560,000 Տոլար Հանգանակուեցաւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Հայաստանի Ծրագիրներուն Համար

Ձախէն աջ՝ Փիթըր Բաղդասարեան (հիմնարկութեան փոխատենապետ), Էլ Քապրալոֆ Շիրաքճեան ընտանիք եւ Մելըտի Պետրոսեան

Հերի եւ Շիրին Շիրիքճեաններու բնակարանին մէջ, 15 Մայիսին տեղի ունեցած դրամահաւաքի ձեռնարկի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ 560,000 տոլար հանգանակուած է Հայ Կրթական հիմնարկութեան կողմէ, Հայատանի մէջ իրականացուղ ծրագիրներուն համար։

Առաւել քան 140 անդամներ, համակիրներ եւ հովանաւորներ ներկայ էին ընթրիքին, որուն բացումը կատարեց Հայ Կրթական հիմնարկութեան ատենապետ Էլ Քապրալոֆ՝ տեղեկութիւններ տալով հիմնարկութեան գործունէութեան մասին եւ նշելով, որ 2021ին կարելի եղած է 8 դպրոցներ նորոգել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եւ առաւել քան 1000 կրթանպաստներ տրամադրել Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի համալսարանական ուսանղոներու։

Հիմնարկութեան կրթանպաստներու յանձնախումբի ատենապետ Վահիկ Պետրոսեան շեշտեց Հայաստանի ուսանողներուն կրթանպաստներով նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը եւ յայտարարեց, թէ Հայ վիրաւոր հերոսներու հիմնադրամը 100,000 տոլար յատկացուցած է 2020ի պատերազմին վիրաւորուած եւ վերթերան զինուորներուն կրթանպաստներ տրամադրելու նպատակին, իսկ տեղւոյն վրայ 15 նոր նուիրատուներ խոստացան Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 50 համալսարանական ուսնողներու քառամեայ կրթական ծախսերը հոգալ։

Հիմնարկութիւնը նաեւ յայտարարեց, թէ Ռաֆիք եւ Հելի Խաչատուրեանները եւս 100,000 տոլար նուիրած են, իսկ Բաբգէն եւ Յասմիկ Ամիրեանները՝ 50,000 տոլար։

Հիմնարկութեան դրամահաւաքի յանձնախումբի ատենապետ Մելըտի Պետրոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, որոնք իրենց աջակցութեամբ կը նպաստեն կրթական ծրագիրներուն, Հայաստանի երիտասարդութեան լաւ ապագայ մը շնորհելով։

Նշենք, որ Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթանպաստներ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի տարածքին: Միայն 2000էն ի վեր, հիմնարկութիւնը իրականացուցած է ծրագիրներ՝ 11.4 միլիոն տոլարի, որուն 5.2 միլիոն տոլարը տրամադրուած է Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի առաւել քան 200 գիւղական դպրոցներու նորոգութեան եւ 4.3 միլիոն տոլարը՝ կրթանպաստներու։

Հիմնարկութեսն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը:

Մեկնաբանել