֆէյսպուքի հայկական էջերը կը տեղեկացնեն, որ Հալէպի օդակայանի ճամբան բաց է, սակայն ոչ շատ ապահով: Հալէպ-Երեւան թռիչքը երէկ իրականացաւ: Ինչպէս նաեւ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարուող թռիչքները կը շարունակուին օրական դրութեամբ:

Հալէպի մօտակայ Անատան աւանը, որ Թուրքիոյ սահմանէն վաթսուն քիլոմեթր հեռու կը գտնուի, անցած է զինեալ ընդդիմադիրներուն ձեռքը: Ըստ կարգ մը մասնագէտներու այդ կրնայ նաեւ նրբանցք հանդիսանալ ընդդիմադիրներուն համար՝ Հալէպէն դուրս քաշուելու պարագային:

Իսկ Հալէպ-Իտլիպ ճանապարհին վրայ Սուրիական Կարմիր Մահիկ մարդասիրական կազմակերպութեան նախագահ Ապտիւլ Րազաք Ճպեյրօն սպաննուած է: Ինչպէս նաեւ Դամասկոսի օդակայանի ճամբուն վրայ սպաննուած է քաղաքացիական օդաչու մը:

Մեկնաբանել